aztagdaily.com – Միշտ ալ այսպէս եղած է յար:
Ժողովուրդին ռամիկ, աղքատ
Դասակարգը հերոսաբար
Կը վճարէ մուրհակն արեան
Ազգին հայոց թանկ փրկութեան:
Դուն կը փրկես` ճիշդ է տոլար
Քեզ շալկողին խնդումերես,
Հայրենիքին նոյնիսկ դռներն
Լայն կը բանաս դուն դաւադիր:
Նահատակներ մի՛ խռովիք:
Աղէտը ձեր երբ վերջանայ,
Պիտի առնէք դուք անպայման
Օրհնութիւնը կրօնական
Դասակարգին քաղաքական,
Որոնք շուտով պիտի դառնան
Ու գրաւեն տեղերն դատարկ
Համայնքին մէջ մեր պատուաբեր
Սպասելով ծափերուն ձեր:
ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
21-4-2013
Լիբանան