Կարգ մը լաւատեսներ կարծիք կը յայտնեն, թէ մարդկութեան ոսկեդարը տակաւին չէ եկած, յառաջիկային է: Եթէ ընդունինք, թէ որեւէ երեւոյթ կ’ունենայ ծնելիութեան նախապատրաստական շրջան, ուրեմն այսօր մենք ոսկեդարու ծնունդը կը պատրաստենք… մարդկութեան վաստակի առիւծի բաժինը յատկացնելով նոյնինքն մարդը ոչնչացնող զինատեսակներ արտադրելու վրայ:
Կ’երեւակայեմ` ինչպիսի՛ ոսկեդար կրնայ ծնիլ նման յղութենէ:
Իսկ եթէ պակաս լաւատես ըլլանք ու աւելի իրատես, կը լսենք ողորմած հոգի դրացուհիիս ձայնը: Ան սուրճի գաւաթներու մէջ դրացիներու ապագան կը գուշակէր ու կ’ըսէր` «Ներկադ ի՜նչ է, որ ապագադ ի՛նչ ըլլայ»: Ան կեանքի պարզագոյն փիլիսոփայութիւնը կու տար` անկեղծօրէն: Այսօր աշխարհի հզօրները մարդկութիւնը ոչխարի հօտ ըրած` ա՛լ ջանք չեն թափեր նոր թակարդներ լարելու եւ մեզ տակաւին կը խաբեն ժողովրդավարութեան հեքիաթի խայծով: Արդիւնքը` Ամերիկայի հաստատած ժողովրդավարութիւնը Իրաք. բայց որ ամէն օր պայթիւններէ մարդիկ ճանճերու պէս կը մեռնին, այդ ալ գինն է, դիւրի՞ն կարծեցիք ժողովրդավար երկիր ստեղծելը: Եգիպտացիները տարիէ աւելի վրանաբնակ` կը սպասեն մատամ ժողովրդավարութեան գալուստը, ու ծաղկեփունջի տեղ փշեպսակ կը ստանան: Սուրիոյ մէջ` ֆելլահի մանգաղով հնձուող ցորենի տեղ` հնձուողը սերունդներ են…, Իրան` Դամոկլեան սուրը գլխուն վրայ…
Անպայմա՜ն մարդկութիւնը կ’երթայ դէպի փայլուն ապագայ` ոսկեդար. միայն հոն չմտած` թող չմոռնայ Լէյտի Մաքպեթի նման ձեռքերուն արիւնը լուալ Արաբիոյ անուշահոտ օծանելիքներով:
***
Հալէպի կիներու առօրեայ զրոյցներէն.
– Քահրապա ունի՞ք… օրուան մէջ որքա՞ն… երանի՜ ձեզի…
– Քահրապան կտրեցի՛ն…
– Երեք ամիս է քահրապա չունինք… սառնարանի դուռը խանի պէս բաց է…
– Քահրապայի կեդրոն մը նորէն զարկեր են, ալ նայինք քանի օր չենք ունենար…
– Նորոգելու գացող քահրապճիներուն ղաննասը կը զարնէ…
Ահա վերջին ամիսներուն Հալէպի մէջ ամէնէն աւելի շրջանառուող, գործածուող բառը` «քահրապա»: Ու քանի որ «հոսանք» բառը քիչեր պիտի հասկնան, ու քանի որ քահրապա-ն ալ շատ լսելէն «հարազատ» դարձաւ, մէկդի կը դնեմ որեւէ սկզբունք, «հիմա նեղ տեղը հայերէն պահանջե՞լդ բռնեց»…
Քահրապա եթէ ըլլայ, ես ալ կը գրեմ:
Թէեւ կեանքի այս ձեւը դարձաւ սովորական ու ցնցումներ չեն պատճառեր ամենասոսկալի լուրերն իսկ: Կը լսենք համակերպած, կը ձեւացնենք զարմանալ, ցաւիլ, բայց իրականութեան մէջ արդէն գրեթէ բթացեր ենք (ասոր վարժուիլ կ’ըսեն), լիովին ճանչցեր ենք մարդկային հրէշութեան առաւելագոյն սահմանները. համակերպած` կը սպասենք… ինչի՞. անշուշտ` գարնան.
– Քա՛, ե՜րբ պիտի վերջանայ, ալ չե՜մ դիմանար…
– Կը վերջանա՛յ, ամէն ինչ վերջ ունի, չէ՞…
– Մարտին երկու տարի պիտի ըլլայ. եղեր` եթէ շարժում մը երկու տարին անցնի, յեղաշրջում կը նկատուի ու կառավարութիւնը ազատ կ’ըլլայ ուզածին պէս…
– Ինչու` գաղտնի՞ք էր, որ յեղաշրջում է…
– Ո՜ւֆ, թող զարնեն, վերջանանք, եա՜…
– Ինչու` դեռ զարնելիք տեղ մնա՞ց…
-Ո՞վ ըսաւ, որ պիտի վերջանայ, Պէյրութ քանի՜ տարի տեւեց…
– Ամմա՜ն, Աստուած չընէ…
****
Բանաստեղծ ըլլալ պարտաւոր չես,
բայց պարտաւո՛ր ես ըլլալ քաղաքացի:
Նեկրասով
Բարեկամ մը Դիմատետրին մէջ գրած է, թէ Հայաստանը սուրիահայոց համար փրկութեան լաստ է, ու թէ` հոն գացողները պէտք է ամուր մնան հողին ու չհեռանան:
Միտքս անմիջապէս քանի մը առածներ կու գան, բայց բարեկամը վշտացնել չեմ ուզեր:
Եթէ մենք կը գրենք մեր համոզումը, այս պարագային իրականութեան միայն վարդագոյն ակնոցով կը նայինք. բայց մենք տասնհինգամեայ աղջնակ չե՛նք:
Եթէ կը գրենք ինչ-ինչ համակրութիւններ շահելու համար, մեր կոչումին դէմ մեղանչում է (թէկուզ եւ ըլլայ ընդհանրացած):
Հոս երկու ճամբայ կայ` կա՛մ «ինծի ի՞նչ, ե՞ս մնացի շտկող, ինչո՞ւ թշնամի շահիմ»-ի ետին կը պահուըտինք (ինչ որ մեր «մտաւորականութեան» կարեւոր մէկ մասը կ’ընէ), կա՛մ իրերը իրենց անուններով կը կոչենք, այսինքն` «թագաւորը մե՜րկ է»: Գաղջ վիճակներ, գոլ խօսքեր այսօր, երբ մեր արիւնը կը հոսի դէպի Արեւմուտք, մեղանչում է մեր հողին, արեան, հոգիին դէմ ու մեր կոչումին:
Մենք պարտաւոր ենք առանց սիրուն բառերու ետին պահուըտելու, առանց հաշուարկներու բազմաձայնել, ահազանգել անդադար, սփիւռքի մէկ ծայրէն միւսն ու հայրենիքի մէջ, մինչեւ աղէտը դադրեցնելու կարողները քայլեր առնեն: Որպէսզի «հայրենիքի մէջ մնացէք»-ը չըլլայ ափսուրտ, հովին դէմ ըսուած խօսք, որպէսզի հայրենիքը իրաւ ըլլայ հաստատուն կայք եւ ոչ` մեզի այս ափէն հայրենիք, հայրենիքէն Արեւմուտք քշող լաստանաւ:
****
Ամէնօրեայ ճամբուս վրայ երկու տարեց այրեր մայթային խանութ բացեր` բանջարեղէն կը ծախեն….ու քանի որ մրցակիցներ շատ են ու իրենք` պայքարի անկարող, բանջարեղէնները թոռմած էին միշտ: Վերջերս փոխեցին «խանութին» բնոյթը: Մանրավաճառի իրեր դրած, ամպհովանիի տակ աթոռակներու նստած` սուրճ կը խմեն ու կը սպասեն յամեցող յաճախորդը:
Հացի դրամ շահիլ կը փորձեն:
Այսօր փաստեցի, որ հայեր են. ինչէ՞ն… անտարակոյս` թրքերէն խօսակցութենէն: Այդ լեզուն, մեծ մօրս արտայայտութեամբ, «գլխուս որդերը կը շարժէ» ու տրամադրութիւնս կը փլէ, բայց այսօր յուզեց: Հասկցայ խօսուածը (ե՜ս ալ հայ եմ…), բայց վերարտադրել կարողանալու համար դիմեցի թրքերէն իմացողի: Ահա պատկերը`
– Գարտաշը՛մ, ալ հոս մնալու չէ՛…
– Նէ՞րա կէտաք, եա՛օ…
Եւ կ’իշխէ «մայրենին»`
– Ղըզըմ տէտի քի, Հայաստանա կէտաք…
– Նա՞սըլ կէտաք, նէրտա՞ն պիզա օ գատար փարա…
Ահաւասիկ դէպք մը, երբ դատարկ քսակը թոյլ չի տար հայրենասէր ըլլալ…
ԼԱԼԱ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ», 11 Մարտ 2013