azator.gr – Սուրիահայ երեխաներուն համար Հայաստանի մէջ ապրելու եւ ուսում ստանալու բարդութիւններէն մէկը լեզուի խնդիրն է: Բայց այս պարագային ալ անլուծելի ոչինչ չկայ:
Նոր միջավայրին ու իրավիճակներուն երեխաները առաւել շուտ կը յարմարին: Այս ընդունուած տեսակէտ է: Ինչպէս կ’ըսեն՝ արեան կանչը ուժեղ է:
Յարութիւն Կիւլտալեան Հայաստան գտնուող սուրիահայ շուրջ 250 երեխաներէն մէկն է, որ արդէն 7 ամիս է՝ որ կը յաճախէ Շիրվանզադէի անուան թիւ 1 միջնակարգ դպրոցը: Մեծ հետաքրքրութեամբ եւ ոգեւորութեամբ կը սորվի բոլոր առարկաները, սակայն որոշ դժուարութիւններ ունի լեզուի հետ կապուած: Հալէպի հայկական դպրոցին մէջ ան բոլոր առարկաները սորված է արաբերէնով եւ մի քանին՝ արեւմտահայերէնով, իսկ այստեղ դժուարութիւններ ունի արեւելահայերէնով ուսանիլ՝ յատկապէս թուաբանութեան դասին:
Ուսուցիչներու հոգատար եւ ջերմ վերաբերմունքի շնորհիւ Յարութիւնը կը կարողանայ յաղթահարել իր առջեւ ծառացած դժուարութիւնները: Կարճ ժամանակին ան հասաւ սիրել իր նոր դասարանը եւ ձեռք բերել շատ ընկերներ:
Յարութիւնի ծնողները կը դժուարանան օգնել երեխաները: Անոնք նոյնպէս ունին լեզուի եւ կրթական ծրագրերու տարբերութեան խնդիր: Այսուհանդերձ, տարիքի պատճառով թերեւս Յարութիւնը աւելի շուտ յարմարեցաւ։ Եղբայրը՝ Անդրանիկը, որ արդէն 10-րդ դասարանն է, աւելի կը դժուարանայ։
Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ գործող “Կիլիկիան դպրոցին մէջ” կը յաճախեն հանրապետութեան մէջ գտնուող սուրիահայերէն շուրջ 300-ը, սակայն սուրիահայ այն ընտանիքները, որոնք վճռած են մնալ Հայաստանի մէջ, կը փափաքին, որ իրենց երեխաները յաճախեն հանրակրթական դպրոցներու մէջ: Այդպիսով, թէկուզ դժուարութեամբ, անոնք կ’ուզեն համարկուիլ Հայաստանի հասարակութեան մէջ։
Այս հարցերու լուսաբանման համար ուսումնասիրութիւններ կը շարունակեն կատարել Բրիւսովի լեզուաբանական համալսարանի ուսանողները: