kantsasar.com – Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինս սուրիահայութեան ապրած ապահովական եւ տնտեսական այս ծանր օրերուն սննդեղէնի, առողջապահական եւ բնակարանային բնագաւառներուն մէջ իր կատարած օժանդակութիւններու կողքին, մեծապէս կը կարեւորէ կրթական բնագաւառին սատար հանդիսացող ծրագիրներու իրագործումը, մանաւանդ երբ այսօր Սուրիոյ հայկական բոլոր վարժարանները նիւթական մեծածախս կարիքներ հոգալու լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն:
Սփիւռքի տարածքին գործող հայ դպրոցները ուսումնատուութեան օճախներ ըլլալու կողքին, ազգիս սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան հիմնական ու անփոխարինելի կռուաններն են, որոնց շնորհիւ օտար ափերուն վրայ հասակ առնող մեր շառաւիղները կը զինուին ազգային արժէքներով, կ՛ապահովեն այդ արժէքներու աւանդումը իրարայաջորդ սերունդներուն, հետեւաբար կ՛ապահովեն մեր ժողովուրդի հայաշունչ գոյութիւնը:
Սփիւռքահայ դպրոցին այս առաքելութիւնը կը շեշտաւորուի Սուրիոյ պարագային, նկատառելով անոր Մեծ Եղեռնի առաջին վկայարանը համարուելու, հայրենի պապենական հողերուն մերձաւոր ըլլալու եւ արեւմտահայերէնի գոյատեւումը գործնապէս ապահովելու նշանակալից հանգամանքները:
Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինս իր յաջորդական լիագումարներուն համապատասխան սերտողութիւններ կատարելէ ետք, մեծապէս գիտակցելով տնտեսական պատճառներով հայկական վարժարաններու փակումը ահազանգող վտանգին հետեւեանքները, եւ մեկնելով իր մշակած ուղեցոյցի սկզբունքներէն, 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին Սուրիոյ հայկական բոլոր վարժարաններուն անխտիր, իւրաքանչիւրին կրթաթոշակին համապատասխան միայն 35% համեմատութեամբ օժանդակութիւն կատարեց, նպաստելով դպրոցներուն եւ ծնողներուն ուսերուն դրուած նիւթական ծանրաբեռնուածութիւնը թեթեւցնելու գործին:
Արդ, սուրիահայ հայկական 38 Վարժարաններուն յատկացուած օժանդակութիւններու գումարը կազմեց հինգ հարիւր հազար ամերիկեան տոլար:
Ի մտի ունենալով, որ 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանը մօտալուտ է, մեր սերունդներուն հայեցի կրթութիւն ջամբող ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ առաքելութեան յարատեւութիւնը ապահովելու համար երախտագիտութեամբ կ՛ա-կընկալենք, որ հայրենի եւ Սփիւռքի մեր ազգակիցները սուրիահայութեան զօրակցութեան եւ օժանդակութեան իրենց նուիրական աշխատանքները անընդմէջ կը շարունակեն:
Ի ԴԻՄԱՑ`
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