aztagdaily.com – Սուրիոյ պատերազմին իբրեւ հետեւանք իրենց երկիրը լքած սուրիահայերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ 15 հազար սուրիահայեր գաղթած են Հայաստան, իսկ 14 հազար` Լիբանան, ուրկէ որոշ տոկոս մը մեկնեցան:

«Մենք մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ կ՛օժանդակենք անոնց` գլխաւորաբար մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելով: Դժբախտաբար ՄԱԿ-ը ոչ մէկ օժանդակութիւն կը տրամադրէ հայոց, որովհետեւ անոնք գաղթակայաններու մէջ չեն գտնուիր, եւ չկան այլ երկիրներ, որոնք կ՛օժանդակեն սուրիահայութեան: Հետեւաբար մենք մեր ճակտի քրտինքով կ՛օգնենք անոնց, ինչպէս նաեւ կ՛օժանդակենք ոչ հայերու, յատկապէս Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի մէջ: Տիրող իրավիճակը ողբերգական է, արձանագրուած են մեծ թիւով նահատակներ: Կը մաղթենք, որ Հալէպի պատերազմը շուտով վերջ գտնէ. Լիբանան գտնուող սուրիահայութեան մօտ իրենց երկիրը վերադառնալու պատրաստակամութիւն կայ, հակառակ անոր որ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիահայութեան թիւը բնաւ չի ծանրաբեռներ լիբանանեան պետութիւնը», ըսաւ Յ. Բագրատունի: