Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Վերջերս Հալէպի «կիներու թերթ»-երու մէջ դարձող լուրը.

– Հարցը պիտի վերջանայ մինչեւ տարեգլուխ…

Ոմանք նոյնիսկ ճշգրիտ թուական կը նշեն.

– Ըսած են` «Մինչեւ ձեր զատիկը…»:

– Այսինքն` յունուար վե՞ց…

– Չէ՜, չէ՛, տեղացիներուն զատիկը` դեկտեմբեր 25:

– Ուրկէ՞ գիտցար:

– Իսլամ ընկերուհիս ըսաւ, անոնք գիտեն, իրենց մէջ կը խօսին…

Այսինքն, մեծ մարդասիրութեամբ. քրիստոնեաներու Ս. Ծնունդը պիտի յարգուի… Աւելի՛ լաւ. եթէ մեր Ս. Ծնունդին ըլլար, տասներկու-տասներեք օր աւելի պիտի սպասէինք… Միշտ առաւելութիւնը իրենց կը տրուի, բայց այս անգամ ընդունելի է…

Շատեր խիստ հաւաստի աղբիւրներէ, բարձրաստիճան զինուորականներէ անձամբ ականջալուր եղած են, ուրիշներ կը վստահեցնեն` «միւսները» ըսած են, թէ իրենց ախըտը («Ասոր հայերէնը ի՞նչ էր. հա՛, պայմանագրութիւնը») այդ թուականին կը վերջանայ ու այդ օրէն մէկ փամփուշտ պիտի չարձակուի, բայց` «Մինչ այդ տոկացէք», ապսպրած են «անոնք»: Բաւականին ալ մարդասէր են եղեր տղաքը. երանի՜ իրենց երթալու ժամն ալ ըսէին, աւելի դիւրին կ’ըլլար տոկալը…

Այլեւս ջլատուող ջիղերու երազա՞նք է այս, որ կը ծաւալի քաղաքին վրայ ու յուսալու թել մը կը պահէ դեռ, թէ՞ յանկարծ արեան հոտը ծովերէն անցեր ու տեղ հասեր է:

Մինչ այդ քաղաքը անդադար կը ցնցուի հրթիռներու, արկերու ու հրանօթներու զարկերէն…

***

– Լսեցի՞ք, հայ մը եւս փախցուցեր են:

– Հարո՞ւստ է:

– Չէ՛, հիմա այլեւս չեն նայիր ունեւոր-չունեւոր…

– Հը՜մմ, հարցը ուրիշ բանի կը դառնայ…

Կը խօսին, մինչ անդին, հեռատեսիլի հայկական կայանէ մը «լուրեր» կու տան` նորածին կատուիկ մը Աբրահամ Լինքըլնի արձանի մէջ մնացեր է երեք օր, ապա գտեր են, մեծ հոգատարութեամբ հաներ, բժշկական քննութենէ անցուցեր, կերակրեր են ծծակով. «Որքա՜ն յուզիչ տեսարան է, չէ՞…»: Քիչ մնաց ես ալ խանդաղակաթ յուզում ապրէի այս գերկարեւոր լուրին համար, բայց պայմաններս թոյլ չէին տար. ի վերջոյ քովս կը խօսէին առեւանգուած (ու անպայման ծեծուող, լլկուող, խոշտանգուող մարդու, հայու մասին):

Խնդրե՛մ, յանկարծ չկարծէք, թէ անասուններու թշնամի եմ կամ ալ հայկական կայաններէն միայն մեր (անհամար) ցաւերու մասին խօսիլը կ’ակնկալեմ: Քա՛ւ լիցի: Պարզապէս կը խորհիմ, թէ աւելի լաւ չէ՞ ամերիկացի կատու ծնիլ, քան` սուրիացի մանուկ… երբ այդչափ, լալու չափ մարդասէր… ներողութի՛ւն` կատուասէր են ամերիկացիները… ու մեր հայրենակիցներն ալ անոնցմէ օրինակ կ’առնեն:

Ուրեմն խիստ սխալած է սուրիահայ բարեկամս, երբ Հայաստանէն գրած է ինծի` «Կեանքը հոս դաժան է, նաեւ` մարդիկ…»:

***

Հայաստանի բարձր պաշտօնեաներէն մէկը կարծիք յայտնած է` «Սիրիահայերը սովոր են բարձր աշխատավարձի»: Լա՛ւ որ չէ ալ ըսած` «Շա՜տ շփացած էք, հա՜»: Նաեւ նկատած է, թէ 150 տոլարը միանգամայն պատշաճ աշխատավարձ է: Համարձակի՞նք խորհիլ` քննել, բաղդատել…

Հետեւութիւն` սուրիահայեր, որոնք, փամփուշտներէ ու ռումբերէ հալածական, խանդավառութեամբ ընդառաջեցին «Արի՛ տուն» գրկաբաց կոչին ու մեկնեցան հայրենիք, պէտք է միանգամայն գոհ մնան 150 տոլար աշխատավարձով: Հոս կ’ըսեն` կուշտը անօթիին մածունը մանր կը բրդէ…

