Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

kantsasar.com – Մեր քա­ղա­քը առա­ւել հե­տաքրք­րա­կան դար­ձած է անակն­կալ­ներ սի­րող­նե­րու հա­մար ու առաջ­ուան մի­օ­րի­նա­կու­թիւնը չու­նի: Քա­նի մը օր­ուան մի­ջո­ցէ մը ետք եթէ տու­նէն ել­լես, կր­նաս նոր ու ան­ծա­նօթ զգա­ցո­ղու­թիւն­ներ ու­նե­նալ, այս­պէս`

Իւ­րա­քան­չիւր թա­ղա­մա­սի մէջ քա­նի մը տեղ աղ­բա­կոյ­տերն այն­պէս լեռ­նա­ցած կ՛ըլ­լան, որ կը կար­ծես ծո­վա­փի կող­մե­րը ամա­րա­նոց գա­ցած ըլ­լալ (ծովն ալ հո­տեր ու­նի, չէ՞…): Տա­րօ­րի­նակն այն է, որ առ­նէտ­ներ չկան անոնց շուրջ. կամ մե­զի հետ հան­դի­պե­լէ կը խու­սա­փին, կամ գաղ­թեր են. չէ՞ որ անոնք առա­ջի­նը կը զգան նա­ւուն խոր­տակ­ուի­լը…: Ար­դէն կը խօս­ուի լէշ­ման­իա­յի, ծաղ­կախ­տի ու քո­լե­րա­յի վա­րակ­նե­րու մա­սին…: Հրա­շէկ ամա­ռը կը մօ­տե­նայ. ի՜նչ ծա­ղիկ­ներ պի­տի բա­նայ քա­ղաք-աղ­բա­նո­ցին մէջ…:

Ամէ­նէն լաւ ծա­նօթ թա­ղա­մասն ալ ան­ճա­նա­չե­լի կը գտ­նես, քա­նի որ գի­շեր­ուան մը ըն­թաց­քին հոն բարձ­րա­ցած աւա­զա­պար­կե­րու ար­գե­լա­պատ­նէշ­նե­րը մա­նուկ­նե­րու շի­նած աւա­զէ քա­ղաք­նե­րու պէս անել­ներ կը գո­յաց­նեն… երա­նի՜ ըլ­լա­յին մա­նուկ­նե­րու, որոնք այս օրե­րուն միայն կռիւ-կռիւ կը խա­ղան քա­ղաք-ռազ­մա­դաշ­տին մէջ…:

Օրէ­ցօր շատ­ցող մեր քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պաշ­պան­նե­րը` փո­ղոց­նե­րու մէջ, զէնք ի ձեռ­քին, մե­զի եր­բեմն ալ վախ կը պատ­ճա­ռեն, մեր լսած չլ­սե­լիք­նե­րուն հե­տե­ւան­քով: Որ­մէ՞ պի­տի պաշտ­պան­ուինք…

Փո­ղո­ցա­յին արաբ վա­ճա­ռորդ­ներն ալ սկզ­բուն­քա­յին եղած են: Պատ­ճա­ռը իրաւ ազ­գա­յին զար­թօ՞նքն է, թէ թր­քա­կան սնն­դամ­թերք­նե­րու վտան­գա­ւոր որա­կի մա­սին վեր­ջերս տա­րած­ուած զգու­շա­ցում­նե­րը, որոշ չէ, սա­կայն ոմանք «ար­ժա­նա­պա­տիւ» կեց­ուածք կը բռ­նեն:

– Ըպ­նի (1), ի՞նչ կ՛ար­ժէ այս անու­շե­ղէ­նը:
– 40, բայց քե­զի երե­քը հա­րիւ­րի կու տամ:
– Ո՞րտե­ղի ապ­րանք է, միայն թր­քա­կան չըլ­լա՞յ:

– Աու­զու­պիլ­լա՛հ (2), կը նե­տէ ու քի­թին տա­կէն հայ­հո­յանք մըն ալ կ՛ուղ­ղէ թուր­քին հաս­ցէ­ին, զոր կէս կը ձգէ, քա­նի որ կը յար­գէ կնոջ մը ներ­կա­յու­թիւնը:
Դեռ երէկ եղ­բայ­րա­բար թուր­քին ձեռ­քը կը սեղ­մէ­ին, որ իրենց ալ արիւ­նով լուաց­ուած է. որ­քա՜ն մեծ է խա­ղաղ ապ­րե­լու երա­զը(՞՞՞), որ թուրքն ու մար­դը կը շփո­թեն իրա­րու հետ:

