Perio Newsfb – 23 յուլիսին՝ առաւօտեան ժամը 7:30-ի Հալէպէն Պէյրութ ուղղուող «Զէյթունի Թուրզ» ընկերութեան հանրակառքը, կէսօրուան ժամը 2:00-ի մօտերը, Հալէպէն շուրջ կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Խանասեր շրջանին մէջ յարձակումի ենթարկուեցաւ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ:
Տեղի ունեցած յարձակումի ընթացքին օգտագործուած են ծանր տեսակի զէնքեր: Զինեալ խմբաւորումներու յարձակումէն անմիջապէս ետք սուրիական զօրքը դէպքի վայրը հասնելով մէկ կողմէ հակադարձած է զինեալներուն, միւս կողմէ բոլոր ճամբորդները հանրակառքի պատուհաններէն դուրս հանելով ազատած է, ապա ապահով ձեւով հասցուցած Հալէպի Րազի եւ Ալթունեան-Գարապաճաքեան եւ Սելեմիէյի հիւանդանոցները:
Հանրակառքին մէջ գտնուող 17 հայերէն 1-ը ծանր վիրաւոր է, 3-ը քիչ մը աւելի թեթեւ, որ արդէն անմիջական բուժումները կատարուած եւ հիւանդանոցի մէջ կը հանգստանան, մէկը մահացած՝ Թամար Ֆարֆարեան-Սրուրեան: Իսկ մնացեալը, որ շատ թեթեւակի վնասուածքներ ունէին բուժուած են եւ իրենց բնակարաններն են:
Նշենք, որ Հալէպի Շտապ Օգնութեան Մարմինի անդամները եւ ակումբներու պատասխանատու տղաքը անմիջապէս Րազի եւ Ալթունեան-Գարապաճաքեան հիւանդանոցները հասնելով պէտք եղած օժանդակութիւնը կը ցուցաբերէն: