KANTSASAR – Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Ս.Արք.Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ ՀԵՄ-ի Վարչութեան, Կիրակի, 24 Ապրիլ 2016-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, ՀԵՄ-ի մեծ ընտանիքը, ՀՄԸՄ-ի արի-արենոյշներ, ՍԵՄ-ի, Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան, Պատանեկան Միութեան, ՍՕԽ-ի, Համազգայինի, Գերմանիկ Վասպուրական Մշակութային եւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան անդամ-անդամուհիներ եւ հալէպահայութեան հոծ բազմութիւն մը համախմբուեցան Հալէպի Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան դիմաց, ապա Սուրիոյ երեսփոխաններ Ժիրայր Րէիսեանի, Պըթրոս Մրճէնէի եւ Զէյնէպ Խաուլէի, ինչպէս նաեւ Պատկան Մարմնին, Հալէպի նահանգապետարանի ներկայացուցիչին եւ միութիւններու պատասխանատու մարմիններուն ընկերակցութեամբ, ծաղկեպսակներով եւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին նուագակցութեամբ շքերթ մը կատարեցին եւ ուղղուեցան դէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր նախ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան յուշաքարին դիմաց՝ ոգեկոչելով յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն:

Այնուհետեւ ուղղուեցան ներքնասրահ՝ ներկայ գտնուելու արեան տուչութեան արարողութեան՝ առ ի յարգանք հայ եւ սուրիացի նահատակներու յիշատակին՝ «ԱՐԵԱՆ, ՀՈՂԻ ԵՒ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ» կարգախօսին որպէս գործնական արտայայտութիւն:

Այնուհետեւ 150 հալէպահայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ իրենց արիւնը նուիրեցին՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն:
Երիտասարդներուն այցելեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ապա նաեւ Հալէպի արեան պետական կեդրոնի տնօրէնը:
Սուրիական լրատուամիջոցներ արձագանգեցին միջոցառման:
Մանրամասնութիւնները «Գանձասար»ի Ապրիլ Դ. համարով: