azator.gr – Անցնող շաբաթավերջին Հալէպի հայաբնակ Սիւլէյմանիէի, Նոր Գիւղի եւ Վիլլաներ եռանկիւնի միացնող շրջանները անգամ մը եւս հրասանդի հրթիռներու թատերաբեմ հանդիսացան, երբ 9 հրթիռներ արձակուեցան՝ ահ ու սարսափի մատնելով բնակիչները եւ պատճառ դառնալով կարգ մը բնակարաններու եւ ինքնաշարժերու տարբեր աստիճանի վնասներուն:
«Եռագոյն» կայքէջը յղում կատարելով Բերիոյ թեմի լուրերը փոխանցող կայքէջին, կը յայտնէ թէ քանի մը հայեր թեթեւ վիրաւորուեցան եւ նիւթական վնասներ արձանագրուեցան: Իսկ նախորդող օրերուն, Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող հայ փոխ գնդապետ Հայկ Ֆուատ Յակոբ նահատակուած էր Քուսէյրի մէջ տեղի ունեցած մարտերուն ընթացքին: