asbarez.com – Տասն օր առաջ վիրաւորուած եւ ծանր այրուածքներ ստացած Յարութ Աւագեան (1986ի ծնունդ) աւանդեց իր հոգին:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Նոյն աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Յարութ Թելեֆոն Հաուայի շրջանին մէջ ինկած հրթիռի մը հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուելէ ետք փոխադրուած էր հիւանդանոց՝ համապատատասխան բուժումներ ստանալու համար, բայց այրուածքներուն խորութեան հետեւանքով անոր վիճակը չէր բարելաւուած:
Նշենք, որ հանգուցեալ Յարութ Աւագեանի մայրը չորս ամիս առաջ զոհուած էր Սուլէյմանիյէ թաղամասին վրայ ինկած հրթիռի մը հետեւանքով: