asbarez.com – Վարդան Պօղոսեան Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքէն է, Արցախի Քաշաթաղ տեղափոխուած է 2012ի Սեպտեմբերին եւ վերջերս նշանակուած է Քաշաթաղի շրջանի վարչութեան կազմի ղեկավարի օգնական՝ սուրիահայերու գծով:

Artsakhnews.am սուրիահայերու հարցով զրուցած է Վարդան Պօղոսեանի հետ.

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Արդեօ՞ք հասցուցած էք յարմարիլ այստեղ, ի՞նչ խնդիրներ ունիք:

ՎԱՐԴԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Խնդիրներ ամէն տեղ կան: Գլխաւորը տան հարցն է, որ կամաց-կամաց կը լուծուի. տարբեր ծրագիրներու միջոցով կը փորձեն սուրիահայերը տուներով ապահովել Բերձորի մէջ: Չեմ մտածեր, որ մեր խնդիրները իւրայատուկ խնդիրներ են: Ընդհանրապէս աշխատավարձը ցած է, շատ ցած է, բայց չեմ կարծեր, որ անիկա միայն սուրիահայերու խնդիրն է, ընդհանուր խնդիր է: Տարբերութիւնը միայն այն է, որ մենք ամէն ինչ զերոյէն սկսած ենք եւ ցած աշխատավարձով քիչ մը դժուար է:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Իսկ Սուրիոյ մէջ բարեկամներ մնացա՞ծ են:

ՎԱՐԴԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Այո, հայրս, մայրս, եղբայրներս: Մէկ եղբայրս զինուոր է հիմա եւ կը ծառայէ սուրիական բանակին: Ան արդէն մէկ ու կէս տարի է կը ծառայէ, բայց դեռ այդքան ալ ունի ծառայելու: Միւս եղբայրս ամուսնացած է եւ Դամասկոս կ՛ապրի:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Եւ ի՞նչ կը պատմեն:

ՎԱՐԴԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Լաւ չէ իրավիճակը, ընդհանրապէս լաւ չէ:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Դէպի լաւ որեւէ փոփոխութիւն չկա՞յ:

ՎԱՐԴԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Ճիշդը ես քաղաքական հարցերով չեմ հետաքրքրուիր, ամէն ինչ Ռուսաստանի ու Ամերիկայի ձեռքերուն է եւ փոփոխութիւնները անոնցմէ կախուած են:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Իսկ քու հարազատներդ ցանկութիւն ունի՞ն լքելու Սուրիան ու տեղափոխուիլ Երեւան կամ Արցախ:

ՎԱՐԴԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Դեռ եղբայրս պէտք է աւարտէ ծառայութիւնը, մինչեւ չաւարտէ, չեն լքէր: Եթէ աւարտէ, կը մտածեն արդէն Արցախ կամ այլ երկիր տեղափոխուելու մասին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հնարաւորութիւն կա՞յ այնտեղ ունեցուածքը նորմալ գիներով վաճառելու:

ՎԱՐԴԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Չէ, պէտք է ամբողջը ձգեն ու լքեն, որովհետեւ սուրիական դրամը հիմա շատ աժանցած է: Հիմա վաճառելը անիմաստ է:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Բերձորի մէջ աշխատանքէն բացի ժամանցի ուրիշ ձեւեր ունի՞ք:

ՎԱՐԴԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Չէ, ես միայն գործերով կը հասցնեմ զբաղիլ: Հիմա արհեստանոց կը սարքենք քանատահայ բարերարի մը հովանաւորութեամբ: Երեք յարկանի շէնք վերցուցած ենք, առաջին յարկը արհեստանոց պիտի ըլլայ, ես կը հետեւիմ այդ գործերու ընթացքին:

12/07/2013