kantsasar.com – ՆՊԱՍՏԻՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿՈՂՄԷ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի եւ նախաձեռնութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Յանձնախումբին, անցնող ամիսներուն ծրագրուեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նոր փորուած հորի ջուրը ըմպելի (խմուելիք) ջուրի վերածել եւ տրամադրել մեր ժողովուրդի զաւակներուն անխտիր: Այս առնչութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանը Եւրոպա գտնուող բարերար բարեկամներէ կարելիութիւնը ունեցաւ ջրազտման յատուկ գործիք մը ապահովել, որ պատրաստուած է Զուիցերիոյ մէջ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով կարելի դարձած է փոխադրել Հալէպ եւ Նպաստից Յանձնախումբին տրամադրութեան տակ դնել: Այս աշխատանքին համար մասնագիտական յատուկ յանձնախումբ մը, գլխաւորութեամբ կալուածոցի պատասխանատու երկրաչափ Գէորգ Պէրպէրեանի, անհրաժեշտ դասաւորումները կատարեց եւ փորձառական առաջին աշխատանքը, ի ներկայութեան Սրբազան Հօր, ընկերակցութեամբ Կրօնական Ժողովին եւ Ազգ. Վարչութեան, յատուկ աղօթքով իրագործուեցաւ ծրագիրը:
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 23 Մարտ 2016ի առաւօտեան ժամը 11:00ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արեւելեան կողմը, Սրբազան Հօր հովանաւորութեամբ եւ միասնական աղօթքի ու օրհնութեան արտասանութենէ յետոյ, նոր փորուած հորի ջուրը, արդիական գործիքով մը մաքրազտելէ յետոյ, իբրեւ ըմպելի ջուր բաշխուեցաւ 75 ընտանիքներու, իւրաքանչիւրին 10 լիթր` իր պարունակով (կալոն), ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից Յանձնախումբին:
Այս առթիւ Սրբազան Հայրը Աստուծոյ փառք եւ գոհութիւն յայտնելէ յետոյ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բարերարին, ծրագիրը գործադրութեան դնող յանձնախումբին ու համբերատարութեամբ այս նուիրական ծառայութիւնը մատուցող Նպաստից Յանձնախումբին եւ Ս.Օ.Խ.ին, իրենց գործակցութեան համար:
Յանձնախումբը յաջորդաբար պիտի հրաւիրէ մեր ժողովուրդի զաւակները, մասնաւոր հերթականութեամբ ու ժամանակացոյցով, մաքուր ջուր մատակարարելու մեր ընտանիքներուն:
Վստահաբար ներկայ ծրագիրը պիտի չկարենայ գոհացնել մեր ժողովուրդը եւ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ այլ վայրերու մէջ եւս զետեղել նմանօրինակ զտիչներ, որոնց բարերարները անկասկած այս գեղեցիկ ծրագրին տեղեկանալով պիտի ընդառաջեն Սրբազան Հօր եւ օգտակար պիտի ըլլան մեր ժողովուրդին:
Պարգեւ Քհնյ.Պալգէորգեան