facebook.com – Շատ սիրելի Երեւանաբնակ Հալէպի ՍՊԵՆԴԻԱՐԵԱՆականներ եւ արհասարակ այս պահին Երեւան գտնուող Սուրիահայ երգիչ-երաժիշտներ…
2013-ի Սեպտեմբերի վերջին եւ Հոկտեմբերի սկզբին, սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի կազմակերպէ ԿՈՄԻՏԱՍին նուիրուած համահայկական երգի փառատոն անհատ մեներգիչներու եւ երգչախումբերու համար:
Քաջ գիտակցելով որ այս տարի ցաւոք անհանր է Սուրիացիներու Հայաստան գալ եւ մասնակցիլը այսպիսի մեծ փառատոնին, եւ քանի որ շատ ցանկալի է Սուրիոյ ներկայութիւնը որպէս հիմնական գաղթօճախ, եւ յատկապէս Հալէպը որպէս մայր գաղութ, ինծի առաջարկուեցաւ Սուրիացիներէ բաղկացած երգչախումբ մը կազմել եւ Սուրիոյ անունով մասնակցիլ այս փառատոնին …
կը հրաուիրեմ բոլորիդ որպէսզի ներկայացնենք մեր սիրելի Հալէպը-Սուրիան թեկուզ մեր հարազատներու բացակայութեամբ, եւ երբ իրենք կը մարտնջին եւ կը դիմանան Հալէպի մէջ տեղի ունեցող արհաւիրքներուն եւ դժուարութիւնններուն, գոնէ մենք ալ իրենց թոյլտուութեամբ եւ օրհնութեամբ, Սուրիահայութեան պատիվը բարձր պահելով ներկայացնենք մեր սիրելի երկիրը…
կը խնդրեմ որ փափագողները արձականքեն որպէսզի սկսիմ կազմակերպչական հարցերը լուծել նախարարութեան հետ: