«Փերիօ Նիուզ»ը կը տեղեկացնէ, թէ Երեքշաբթի, 18 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամերուն Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Հայաստանի նախագահին հրամանագիրով առաքուած՝ «Սուրիոյ եղբայր ժողովուրդին՝ խաղաղութեան մաղթանքներով» անունը կրող բարեգործական-մարդասիրական օժանդակութիւնները հասան Դամասկոս:
40 թոն կշռող մարդասիրական օժանդակութիւնները նախապէս երկու հանգրուանով հասած էին Լաթաքիոյ ռուսական Հըմէյմիմ ռազմակայան:

Օժանդակութեան գերակշիռ մասը ուղարկուեցաւ Հալէպ՝ տրամադրուելու բոլոր կարիքաւոր սուրիացիներուն, իսկ միւս մասը տրամադրուեցաւ Լաթաքիոյ, Քեսապի, Թարթուսի եւ Դամասկոսի ժողովուրդին:
Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դիմաց օժանդակութիւններու բեռնատարներու դիմաւորման ներկայ էին Սուրիոյ մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ լիազօր դեսպան փրոֆ. դոկտ. Արշակ Փոլատեան, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Գէորգ Պահէեան, սուրիական խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, դամասկոսահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ Դամասկոսի շտապ օգնութեան մարմինի (ԴՇՕՄ) ներկայացուցիչները:
Օժանդակութիւնները, որոնք կ՛ընդգրկէին սննդամթերք, անձնական մաքրութեան իրեր, ձմեռնային հագուստներ եւ այլն, յանձնուեցան Դամասկոսի շտապ օգնութեան մարմինին, որպէսզի իր կարգին տրամադրէ բոլոր կարիքաւոր ընտանիքներուն:
«ԱՍՊԱՐԶԷ»