Օրերը անյոյս կը թուին, խաւար ու մութ միապաղաղ դաժանութեամբ կը յաջորդեն զիրար: Միայն սիրած էակի գոյութիւնը` ապրելու յարատեւելու համար յոյս եւ փափաք կը ներշնչէ: Պատերազմի արհաւիրքը սահմռկեցուցիչ է: Կը ճողի կ՛արձագանգէ հրասայլերու որոտը, արձակազէններու հրաձգութիւնն ու ռումբերու տարափը:
Երկրէն հեռացողներու հրաժեշտի լուրերը արագ-արագ յաջորդեցին իրար, որոնց սկսաւ յաջորդել արեւանգուողներու շարանին պատճառած սարսափը: Երբեմնի հայաշատ պողոտաներէն, թաղերէն մահասփիւռ դատարկութեան թախծոտ տամկութիւն մը սփռելով:
Աշունը անցաւ, անոր բացակայութեամբ նուազեցան նաեւ երկրէն դուրս եկողներուն կարաւանները:
Փառաւոնին սուրը շատ աւելի կարեկից էր: Փառաւոնը սպաննելէ զանց կ՛առնէր բոլոր անդրանիկները` որոնց տան շեմին կ՛երեւար գառնուկի արեան կնիքը: Փառաւոնը աւելի ողորմած էր: Ի՞նչ կարելի է զետեղել մեր դրանդիքներուն, որպէսզի անվնաս մնանք հրթիռներէ եւ հրանօթային հարուածներէ: Խաղաղութիւն պարգեւող Աւետիսին խոստումները կ՛ուշանան:
Ի՞նչ ընել, որ ճակատողները սթափին, անոնց խաւարած աչքերը բացուին: Ճշմարտութիւնը տեսնեն եւ իրականութիւններ ակնյայտ ըլլան: Հասկնան, թէ իրենց հարազատ եղբայրներն են, ո-րոնք կը սպաննեն:
Կրակը իր ինկած տեղը կ՛այրէ: Բաց երկինքը անձրեւի փոխարէն իր ահաւոր բարկութիւնը ծծումբի պէս կը շարունակէ տեղացնել բոլորիս վրայ: Ամէն րոպէ իւրաքանչիւրս կը տանջէ այն թաքուն միտքը, որ բոլորս համահաւասար ենթակայ ենք կործանման, բայց անբացատրելի զօրութիւն մը տակաւին իր ձեռքով կը պահէ մեծամասնութիւնս.
Կը հաւատամ, որ աղօթքի զօրութեամբ պահպանուած են որոշ սահմաններ: Յատուկ թաղամասեր ու նրբանցքներ` քրիստոնեաներուս պատկանող:
Անթիւ դիակներ` պատանքուած եւ անպատանք, կը հրկիզուին, մաս մըն ալ անոնցմէ կարծես ոտքի մնացած են, մխրճուած հողին մէջ, որոնց դուրս մնացած ձեռքերը դեռ կը շարունակեն իրենց պայքարը:
Անհամար գաղթականներ` Հալէպի շրջակայքէն, բռնած են անյայտ ճամբաներ: Սահմանէն անդին եւ անսահման տարածութիւններ…
Օրերը չար են: Վտանգը բոլորին համար է: Երեխայ-տարեց, մուսլիման-քրիստոնեայ, հայ եւ արաբ: Տեղ-տեղ մահուան մանգաղը կ՛այցելէ Հալէպի թաղերը: Սկիզբը քրիստոնեայ ըլլալը ապահովութեան գրաւական էր, կամաց-կամաց հրթիռներն ու արագահարուածներու փամփուշտները սկսան այցելել նաեւ հայերուս բնակատեղիները:
Հիմա, ալ բոլորս շրջափակուած ենք:
Ոչ ոք, ոչ ոքի թող մեղադրէ իր այստեղ մնալուն համար: Կարելի չէ արմատէն փրցնել ժողովուրդ մը, գաղութ մը, որ սերտ պորտալարերով կապուած է այս հողին հետ: Անոր բարիքները վայելած` լաւ օրերը բաժնեկցած, հիմա կռնա՞կ դարձնել: Մեկնիլը որքանով ճիշդ պիտի ըլլայ: Ով որ կրցաւ հեռանալ, ազատ էր, ով որ մնալ որոշեց դարձեալ ազատ է: Ամէն մարդ իր անձին պատասխանատուն պէտք է ըլլայ: Կրկին կ՛ըսեմ` ոչ ոք, ոչ ոքի թող մեղադրէ:
Հայրենիք պիտի ուզէինք մեկնիլ խաղաղ պայմաններու մէջ, սիրով եւ գիտակցօրէն: Լաւ պիտի ըլլար, որ մարդիկ իրենց կաշին փրկելու համար հայրենիքը չփնտռէին, ետքը փոքրիկ դժուարութեան մը դէմ յանդիման գտնուելով, փախչէին հոնկէ: Եթէ իրօք կը սիրենք զայն հոն կրնանք հասնիլ որեւէ մէկ ատեն: Սէրը խոչընդոտներ չճանչնար: Հայրենիքն ալ, չէ որ, մեզի պէս հոգի եւ արժանապատւութիւն ունի: Ոմանք քմահաճ զաւակներու պէս փորձի կ՛ենթարկեն ոչ միայն հայրենիքը այլ նաեւ այստեղի ազգային ղեկավարութիւնը: Մոռնալով որ մեր պատասխանատուներն ալ մարդիկ են որոնք իրենց կարողութենէն մեծ բեռներ կը տանին` ունին մեզի համար անտեսանելի դժուարութիւններ եւ ապահովական հարցեր: Ոչ ոք, ոչ ոքի պարտական է: Իւրաքանչիւրը իր բարոյական սկզբունքներէն մեկնելով է որ կը գործէ: «Ոչ մէկ արժէք կը ներկայացընեն անցեալի բոլոր նիւթական, հոգեւոր, ընկերային եւ քրիստոնէական արժանիքները, եթէ անոնք յիշատակիչ նշանակութիւն չունենան ներկային եւ դաստիարակիչ դեր ապագային, ինչպէս` Վարդանանց ճակատամարտը» (Շահան Սրբ. Եպս. Սարգիսեան):
Հորիզոնը արդէն ուր որ է կը պարզուի. հեռանկարները բոլորը միասնաբար հաւաքուած կու գան մեզի օգնութեան:
Աշխարհը ամբողջութեամբ պատերազմի սարսափէ կը տառապի:Այսօր այստեղ ,վաղը ուրիշ տեղ մը… ո՛վ գիտէ…
Մեր փոքր համայնքով «իրականութեան մէջ» մենք շատ բան փոխեցինք մեր շրջապատին կեանքէն ներս, ինչպէս աղ եւ համեմ, նոյնիսկ որպէս ցորենի հատիկ, որ կրցաւ ոչ միայն իր հողին վրայ փթթելով, արժեւորել զայն, այլ իբր հաց կը բաշխուի նաեւ իր հայրենիքի եւ նոյնիսկ օտար երկիրներու սեղաններուն վրայ:
Իսկ դուն կամքէ անկախ, հայրենիք հասնելու բոլոր երազներդ խեղդած, յայտնուեցար ովկիանոսները կտրող, ստրկութեան համը ճաշակել տուող անյայտ նաւուն վրայ: Կը բաժնեմ զգացումներդ: Հայրենի հողի եւ ծննդավայրի ջերմութեամբ լեցուն հոգիին համար տաժանք եւ խաչելութիւն է այս երկուքէն հեռու վայր մը ապրիլը: Ծիծաղելի ըլլալու աստիճան կրնաս անհասկնալի ըլլալ շրջապատիդ, բայց մի մոռնար որ ամէն ինչ փորձաքննութիւն է, եւ ամէն բաները բարիին գործակից կրնան ըլլալ…
Ծեր հօրաքոյրդ, որ անկողնային հիւանդ է, ո՞ւր ձգել եւ հեռանալ: Բազմաթիւ տուներ իրենց ներքին հարցերը ունին, որոնք հիմա դարձան աւելի շեշտուած: Կարիք չկայ թուարկելու զանոնք եւ յանցաւոր փնտռելու:
Համայնքի ղեկավարները իրենց կարելին ըրին կարգ ու կանոն պահպանելու եւ մեր ապահովութիւնը հոգալու համար: Չէ որ անոնք եթէ նոյնիսկ ուզէին, կարելի չէր արմատախիլ ընել եւ փոխադրել ամբողջ գաղութ մը: Մնացողներուն եւ «շարժել»ու կարելիութիւնը չունեցողներուն, ո՞վ պիտի հսկէր եւ խնամէր:
Անմխիթար ընտանիքներ կարելի եղած չափով ունեցան` նեցուկ եւ անմիջական օգնութիւն: Այս դժուարին օրերուն, պէտք է հասկացողութիւն ցուցաբերել: Պայման չէ որ բոլորը օգտուին հասնող օժանդակութենէն: Մէկուն աւելին կրնայ ուրիշի մը կարիքը հոգալ, ինչպէս կ՛ըսէ խօսքը. «Շատ ունեցողինը չաւելցաւ ու քիչ ունեցողինը չպակսեցաւ»: Աստուած մեծ է: Ոչ մէկ բան յարատեւ նոյնը կրնայ մնալ, միակ անփոփոխը Ան է:
Ամէն բան իր սահմանն ու ժամանակը ունի. նեղութիւնն ու տառապանքն ալ ունին իրենց սահմանները. ծովուն համար սահման մը դրուած է եւ եթէ չհրամայուի անկարելի է որ ան կարենայ անցնիլ իր սահմաններէն: Ամանին մէջ ամբարուած, շրջափակուած ջուրը ի վերջոյ անպայման պիտի միանայ ծովուն եւ իր ջրային հարթ ընթացքին: Մինչ ջաղացպանը գետին զօրաւոր հոսանքը բռնած է` մեր կարիքներուն, աճումին, կոփումին համար անհրաժեշտ քանակութեամբ ջուր պիտի մատակարարուի` յուսացողներուս: Մեր կարողութենէն աւելի պիտի չփորձուինք…
Իւրաքանչիւր քայլ կ՛առաջնորդէ մեզ դէպի ափ դէպի նպատակակէտ նոյնիսկ երբ դուրսը մութ է իսկ փարոսը անտեսանելի:
Աչքերը պէտք է կեդրոնացած մնան հեռանկարին, համայնապատկերին կարենալ յաղթահարելու համար ալիքներն ու ժայռերը: Ահաւասիկ նոր օր մը մաքառելու եւ ապրելու համար…
Վերջը նաեւ նոր սկիզբ է:
Մարիանա Պէրթիզլեան-Ղազարեան
«ԳԱՆՁԱՍԱՐ», 5 Մարտ 2013