Բերիո լուրերPerio Newsfb – Անց­եալ Ապ­րիլ ամս­ուան ըն­թաց­քին, Ալ­պընիի (Նիւ Եորք) Հ.Մ.Ը.Մ.-ը կազ­մա­կեր­պեց ձեռ­նարկ մը, որուն ըն­թաց­քին կա­րե­լի եղաւ հա­ւա­քել $8,888 գու­մար մը: Այս սրտա­բուխ նուի­րա­տու­ութիւն­նե­րը տրա­մադր­ուե­ցան Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օժան­դա­կու­թեան ֆոն­տին:

Լիզա Պարտաքճեան օրուան հաւաքին ընթացքին, կը ներկայացնէ զեկուցում մը, Սուրիոյ ներկայ իրավիճակին մասին:
Այս առ­թիւ կազ­մա­կերպ­ուած էր հիւ­րա­սի­րու­թիւն – ընթ­րիք եւ յա­տուկ յայ­տա­գիր մը, որուն ըն­թաց­քին լսա­տե­սո­ղա­կան ար­դի մի­ջոցնե­րով յա­ւել­եալ եւ ման­րա­մասն զե­կու­ցում­ներ տրուած էր ներ­կայ իրա­վի­ճա­կին մա­սին:

Ալ­պընիի Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օժան­դա­կու­թեան ֆոն­տը կը բաղ­կա­նայ հե­տեւ­եալ ան­դամ­նե­րէ` տոքթ. Լե­ւոն Էլէյճ­եան, Արա Մահ­սե­րէճ­եան (շրջա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պետ), Լե­նա Կիւ­լե­սէր­եան-Հոկ­լընտ, Իզա­պել Քիւ­պիք­եան, Արա Աշճ­եան, Ռի­թա Կիւ­լե­սէր­եան, Պե­թի Մի­նաս­եան եւ Լի­զա Պար­տաքճ­եան:

Գա­ղու­թէն ներս ստեղծ­ուած էր այն մթնո­լոր­տը, որ մղոն­ներ հե­ռու Հա­լէ­պէն, կա­րե­լի եղած էր հա­ւաք­ուիլ այս շօ­շա­փե­լի գու­մա­րը հա­ւա­քել: