KANTSASAR/fb/ – Կիրակի, 10 Յուլիս 2016-ին, Հալէպի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ , յետ Ս․ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ հալէպահայ հերոս, հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան հրամանատար, նահատակ ընկեր Ռաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան քառասունքի արարողութիւնը։
Արարողութիւնը կը նախագահէր Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Ս․ Արք․ Սարգիսեան, հանգուցեալին ընտանիքին եւ հարազատներուն կողքին ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի․ Տէր Պետրոս Արք․ Միրիաթեան, Պատկան Մարմնի անդամներ, Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչներ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, գաղափարակից ընկերներ, հոգեւոր հայրեր եւ հոծ բազմութիւն մը։
Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, քառասնօրեակի առիթով ԱՄԺՏան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ցաւակցական ընդունելութիւն եւ հանդիպում, ուր ներկայ եղան նաեւ սուրիական բանակի բարձրաստիճան սպաներ։
Պատկան Մարմնի անդամ Գրիգոր Տունկեան նախ խօսք տուաւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ․ Վարչութեան ներկայացուցիչ Գարոլին Քիւրքլեանին, որ իր կարգին շեշտեց, թէ Պչաքճեան երկար տարիներ ծառայած է ՀՄԸՄ-ին, եղած է բնաւորութեամբ հեզ, բայց բծախնդիր եւ խստապահանջ՝ թերութեանց նկատմամբ, նկարագիրով խիզախ եւ յանդուգն։ Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով․ «Թէեւ եղբ․ Ռաֆֆին ֆիզիքապէս հեռացաւ մեզմէ, սակայն անոր պայծառ յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր մէջ՝ որպէս աշխոյժ եւ նուիրեալ ՀՄԸՄ-ական»։
Ապա խօսք առաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան, որ նախ իր խոր կսկիծն ու ցաւակցութիւնը յայտնեց նահատակ ընկերոջ մօր, տիկնոջ, զաւակներուն եւ բոլոր հարազատներուն, ապա ըսաւ․«Կը հաւատանք, որ Ռաֆֆին եւ Ռաֆֆիին նմանները չեն մեռնիր, այլ՝ կ’անմահանան, որովհետեւ ընտրած են հայ ժողովուրդին արեան գնով նուիրուելու ճանապարհը։ Այս սուրբ առաքելութիւնը կ’ենթադրէ հերոսութիւն եւ անմահութիւն։ Ռաֆֆին ընտրած էր ա՛յդ ճանապարհը»։
Ապա ան խօսեցաւ ընկեր Ռաֆֆի Պչաքճեանի, որպէս մարդու եւ որպէս կազմակերպութեան անդամի, նկարագրային գիծերուն մասին, նշելով, որ Ռաֆֆի ծառայասէր նուիրեալի խորհրդանիշն էր։ Ան նահատակուեցաւ հերոսաբար ու որքան որ տխրինք զինք կորսնցուցած ըլլալնուս համար, նոյնքան հպարտութիւն կը զգանք հերոսական իր կեանքով։
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ նահատակ ընկեր Ռաֆֆի Պչաքճեանի կեանքն ու գործը ներկայացնող ժապաւէն մը։
Հուսկ խօսք առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեան, որ շեշտեց, թէ Ռաֆֆին անցաւ Ռոստոմեան ճանապարհէն ու անոնք, որոնք ծանօթ են հայ յեղափոխութեան պատմութեան գիտեն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ Ռոստոմեան ճանապարհ։ Սրբազան հայրը խաղաղութիւն մաղթելով Սուրիական Հայրենիքին եւ մխիթարութիւն Պչաքճեան ընտանիքին, հոգեհանգստեան աղօթքով փակեց քառասնօրեակի հանդիպումը։
Մանրամասնութիւնները «Գանձասար»ի յառաջիկայ համարով։