asbarez.com – Սուրիահայութենէն եւ յատկապէս հայութեան սիրտը նկատուող Հալէպէն մղոններ հեռու՝ Մեսեչուսեցի Պելմոնթ շրջանին մէջ կազմակերպուած էր յատուկ ձեռնարկ մը, որուն նպատակն էր դրամահաւաքով մը օժանդակել Սուրիոյ ՀՄԸՄին, որպէսզի անիկա կարենայ իր մասնակցութիւնը բերել համաՀՄԸՄական իններորդ խաղերուն:

Հաւաքը տեղի ունեցաւ շրջանի ՀՄԸՄական անդամներէն Պետիկ Տէր Վարդանեանի բնակարանէն ներս: Ան սիրայօժար ստանձնած էր սոյն հաւաքին կազմակերպութիւնը, որուն ընդառաջած էին բազմաթիւ ՀՄԸՄականներ:

Հաւաքին ներկայ էր նաեւ շրջանի ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Հրաչ Մեսրոպեան: Ան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ ներկաները պատրաստակամութիւն յայտնած են իրենց օժանդակութիւնը բերելու այս գաղափարին:

Նշենք, թէ այս առթիւ կարելի եղաւ հաւաքել վեց հազար տոլար, որ փոխանցուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան, իր կարգին տրամադրելու համար Սուրիոյ ՀՄԸՄի պատասխանատուներուն:

Նշենք նաեւ, թէ այս առթիւ Պետիկ եւ Արեւ Տէր Վարդանեաններու դուստրը՝ Մեղրին, այս առթիւ իր 16րդ տարեդարձի ստացած նուէր գումարն ալ տրամադրած էր այս դրամահաւաքին:

18/07/2013