Միջին արեւելքի ծաղկուն գարունը իր հեղեղային յորձանուտով խեղդամահ ըլլալու ահաւոր վտանգի ենթարկեց նաեւ Հայկական այն գաղութները, որոնք կայք հաստատած էին Միջին Արեւելքի հիւրընկալ ափերը, թրքական եաթաղանէն ետք: Լիբանանի 15 տարիներ տեւող սպառիչ քաղաքացիական կռիւները ջլատեցին Լիբանանի հայկական գաղթօճախը եւ ստիպեցին բարեկեցիկ մեր ազգակիցները փնտռելու նոր խաղաղ կայքեր… Հայկականութեամբ ծաղկուն այդ օճախը հետզհետէ նօսրացաւ…
Արաբական խելահեղ գարունը հայկական այլ գաղութները հրկիզելէ ետք, հիմա իրկարմիր բոցաշունջով կը սպառնայ կուլ տալ Սուրիական Հայահոծ Մայր Գաղութը, Հալէպ քաղաքը եւ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը: Դամասկոսի եւ Հալէպի հայերը օրհասական օրեր կ՛ապրին. Օրապահիկը շահող հայ արհեստաւորը, անգործութեան հետեւանքով անօթի մնալու շեմին է. Նիւթական որոշ կարողութիւն ունեցողներ երամ-երամ թռած են արդէն, հայրենիք կամ այլուր:
Ահաւոր է մնացողին ֆիզիքական գոյութեան սպառնացող վտանգը… Բարգաւաճ սփիւռքահայ գաղութներ, տենդագին դրամահաւաք կը կազմակերպեն օգնութեան հասնելու թակարդի մէջ բռնուած, ցեղասպանութենէն ճողոպրած Սուրիոյ հայութեան, մեր երկրորդ, երրորդ, չորրորդ սերունդին… Ապագայ սերունդին մեր, վաղուայ Հայուն մեր…
Մտքով, սրտով, հոգիով հոն եմ ես… Բերդաքաղաք իմ ծննդավայրս, Ծառուկեանի «Երազային Հալէպը», ուր ռումբեր կը տեղան վերէն- վարէն, կողմերէն:Մարդորսորդներ թռչունի նման մարդ կ՛որսան… Գիշեր ու ցերեկ Հալէպ եմ ես, իմ ծանօթներուս, բարեկամներուս, հարազատներուս, բոլոր իմ ազգակիցներուս հետ… Երեսպուքով, հեռաձայնով… Առտորանքով կը կապուիմ իրենց հետ. զիրենք ողջ առողջ չգտնելու… ահուդողով:
Միջին Արեւելքի գարուններուն նման չէ Սուրիոյ Գարունը: Հողի ընդերքէն պայթած սարսափելի տեղաշարժ մըն է: Քառասուն տարուայ խոր թմբիրէ ահաբեկ զարթնում մը, որ ահռելի կը ցնցէ ամբողջ երկիրը, ահռելի երկրաշարժ մըն է:
Ամբոխները ահաբեկ խելագարուած ու խելահեղ կը վազեն ու այդ վազքին մէջ կը տրորեն իննիսուն եօթ տարիներու հալալ քրտինքով ծաղկած հայկական ծիլերն ու բողբոջները ու արեւին բացուած կեանք բուրող ալ վարդերը մեր, կամայ-ակամայ կը կոխկռտեն, կը տրորեն, կ ՛ ոչնչացնեն Հալէպ ապրող սուրիահայ կեանքը:
Բարի ազնուահոգի, հիւրասէր, երկար զուպունով, լայնկեկ շալվարով, գլխուն սպիտակ ակիլով, արաբ սուրիացին, որ գրկաբաց ընդունեց Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած վտարանդի ՀԱՅՈՒ ԲԵԿՈՐՆԵՐԸ իր ֆուլն ու համմոսը, իր չոր սոխը, իր կարմիր լոլիկը, իր «սուսի շէրպէթը», իր «թէմր հընտի»ին հիւթը եւ իր ցորենի թուխ հացը կիսեց մեր նախահայրերուն, մեր հայրերուն հետ, բայց այսօր ազատութեան տենչով բռնկած, ամէն բանականութիւն կորսնցուցած կը քանդէ թէ՛ իր օճախը եւ թէ հայկական գաղթօճախը:
Սուրիահայը,Հայրենիքի սէրը ծուարած սրտին մէջ, արդարօրէն կապուած է իր ծննդավայրին եւ որպէս սուրիական քաղաքացի արաբին համահաւասար իրաւունքներ ունի այդ երկրին մէջ: Իրաւունք ունի քուէարկելու եւ իր ձայնը լսելի դարձնելու: Պետական դպրոցներու եւ պետական համալսաններու մէջ անվճար ուսանելու: Եւ որպէս լիարժէք քաղաքացի աշխատելու պետական կառոյցներու մէջ: Խտրութիւն չկա՛յ:
Արաբ գրականութեան հանրահայտ Գրող Դոկտ. Մուհամմատ Ալթունճի այսպէս կը նշէ հայ-արաբ սերտ կապերը «ԵՐԲԵՔ ԻՐԱՐՈՒ ՉԵՆ ՀԱՆԴԻՊԱԾ ԵՐԿՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՍԻՐՈՎ ԻՆՉՊԷՍ ՀԱԼԷՊԻ ԲՆԱԿԻՉՆԵՐԸ ԵՒ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ… ՍԷՐ ՄԸ ՈՐ ԿԸ ՏԵՒԷ ԵՒ ՈՐՈՒՆ ԶՕԴՆ Է ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԲԱՐԵԱՑԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿՈՒՍՏԵՔ»:
Հիմա… Փլատակներու ներքեւ ճզմըւած մարդկային մարմիններու ընդհանուր թոհուբոհի փոխանակուող կրակներու մէջ ճզմուած է նաեւ մարդկային ամէն զգացում: Եղբայր-եղբօր կը մորթէ վասն հայրենիքի եւ վասն կրօնի: Թէպէտ Ճօճուած սուրը հայութեան դէմ չէ, բայց հայը երկուստեք փոխանակուող ռումբերու, արդի զէնքերու ճարճատիւնին առթած զարհուրանքի մէջ, ինզինք կորսնցուցած է: Առօրեայ տարրական կենսական ելեկտրականութեան եւ ջուրի չգոյութիւնը բաւ է արդէն ոեւէ անհատ խուճապի մատնելու: Ամիսներէ ի վեր հալէպցիին խանութները, գրասենեակները փակ են: Հալէպահայը սպառելէ ետք գրպանի իր դրամը այսօր կարօտ է օրուայ հացի:
Հայութեան հոգեւոր բերդը, եկեղեցին, հոգեւոր Առաջնորդները, միութենական մեր հաստատութիւնները, անկարելին կը փորձեն, անկարելի փորձանքին ահաւորութիւնը մեղմելու, բայց մահուան ակներեւ շուքը խաւարի մատնած է հալէպահութեան հոգին: Դրամահաւաքներն ու ազգասիրական ելոյթներն ալ ի զօրու չեն վտանգի սարսափը չեզոքացնելու, սփոփանքէ աւելի դառնութիւն կը յառաջացնեն աղէտի սաստկութենէն դառնացած հալէպցի հայուն: Ի՜նչ կ՛ուզէ մահուան սարսափէն սահմռկած Հայ մարդու սիրտը:
Ամէն ինչ կորսնցնելէ ետք ընտանիքն ալ կորսնցնելու դատապարտուած հալէպահայը տարիներու ընթացքին ճակտին քրտինքով շիւղ առ շիւղ իր շինած բոյնին աւերումին ականատես հալէպահայը: Գեղեցիկ, հանգստաւէտ բնակարաններու մէջ ապրող, բարօրութեան հասած հալէպահայը:
