yerakouyn.com – Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է թրքական արտադրութեան թունաւոր նիւթ պարունակող օղի, որ զայն օգտագործողին մահուան հասցնող վնաս կը պատճառէ։Հայկական շրջանակէն ներս կայ մէկ մահացած, երկու թունաւորման դէպք, իսկ մէկ հոգի իր տեսողութիւնը կորսնցուած է։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն Հալէպի մեր աղբիւրները։
Օղիէն վնաս կրողները օղին օգտագործած են տարբեր տեղերէ՝ մէկը ճաշարանի մը մէջ, միւսը խանութէ մը առած է, մէկ ուրիշը այլ տեղէ։
Տարաձայնութիւններուն համաձայն թուրքի մատը խառն է, բայց “դէպքի ծալքերը դեռ բացայատուած չեն, մղումները կրնան ըլլալ շահադիտական կամ խափանարարական, Սուրիոյ քաղտնի ոստիկանութիւնը այս հարցով հարցաքննութիւնը սկսած է, կան ձերբակալուածներ, դեռ շատ բան պարզ չէ”,- յայտնեց Հալէպի մեր աղբիւրը։
ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը հետեւի հարցաքննութեան զարգացումներուն եւ ստացած տեղեկութիւնները կը փոխանցէ յառաջիկային։
Արաբական աղբիւրներուն համաձայն աւելի քան 120 հոգի տուժած է թրքական արտադրանքի սնունդ եւ խմիչք օգտագործելու հետեւանքով, սնունդի վնասները կը նկատուին 24 ժամուան ընթացքին, պատճառած հետեւանքները մահացու են կամ տեսողութեան կորուստի կը տանին, խմիչքները առաւել վնասակար են քան ուտեստները։ Թրքական արտադրանքի ապրանքները առաւելաբար տարածուած են Հալէպի մէջ։
Յիշեցնենք, որ հասարական ցանցերու մէջ երկար ժամաենակէ ի վեր թրքական արտադրանքի դէմ քարոզչութիւն կը տարուի Սուրիոյ քղաքացիներու կողմէ։