Ան­տեղ­եակ ու եր­ջա­նիկ շու­կայ կը մտ­նես ու անակն­կալ­նե­րը կը սպա­սեն քեզ. կա­տա­կի առատ նիւ­թեր` թէ՛ ծա­խո­ղին ու թէ առ­նո­ղին:

– Խայ­յօ (3), ի՞նչ կ՛ար­ժէ խա­սը (4):
– 60, կը նե­տէ առանց քե­զի նա­յե­լու. գնո­ղի չես նմա­նիր:

Սո՜ւղ է. կ՛եր­թաս, այլ տե­ղեր հարց­նե­լէ ետք կըր­կին կը դառ­նաս նոյն մար­դուն.

– 75, կը պա­տաս­խա­նէ:
– Բայց հինգ վայրկ­եան առաջ ըսիր…
– Տո­լա­րը սղե­ցաւ, կը պա­տաս­խա­նէ անվր­դով:

Այո՛, մեր հո­ղէն ելած իւ­րա­քան­չիւր պտուղ-բան­ջա­րե­ղէ­նի պո­չէն այ­լեւս տո­լար կախ­ուած է, նոյ­նիսկ վա­րուն­գը, որ ըն­դա­մէ­նը «խի­ար» է` ինք­զինք բան մը կար­ծեր ու պա­նա­նին հետ մա­րա­թոն­եան վազ­քի մէջ է:
Քիչ ու­տե­լը առող­ջա­րար է:

***

Գողն էլ մի կռ­նից, գէլն էլ միւս կռ­նից,
Աչքդ թե­քե­ցիր – բա­նիդ տէ­րը չես.
Քա­շում են տա­նից, քա­շում են դռ­նից,
Ու չես իմա­նում որ կող­մը թռ­չես…
Յ. Թու­ման­եան

Կր­ի­ան խա­նէն (պատ­եա­նէն) ելաւ, խա­նը չի հաւ­նիր (Հայկ. առած):

Ազ­գով ու պե­տու­թամբ լծ­ուած ենք մեր արիւնը աշ­խար­հին նուի­րե­լու վսեմ առա­քե­լու­թեան: Մինչ մեր Քաջ Նա­զա­րը ազն­ուա­զարմ թա­գու­հի­ներ առ­նե­լով իր արիւնը ազն­ուաց­նել կ՛ու­զէր, մենք աշ­խար­հի արիւնը «ազն­ուաց­նե­լու» մեծ երա­զով տար­ուած` կը ցրենք ու կը նուի­րենք մեր որ­դի­նե­րը այն պա­րա­գա­յին, երբ առանց մեր նուի­րե­լուն ալ ար­դէն զմեզ դի­ակ կար­ծող անգ­ղե­րը իջած մեր վրայ` կը գի­շա­տեն ազ­գը` հո­գե­ւին ու մարմ­նա­պէս:

Պատ­կեր Ա.

Այ­սօր արաբ քրիս­տոն­եայ մը, ճա­շի սե­ղա­նի բա­րե­կա­մա­կան տրա­մադ­րու­թեան մէջ, ին­ծի (ու տան­տիկ­նոջ) հա­ճո­յա­նալ ու­զեց, առանց անդ­րա­դառ­նա­լու, թէ ցա­ւե­րուս կա­թիլ մը աւել­ցուց:

– Մենք ալ հայ ենք, «ար­ման ատիմ» (5), մեր պա­պե­րը եկած են… չէ՛, ո՛չ Հա­յաս­տա­նէն, Ճորճ­իա­յէն եկեր են. գի­տես չէ՞, հոն մե­զի պէս շի­կա­հեր­ներ շատ են, հա­յե­րու մէջ քիչ են (տիկ­նոջ մա­զը դեղ­նո­րակ ներկ­ուած է):

Նե­րո­ղա­միտ եղէք տիկ­նոջ, որ քիչ առաջ կ՛ըսէր, թէ ամու­սի­նին հետ Ուք­րան­իա այ­ցե­լած են. Վրաս­տա­նը ու Ուք­րան­ի­ա­ն շփո­թեց իրա­րու հետ, ու վրա­ցի­նե­րը հա­յե­րէն աւե­լի շի­կա­մազ եղան, որ­պէս մե՛ծ առա­ւե­լու­թիւն:

Ես միայն լռու­թեամբ գլուխս ճօ­ճե­ցի, որ ան իբ­րեւ իր խօս­քին հաս­տա­տում ըն­դու­նեց: Հա­ւա­նա­բար եւս մէկ կորս­ուած հայ յայտ­նա­բե­րե­լէս յու­զում­նա­լից խան­դա­ղա­տանք զգա­յի, եթէ չի­մա­նա­յի թէ վեր­ջերս այդ­քան մեծ թիւով «ար­ման ատիմ» մար­դոց ի յայտ գա­լը, իրենց ըն­տա­նե­կան մոռց­ուած «տաֆ­թար­նե­րու» մէջ հա­յու հետք մը փնտ­ռե­լը միայն պաղ հա­շիւ­նե­րու հե­տե­ւանք է: Եղա­ծը` Հա­յաս­տա­նի անձ­նա­գիր ու­նե­նալ ու դիւ­րու­թեամբ անց­նիլ Եւ­րո­պա: Ի՜նչ իմա­նար հա­յու ցա­ւե­րուն ան­տեղ­եակ իմ «արիւ­նա­կիցս», թէ ի՜նչ վէր­քեր խառ­նեց: «Հին» ու «նոր» հա­յե­րու սե­րունդ­ներ տո­ղան­ցե­ցին միտ­քիս մէ­ջէն, ու որ այ­սօր­ուան «նոր» հայն ալ վա­ղը պի­տի յի­շէ իր «ար­ման ատիմ» ըլ­լա­լը, աշ­խար­հի որե­ւէ մէկ ծա­գը: Մինչ շուրթս կը ժպ­տէր իրեն, միտքս փոր­ձեց անոր հայ նախ­նի­նե­րու ան­ցած ճամ­բա­նե­րէն անց­նիլ` Վրաս­տա­նի հա­յէն մին­չեւ «լա­թին հա­լէպ­ցի» ազն­ուա­կա՛ն դիր­քին հաս­նի­լը:

Օ՜, հա­յեր…

Պատ­կեր Բ.

Աճա­պա­րան­քի մէջ գրե­թէ պի­տի չն­կա­տէր զիս, ծաղ­կե­փուն­ջը կրծ­քին սեղ­մած կը վա­զէր: Այս օրե­րուն ես ամէ­նուն հան­դէպ սի­րով լեց­ուած եմ ու ան­տար­բեր անց­նիլ կա­րող չեմ: Կան­չե­ցի.

– Ո՞ւր այս­պէս վա­զէ­վազ:

Մարճ­րճոս պի­տի եր­թամ, ժպ­տե­ցաւ, առանց կե­նալ ու­զե­լու:

– Հա՜, դուն ալ մարճ­րճո­սա­կան ես, ըսի անոր, որուն տու­նը գրե­թէ կից է Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ մեր եկե­ղեց­ւոյ…:
Ինք սլա­ցաւ, ես հա­յե­րուս սի­րե­լի մէկ խօս­քին շուրջ կը մտմ­տա­յի` «Եկե­ղե­ցին եկե­ղե­ցի՛ է»:
Այո՛, ոե­ւէ կին կին է, բայց կա՛յ մայրդ եւ կա՛յ դրա­ցու­հիդ, ո՜վ հա­յու զա­ւակ…:

Պատ­կեր Գ.

Ծա­նօթ պա­տանիի մը վար­քը ու­շադ­րու­թիւնս կը գրա­ւէր եր­կար ժա­մա­նա­կի մը վրայ: Ան նախ գռե­հիկ ու նոյ­նիսկ լկ­տի պահ­ուածք ու­նէր, որ­մէ արագ ու անս­պա­սե­լի ան­ցում կա­տա­րեց դէ­պի տրա­մագ­ծօ­րէն հա­կա­ռա­կը: Եղաւ հեզ եւ ու­շա­դիր: Ան­կա­րե­լի չէ, բայց ու­շագ­րաւ է: Ապա կողմ­նա­կի լսե­ցի, թէ ապաշ­խա­րած է: Գէշ հոտ առի ու մտա­հոգ­ուե­ցայ: Իմ կար­ծի­քով յար­մար ժա­մու մը, իմ կար­ծի­քով յար­մար ձե­ւով հար­ցու­ցի, թէ ի՞նչ «եղ­բայ­րակ­ցու­թեան» կը մաս­նակ­ցի, որո՞նք են հո­վա­նա­ւո­րող­նե­րը: Պա­տաս­խա­նեց կցկ­տուր: Յա­ջորդ օրն իսկ ան գոց­ուե­ցաւ, առա­ւել` իր նախ­կին կեց­ուած­քին վե­րա­դառ­նա­լու նշան­ներ պար­զեց, գո­նէ ին­ծի հան­դէպ մէկ­դի նե­տեց ապաշ­խա­րո­ղի իր դի­մա­կը, զոր, ան­շուշտ, կը կրէր առանց գի­տակ­ցե­լու:

Ապաշ­խա­րանք` 12-15 տա­րե­կան­նե­րու… ուշ չէ՞ արդ­եօք, կը հարց­նեմ անոնց «փր­կիչ­նե­րուն», աւե­լի լաւ չէ՞ր ձեր «փր­կա­կար» գոր­ծու­նէ­ու­թեան լծ­ուէ­իք մայ­րա­նո­ցի դու­ռէն սկս­եալ` նո­րա­ծին­նե­րը ադա­մա­կան մեղ­քէն մաք­րե­լու հա­մար: Կ՛երե­ւա­կա­յեմ` մա­նուկ­նե­րը ինչ­պի­սի՜ աշ­խար­հիկ «մեղ­քե­րով» բեռնը­ւած կ՛եր­թան ապաշ­խա­րե­լու, իմա` ու­ղե­ղի լուա­ցու­մի, իմա` ազ­գա­յին եկե­ղեց­ւոյ «ցած» մա­կար­դա­կէն թռիչ­քով մը դէ­պի «ազն­ուա­կա­նու­թիւն» ցատ­կե­լու:

Մա­նուկ, երի­տա­սարդ մար­դիկ գրա­ւե­լու այս խա­ղը նոր չէ, դա­րե­րու պատ­մու­թիւն ու­նի իր ետին: Օրին մեր լու­սա­բաղձ բա­նաս­տեղ­ծը` Վա­րու­ժան կը պո­ռար. «Պէտք չէ՛, փր­կած­նիդ, կը բա­ւէ՛ կորսն­ցու­ցած­նիդ»: Ով ականջ ու­նի` թող լսէ: Այ­սօր այս «խա­ղը» այ­լեւս ան­ցեր է բո­լոր սահ­ման­նե­րը` հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու լայն ցան­ցի առ­կա­յու­թեամբ: Բա­ռացի­օ­րէն կը գողց­ուին մեր մա­նուկ­նե­րու, երի­տա­սարդ­նե­րու հո­գի­նե­րը, կ՛ապազ­գայ­նաց­նեն զա­նոնք, եւ ոչ թէ… «կը բա­ցատ­րեն աշ­խար­հա­բա­րով, ամէն ինչ հասկ­նա­լի՜…»:

Դ. Ե. Զ. …

Ան­պաշտ­պան­ներ, համ­բակ­ներ որ­սա­լու հա­մար խայ­ծեր չեն պակ­սիր մարզ­ուած որ­սորդ­նե­րու, մա­նա­ւանդ այս մթին օրե­րուն, երբ շա­տեր լոյս կ՛որո­նեն:
Իսկ մեր խայ­ծե­րը ո՞ւր են, նո­րոգ­ուե­լու չե՞ն…:

1. ըպ­նի – տղաս
2. աու­զու­պիլ­լահ – մե­ղա՛յ Աս­տու­ծոյ
3. խայ­յօ – եղ­բայր
4. խաս – հա­զար բոյ­սը
5. ար­ման ատիմ – հին հայ (արաբ-քրիս­տոն­եայ դար­ձած)

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
kantsasar.com

30/05/2013