Իր տոկունութեամբ եւ աշխատասիրութեամբ արհեստի, ոսկերչական արուեստի, բժշկութեան եւ առեւտուրի բնագաւառին մէջ յառաջացում արձանագրած հալէպցի հայը, ճակտի քրտինքով Սուրիոյ հողի ծաղկումին սատարող հալէպահայը տարիներու իր տքնաջան աշխատանքին արդար վայելքէն զրկուած, շշմած, քարացած հալէպցի հայը: Մղձաւանջային օրեր ապրող հալէպցի հայը, հիմա բնիկ տեղացիին նման ինք եւս ահաբեկ զարթնումի մէջ է: Երազային ապրած իր կեանքը Միջին Արեւելքի հիւրընկալ ափերուն. Երա՜զ էր ուրեմն:
Հեռատես չեղա՛ւ հալէպցի հայը:
Եղաւ երախտագէտ զինք գրկող արաբին ու զրկուած հայրենի հողէն որդեգրեց այն հողը, որ ապաստան տուաւ իրեն եւ իր երազներու գեղեցիկ դղեակը կառուցեց Հալէպի պատմական հովանիին ներքոյ, ամուր խարիսխի վրայ կարծեց հիմնել իր եւ իր զաւակներուն կեանքի կռուանը, Խաբկանք է՛ր ուրեմն իր երազը… Հիմա ձեռնունայն ու կործանարար աղէտէն սարսափահար, համակուլ պատուհասէն խուճապահար, իր դէմ կը գտնէ բոլորովին այլ ինքնակորոյս սուրիացի արաբ մը:
1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք հայրենի հողէն արմատախիլ եղած հայ ազգը հարիւր ամեակի սեմին արմատախիլ է այժմ իր ծննդավայրէն ալ… կարծեցեալ իր երկրորդ հայրենիքէն ալ: Ուր է երկնից խոստացեա՛լ արդարութիւնը հայուն: Կորսուած հաւատքն ու յոյսը հայու՛ն: Արդարութեան պահանջք կանչը հալէպահայուն:
Հալէպահայութեան կանչը մեր չորրորդ սերունդի հայ պատանիի սրտի կանչն է նաեւ:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՆՉԸ
Ու՛ր փնտռեմ քեզ արդարութիւն Անտառի խորե՛րը
Թէ խորը ամեհի ծովուն
Ու՜ր ես դուն
Անարդարութիւնը սանձարձակ
Փոթորիկ կը յարուցանէ.
Դէս ու դէն կը հարուածէ
Արդարութեան անունով
Անարդարութիւն կ՛ընէ:
Անարդարութեան նժարը ծանր կը կշռէ
Անմեղին արցունքը յորդառատ կ՛անձրեւի պէս կը հոսի.Առանց քեզի վայի ձոր է երկրագունդը… Արդարը յուսահատ կը հառաչէ
Մարդկութիւնը բազկատարած քեզ կը կանչէ: Ու՜ր ես դուն
Մարդկային խիղճին մէջ ես արդեօք թէ այլուր:
Մարդիկ անդադար անունդ կը հոլովեն
Արդարութիւնը հազուագիւտ է
Թանկագին է կ՛ըսեն.
Քու անունովդ երդում կ՛ընեն
Մենք արդար ենք կը յոխորտան ու անարդարութեան մէջ կը լողան… Մարդկային խիղճն ալ թափուր է
Հոն ա՛լ չկաս դուն:
Ի՛նչ ընեմ ես… Ու`ր փնտռեմ քեզ
Ո՛ւր է ճամբան որ կը տանի
Հաւատքի Ճշմարտութեան
Մարդկային Արդարութեան:
Վ.Ս.
Լիւսի Սիւլահեան
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 5 Մարտ 2013