Նկատի ունենալով 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանին իւրայատկութիւնները, որպէս սկզբունք, անցնող տարեշրջանի կրթաթոշակներու գումարները կը մնան անփոփոխ։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութեան որոշումով Հալէպի Ազգ. վարժարաններու աշակերտութենէն 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանին համար գումար պիտի չպահանջուի (մուտքի տուրք – կրթաթոշակ)։

Վճարել փափաքող ծնողներու վճարումներ եւ ոմանց կողմէ ցարդ կատարուած վճարումները (մասնակի կամ ամբողջական) ենթականերուն փափաքով կը նկատուի նուէր տուեալ վարժարանին։ Եթէ վճարում կատարած ենթակաները փափաքին վերագանձել զանոնք, անհրաժեշտ է ընթացք տալ անոնց խնդրանքին։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. իշխանութիւնը հնարաւոր բոլոր միջոցներով աշխատանքի մէջ է 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի կրթական մեր հաստատութիւններուն անհրաժեշտ մնացեալ նիւթականը ապահովելու, վստահելով հալէպահայութեան եւ սուրիահայութեան գոյերթի պահպանման անհրաժեշտութեան հաւատացող բոլոր հայորդիներուն ունենալիք ներդրումներուն եւ նուիրատուութիւններուն։

Կրթական գործի դիմագրաւած այս մեծ մարտահրաւէրը յուսադրուած ենք յաղթահարել բոլորանուէր ճիգերով եւ գործնական մասնակցութեամբ։

ԴԻՒԱՆ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳ. ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Դիմատետրի (Facebook) PERIO NEWS էջը
07 Մարտ 2013