asbarez.com – Այս շաբաթավերջին, Կիրակի, 21 Փետրուարի յետմիջօրէին, ամերիկեան գաղութի զաւակներս կարեւոր ժամադրութիւն մը ունինք Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինին (ՍՀՕՄՄ) հետ, այսինքն՝ մենք մեզի հետ, որպէսզի լրումին հասցնենք Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան նորագոյն փուլը։
Ըսինք՝ ժամադրուած ենք մենք մեզի հետ, որովհետեւ ՍՀՕՄՄ մենք ենք, եւ ոչ թէ մեզմէ անկախ էակ մը։ Անոր մաս կը կազմեն մեր գաղութի բոլոր բաղկացուցիչ միաւորները՝ յարանուանութիւնները, կուսակցութիւնները, բարեսիրական միութիւններն ու անոնց ուղեկից միաւորները ու հաստատութինները։ Մէկ խօսքով, պատկերասփիւռային հանգանակային արշաւը կազմակերպուած է մեր բոլորին ներկայացուցիչներուն կողմէ, ու բնական է որ անոր ընդառաջենք միահամուռ կերպով։ Սա բառախաղ չէ, այլ պարզ ճշմարտութիւն մը, որուն իրազեկ ենք, իրազեկ պէտք է ըլլանք բոլորս։
Ընդառաջել «Կեանք մը Փրկենք» կոչին՝ կը նշանակէ անսալ ազգի մարմինին մէկ արիւնոտ բաժինը դարմանելու հրաւէրին։ Սուրիոյ հայութիւնը, մասնաւորաբար Հալէպը, ահաւասիկ հինգ տարիէ ի վեր, իրենց կամքէն անկախ՝ բռնուած են երկիրը քանդող ու արիւնաքամ ընող պատերազմական վիճակի մը մէջ, որ խտրութիւն չի դներ իսլամին ու քրիստոնեային, այս կամ այն յարանուանութեան հետեւորդներուն միջեւ։ Բնական է, սակայն, որ հայուն հասած իւրաքանչիւր վնաս՝ կեանքի կամ ստացուածքի կորուստ, կեանքի ապահովութեան նկատառումով գաղութէն հարկադրեալ հեռացում, աւելի՛ ցաւալի է մեզի՝ հայերուս համար, թէեւ չենք կրնար անտարբեր աչքով դիտել ամբողջ երկրի աւերումն ու բազմաթիւ շրջաններ պատուհասող ուրականը։
21 Փետրուարը պարզապէս հանգրուան մըն է, եւ ոչ թէ սկիզբ մը կամ վախճանակէտ մը։ ՍՀՕՄՄը ծնունդ առած է եւ անընդհատ կը գործէ 2012ի Օգոստոսէն ի վեր, երբ պատերազմական գործողութիւնները շրջանի հայութիւնը մատնեցին դժուարին կացութիւններու։ Մենք ՍՀՕՄՄի աշխատանքներուն հրապարակաւ իրազեկ կ՛ըլլանք առաւելաբար այն հանգրուաններուն, երբ անիկա հանգանակային բնոյթով գեղարուեստական ձեռնարկներ կամ համազօր նախաձեռնութիւններու կը դիմէ, մինչդեռ մարմինին անդամները կը բանին ամէնօրեայ կշռոյթով, անձնական գրասենեակներ ու անոնց անձնակազմը սիրայօժար տրամադրած են այս վսեմ գործին։ Հետեւաբար, իբրեւ անմիջական երախտիք (որուն չեն սպասեր այս ծառայողները), անհրաժեշտ է ընդառաջել այս նախաձեռնութեան։
Հանգանակային այս արշաւը միօրեայ իրագործում մը պիտի չըլլայ։ Լուսարձակներէ հեռու, իսկ վերջին շաբաթներուն՝ նաեւ լուսարձակներ խլող աշխատանքներ իրականացան քիչ մը ամէն տեղ, որպէսզի 21 Փետրուարի թելեթոնը արդարացնէ բոլորիս ակնկալութիւնները։ Դպրոցներու մէջ տեղի ունեցան մշակութային կամ «առեւտրական» ձեռնարկներ (թատերական երեկոներ, ուտելիքի վաճառք…), որոնցմէ սկսան գոյանալու կենսատու կաթիլներ։ Անհատ ազգայիններ կամ խմբակցութիւններ հիւրընկալութիւններ կազմակերպեցին, պատրաստելու համար թելեթոնին մթնոլորտն ու ենթահողը։
Սուրիոյ հայութիւնը, մասնաւորաբար Հալէպի մեր հարազատները, մինչեւ երէկ ունէին հաւասարակշռուած կեանք ու ապրուստ։ Անոնք այսօր ալ կը գոյատեւեն հայօրէն, դէմ դնելով ապրուստի ահաւոր տագնապներուն։ Սահմանափակուած են եկամուտի միջոցները, ջուրն ու ելեկտրականութիւնը վերածուած են սուղ պերճանքի, սննթամթերքները եւս դարձած են դժուարամատչելի… Եւ սակայն, հայ ընտանիքը, դպրոցն ու եկեղեցին, միութիւններ ու կազմակերպութիւններ Սասունցի Դաւիթին ու Պարոյր Սեւակին նման կը պատասխանեն հասնող հարուածներուն. «Դեռ հոս ենք…», «Կանք, պիտի լինենք…»։
Սուրիոյ հայութիւնը ծով կարիքներ ունի. մեր կաթիլները, գիտենք, չեն կրնար բաւարարել բոլոր կարիքները, սակայն կենսատու դեր ունին ապրուստի ու գոյատեւման համար՝ տարրական միջոցներու ապահովման իմաստով։ Մեր կաթիլներով գոյացող վտակներն ու գետակները գործնապէս պիտի ըսեն Հալէպի հայուն՝ հայ ընտանիքին, հայ աշակերտին, հայ ուսուցիչին ու ազգի բեռը կրող երիտասարդներուն, որ հայութիւնը անմասն չէ իրենց ապրած բազմերես ողբերգութեան, անտարբեր չի կրնար մնալ կենսունակ գաղութի մը արիւնաքամութեան դիմաց, իր կարելին ըրած է, կ՛ընէ ու պիտի ընէ ա՛յն տրամաբանութեամբ, որ այս օճախին գոյատեւումը կենսական նշանակութիւն ունի հայութեան լինելութեան պահպանման մէջ։
Պիտի ընդառաջենք նաեւ այս մարտահրաւէրին եւ կենսատու կաթիլներ պիտի հասցնենք կարիքի ծովուն։
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