Մարտ 2011
Փետրուար ամիսն արդէն վերջացած,
Մարտ ամիս եկաւ գարունը բերաւ:
Սակայն ինչ զարմանք
Մեր այս գարունը օտարը բերաւ
Գարունի փոխան Մարտը մարդ բերաւ:
Մեր խաղաղ բոյնին անդորրը տարաւ
Մեր խաղաղ բոյնին տես ինչեր ըրաւ
Բերրի դաշտերը խոպան արտ դարձան
Պարտէզներն բոլոր փամփուշտ լեցուեցան
Կանաչ խոտերը կարմիր գոյն հագան
Եռան փողոցներ ամայի դարձան
Բազմայարկ շէնքեր գետնայարկ եղան
Մեր հին Հալէպը ոչնչացուցին
Գիշեր ու ցերեկ լոյսէ զրկեցին
Ռումբերու ձայնով մեզ զարթնեցուցին
Մեր համով հացին լեղի քսեցին
Անձրեւի նման ռումբ տեղացուցին
Օտարի մտքով հարազատ ձեռքով
Մեզ խոշտանգեցին ու թալանեցին,
Բազում դաւերով մեզ հոգնեցուցին
Թռչունի փոխան մարդիկ որսացին
Ճերմակ Հալէպին սեւեր հագցուցին
Ու այս ամէնուն գարուն է ըսին:
Ամբողջ մարդկութեան խաբել ուզեցին
Ու հեռուն կեցած մեզի դիտեցին:
Բայց մենք բոլորս շուտ գիտակցեցանք,
Օտարի լարած ծուղակին չինկանք,
Օտարը արդէն, միշտ ալ կակաչ է
Դուրսէն կարմիր, բայց սիրտը սեւ է:
Դուն մեր քաջ Հալէպ, դուն մեր սիրելին
Այս ամէնէն դուն անշուշտ տոկացիր
Դուն շատ ուժեղ ես ու շրջանցեցիր
Մենք քեզի հետ դուն ալ մեզի հետ:
Մեր գարունն անշուշտ պիտի չուշանայ
Հալէպը կրկին պիտի շէնանայ
Բայց սեղանը մեր պիտի լիանայ
Հոս մնացողին կենաց բարձրանայ
Քանզի ով մնաց, շատ բանի տոկաց,
Պէս-պէս տունն ու հող բնաւ չի ձգեց
Քանզի այս հողը մեզ համար թանկ է
Ազգիս անցեալին արդար վկան է
Մեզ ընդունող ու տեղ տուողն է
Իր հացէն մեզի բաժին հանողն է
Ուստի մեր էութեան ալ, անբաժան մասն է:
Անժէլ Պօշկէզէնեան
«Գանձասար», 9 Մարտ 2013