kantsasar.com – Կիրակի, 26 Յունիս 2016-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ հանգուցեալ տոքթ. Զարեհ Մալճեանի հոգեհանգստեան արարողութիւնը, ներկայութեամբ ՀԵՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներուն, գաղափարակից ընկերներուն, Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, ցաւակցութիւնները ընդունուեցան ԱՄԺՏան «Լեւոն Շանթ» սրահէն ներս։

Տէր Յուսիկ Աւագ Քահանայ Սեդրակեան անդրադարձաւ տոքթ. Զարեհ Մալճեանի մարդկային յատկանիշներուն, նշելով, որ ան որպէս բժիշկ եւ ազգային գործիչ հաւասարապէս ծառայեց թէ՛ իր ազգին եւ թէ գաղափարին։ Ըլլալով աշխոյժ, սրամիտ, նորարարութեան հետամուտ եւ վերլուծող մտքի տէր անձնաւորութիւն իր ներդրումը բերաւ հալէպահայ համայնքի բոլոր բնագաւառներուն ու եղաւ յանդուգն ազգային գործիչ։ «Զարեհ Մալճեան ֆիզիքապէս հեռացաւ մեզմէ, բայց իր յիշատակը անմառ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ, վկա՛յ իր գաղափարակից ընկերներու եւ ազգայիններու ներկայութիւնը այստեղ», ըսաւ տէր Յուսիկ։

Այնուհետեւ Հայկազ Ասատուրեան լուսարձակի տակ առաւ տոքթ. Զարեհ Մալճեանի առանձնայատկութիւններն ու շեշտեց, թէ ան տեղափոխուած ըլլալով Պէյրութ ու յայտնուած ըլլալով հանդերձ առողջապահական
շատ ծանր վիճակի մէջ, Ռաֆֆի Պչաքճեանի նահատակութեան մասին իմանալով կապ հաստատած է իր գաղափարակից ընկերներուն հետ եւ յորդորած մնալ քաջ ու անկոտրում կամքով շարունակել պաշտպանել ժողովուրդին փառքն ու պատիւը։

Ապա ան Հայ Երիտասարդաց Միութեան անունով խորազգաց ցաւակցութիւններ յայտնեց տոքթ. Զարեհ Մալճեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն այս ծանր կորուստին համար։