Քու ստացած 150-էն ազատօրէն բնակարան վարձէ՛, (Ծայրամասերու մէջ 200 ու աւելի են մէկ սենեակնոց բնակարաններու վարձքերը, իսկ հայաստանեան «մէկ սենեակնոց» կոչուածը իրաւ մէկ սենեակ է, որ ամէն ինչ է` ննջարան, հիւրասենեակ, ճաշասենեակ եւ այլն) ազատօրէն ծախսէ՛ երթեւեկութեան, եթէ տակը բան մնաց դեռ` ընտանիքով կե՛ր, որ վերջանայ:

Մինչդեռ «ապերախտ» սուրիահայերէն ոմանք, որ գործ չեն գտներ, ունեցած դրամը կը ծախսեն ու տակաւին, եղբայրական կարեկցանքի արժանանալով, գոնէ 60 տոլարի նպաստն ալ ստանալու բախտ չեն ունենար, ետ կու գան. կրակի գիրկը…

Գիտենք, անշուշտ, որ հայրենիքի մէջ շա՜տ շատեր այդքան կամ աւելի նուազ ամսական կ’առնեն: Ու Հայաստանի մասին մեր տեղեկութիւնները թոյլ չեն տար աւելին ակնկալելու:

Կարկտանը պզտիկ է ու ծակը` մեծ, մանաւանդ որ զայն մեծցնելու ջանքեր չեն պակսիր:

Ուրեմն` մեր ակնկալելի՞քը: Բառերը ընտրելով խօսիլ ու վերջապէս` փորձել իրա՛ւ ճանչնալ սփիւռքը:

* * *

Մեր «փրկիչներու» «իմաստութեան» հերթական պատկեր մը. ականատեսի վկայութեամբ` Նոր Գիւղի մէջ կը շրջի ու տեղանքը կ’ուսումնասիրէ հայրենիքի «փրկիչներէն» մէկը: Սուրիացի զինուորները կ’անդրադառնան անոր երջանկութեան, կը բռնեն, «կը շոյեն» քիչ մը ու երբ բանտարկելու կը տանէին, ան կը հարցնէ.

– Եա՛ շապապ, բայց ուրկէ՞ իմացաք, որ ես հոս եմ. մեր շէյխը ձեռքը գլխուս դրաւ եւ ըսաւ, թէ աննկատելի պիտի ըլլամ…

Որպէս բանահիւսական գործ` տարբերակներ ալ գոյութիւն ունին:

Իսկ մարդասիրական յայտարարութիւններուն տեղեա՞կ էք. այդ պատուախնդիր տղոցմէ մէկը կը դիմէ արաբ աղջիկներուն` «Քոյրե՛րս, որպէսզի ձեր պատիւին դիպչող չըլլայ ու ձեզի գէշ բաներ չընեն, տունէն մի՛ ելլէք…»:

Կրնար եւ աւելցնել` թէ ոչ … քոյրե՜րս, մենք ալ մահկանացու մարդ ենք, չէ՞…

* * *

Կրկին նպաստներու հարցը, կամ` տալու արուեստը, ըստ Քրիստոսի հետեւորդ Ժպրան Խալիլի: Ան քիչ մը վեր կը ճախրէ մահկանացուներուս կարողականութենէն, քանզի բանաստեղծ է, վերասլաց հոգիով: ԻՐԱՒ բանաստեղծները մարդկութեան բաց խիղճն են: Մենք, որ գետնագնաց ենք, կ’ուզենք անոնց գէթ թռիչքը դիտել: Ան կ’ըսէ.

Վասնզի ի՞նչ են ձեր ստացուածքները
եթէ ոչ բաներ,
զորս կը պահէք ու կը պահպանէք,
վախով թէ կրնաք վաղը դուք կարիք
ունենալ անոնց:

Եւ այլն, առաւել խիստ ոճով…

Աշխարհի մէջ սփռուած մեր ազգի ազնիւ զաւակներէն շատեր կ’անդրադառնան այս ճշմարտութեան ու սուրիահայերուն բախտով մտահոգ` Կու տան, թէ՛ հայաստանաբնակ, թէ՛ սուրիաբնակ հայերու համար:

Հարցը կը ծագի, երբ նուիրաբերուածը պէտք է վերստին տալ, այսինքն` ուրիշի տուածը մէկ ուրիշի փոխանցել…

Թէ՛ Սուրիոյ մէջ եւ թէ՛ Հայաստան այս գործն ալ արագ կազմակերպուեցաւ եւ անշահախնդրօրէն (կ’ուզենք հաւատալ) գործի լծուած են շատեր: Բնաւ նպատակ չունիմ նուիրեալ աշխատող այդ մարդոց կատարածը թերագնահատել, բայց ժողովուրդէն եկող գանգատի ձայներն ալ կը դառնան «ձայն բազմաց», որոնց հանդէպ չկրնալով անտարբեր մնալ` կ’ուզէի գէթ անոնց արձագանգն ըլլալ:

Նիւթէս շեղում կատարած չեմ, եթէ յիշեմ պատկեր մը. հալէպահայոց խորհրդաժողովէն ետք ձայն մը հնչեց, թէ ժողովին մէջ չխօսուեցաւ ներկայ իրադրութեան մէջ մտաւորական-արուեստագէտի ընելիքին մասին: Կ’ուզեմ խոնարհաբար յիշեցնել, թէ արուեստագէտին ոչ ոք կը յուշէ իր առաքելութիւնը. ի՛նք ժողովուրդի զարկերակին տրոփիւնը պէտք է ըլլայ ու ի՛նք թելադրէ, ուղենշէ՛ եւ ոչ` թելադրանք ակնկալէ: Արուեստագէտը կրնայ իրադրութենէն, մթնոլորտէն ներշնչուիլ, սակայն ոչ` թելադրուիլ, կամակատար ըլլալ, նոյնիսկ եթէ արքաներ են թելադրողները: Սա` հոգիով ազատ արուեստագէտը, իսկ անազատը Արուեստ չի ստեղծեր:

Ժպրանը Քրիստոսէն ներշնչուած գրեր է, ես խոնարհաբար կը ստանձնեմ բանաստեղծի ազնիւ թելադրանքը փոխանցողի դերը.

Եւ ո՞վ էք դուք, որ մարդիկ ստիպուին
ձեր առջեւ պատռել կուրծքերը իրենց
ու մէկդի նետել քողն հպարտութեան,
որպէսզի կարենաք արժանիքն իրենց տեսնել մերկացած,
եւ հպարտութիւնն անպատկառ դարձած:
Հոգ տարէք նախ, որ արժանի դառնաք
տուող մ’ըլլալու
գործիք մը միայն` նուիրաբերման…

Կարենալ տալու «գործիք» դառնալ, առանց ստորացնելու առնողը:

Կարենալ տալ այնպէս, որ ան ժպիտով հեռանայ մեզմէ եւ ոչ` անարգուած ու զայրացած: Կարենալ յարգել մեր եղբօր արժանապատուութիւնը եւ վարուիլ այնպէս, որ հեռանալով` ան ինքզինք մուրացիկ չզգայ:

Կարենալ արդարութեամբ տալ ու միշտ յիշել, որ տուողը նոյնիսկ նուիրաբերող բարերարը չէ՛, այլ Բարձրեալն Աստուած, որ մեզի շնորհած է փոխանցելու պատիւը:

Եթէ համաձայն չէք, կրկին կարդացէք Ժպրանի առաջին տողերը` «Վասնզի ի՞նչ են ձեր ստացուածքները…»: Որո՞ւ համար եւ ո՞ր օրուան կը պահենք, երբ կարիքաւորը դուռը կը բախէ: Կ’ամբարենք «գէշ օրուա՞ն» համար, իսկ եթէ եկողին «գէշ օրը» այսօ՞ր է, իսկ եթէ վաղը մեր ամբարածը ժանգը փճացնէ՞, գողերը առնեն կամ ցեցերը ուտե՞ն, չէ՞ որ մեր շուրջն են անոնք ամէն վայրկեան: Չէ՞ որ անարդար վարմունքով ու կոշտութեամբ շատերու մէջ կասկածներ կ’արթնցնենք մեր անաչառութեան ու անշահախնդրութեան շուրջ, որոնց պիտի չուզէինք հասցէտէրն ըլլալ:

Յոգնեցուցի՞չ ու ջղայի՞ն գործ է: Անտարակո՛յս: Բազմութեան հետ գործերը միշտ են յոգնեցուցիչ, բայց մենք ծառայելու եկած ենք եւ ոչ` իշխելու: Յիսուս, ինձմէ լաւ գիտէք, ամէնէն խոնարհն էր…

Եթէ մարդը եկած, հասած է մեզի նպաստի ակնկալիքով` մի՞թէ մենք ենք, որ պիտի որոշենք արժանին ու անարժանը: Ինչո՞ւ «մերկացնել զայն իր հպարտութենէն»: Շատերէ լսածս է, որ կը ձայնեմ: Հայաստանէն եկող ձայներն ալ մխիթարիչ չեն, մինչդեռ մենք տակաւին կատարեալը կ’երազենք… Յայտնի է` աշխատողը քննադատողներ շատ կ’ըլլան, բայց դժգոհ ձայներ շատ են, արժանի ուշադրութեան: Յարգարժան տիկին մը, ազգին ծառայող, որ երբեք չէ դիմած նպաստի ու նպատակ ալ չունի դիմելու, հպարտութեան զայրոյթով պոռթկաց. «Ինչո՞ւ, ես կարիքաւոր չե՞մ, պայմա՞ն է երթամ ու խնդրեմ»: Ո՛չ, խօսքս իմ մասին չէ՛, թէեւ վաղը ես եւ ուրիշներ նոյնպէս կրնանք նոյն վիճակին հասնիլ:

Լա՛ւ է տալ` երբ որ կը խնդրեն ձեզմէ,
իսկ աւելի՛ լաւ` տալ գիտակցե՛լով, առանց խնդրանքի…

«ԱԶԴԱԿ»
ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