KANTSASAR/fb/ – Մինչ մի­ջազ­գա­յին թէ տե­ղա­կան բե­մա­հար­թակ­նե­րու վրայ սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի քա­ղա­քա­կան լուծ­ման մի­տող ջան­քե­րը կը շա­րու­նակ­ուին, Հա­լէ­պը կը դի­մագ­րա­ւէ մերթ շր­ջա­փակ­ման, մերթ ջրազրկ­ման, մերթ ապա­հո­վա­կան դժ­ուա­րու­թիւն­ներ:
Աւե­լի քան տաս­ներ­կու օր շր­ջա­փակ­ման են­թարկ­ուած Հա­լէ­պի բնակ­չու­թիւնը դէմ յան­դի­ման գտն­ուե­ցաւ բազ­մա­կող­մա­նի տագ­նապ­նե­րու. ջու­րի, վա­ռե­լա­նիւ­թի, ելեկտ­րա­կա­նութ­եան, հա­մա­ցան­ցի ծա­ռա­յու­թեանց խա­փա­նու­մը, սղա­ճը, ան­գոր­ծու­թիւնը առա­ւել վատ­թա­րա­ցու­ցին բնակ­չու­թեան ար­դէն իսկ ծանր վի­ճա­կը:

Հա­լէ­պի շր­ջա­փա­կու­մով թէ­եւ քա­ղա­քի բնակ­չու­թիւնը սո­վի չմատն­ուե­ցաւ, պե­տա­կան պատ­կան կող­մե­րուն բա­ւա­րար պա­հեստ­ներ ապա­հո­ված ըլ­լա­լուն բե­րու­մով, սա­կայն ջու­րի, ելեկտ­րա­կա­նու­թեան եւ վա­ռե­լա­նիւ­թի տագ­նապն ու սնն­թամը­թեր­քի որոշ տե­սակ­նե­րու անգ­տա­նե­լիու­թիւնը անել կա­ցու­թեան մատ­նե­ցին բնակ­չու­թիւնը: Կ՛ակն­կալ­ուէր, որ նա­հան­գա­յին պա­տաս­խա­նա­տու­ներ քա­ղա­քի շր­ջա­փակ­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւնը կան­խա­տե­սե­լով առն­ուազն վա­ռե­լա­նիւ­թի պա­հեստ­ներ ապա­հո­ված ըլ­լա­յին, ջր­հոր­ներ փո­րե­լու կող­քին, ջու­րը բնակ­չու­թեան հա­սա­նե­լի դարձ­նե­լու հա­մար ջր­բաշխ­ման նոր դրու­թիւն ստեղ­ծե­լու ջան­քեր ի գործ դրած ըլ­լա­յին, սա­կայն նման շտապ աշ­խա­տանք­ներ տե­ղի չու­նե­ցան եւ բնակ­չու­թիւնը ստիպ­ուե­ցաւ ան­գամ մը եւս «իր գլ­խուն ճա­րին նա­յելու»:

Բա­րե­բախ­տա­բար սուր­ի­ա­կան բա­նա­կը, երկ­րի պահ­պան­ման հիմ­նա­կան երաշ­խի­քը, ոգի ի բռին պայ­քա­րե­ցաւ ու ահա­բեկ­չա­կան գրո­հա­յին­նե­րէն ազա­տագ­րեց դէ­պի Հա­լէպ մուտ­քի մի­ակ ճա­նա­պար­հը` Ասրիէ-Խա­նա­սէ­րի ու­ղին եւ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը աս­տի­ճա­նա­բար վե­րա­նալ սկ­սան:
Հա­մայն­քա­յին առու­մով եւս, թէ­եւ շա­րու­նակ­ուե­ցան ջրա­մա­տա­կա­րար­ման, սնն­դա­կո­ղով­նե­րու, վա­ռե­լա­նիւ­թի յա­տուկ նիւ­թա­կան եւ այլ օժան­դա­կու­թիւն­նե­րու զա­նա­զան աշ­խա­տանք­նե­րը, սա­կայն ակն­կա­լե­լի էր քա­ղա­քի շր­ջա­փակ­ման ծանր պա­րա­գա­նե­րուն տակ մի­աս­նա­կան, հա­մադր­ուած շտապ աշ­խա­տանք­նե­րու ցան­ցի մը ստեղ­ծու­մը` աւե­լի ընդգըր­կուն եւ ամ­բող­ջա­կան դարձ­նե­լու հայ բնակ­չու­թեան ջու­րի, վա­ռե­լա­նիւ­թի եւ այլ կա­րիք­նե­րու բա­ւա­րար­ման գոր­ծը:

Բա­րե­բախ­տա­բար քա­ղա­քի շր­ջա­փա­կու­մը վերջ գտաւ, այն­ուա­մե­նայ­նիւ պա­տե­րազ­մը կը շա­րու­նակ­ուի, իսկ պա­տե­րազ­մա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ անհ­րա­ժեշտ է պատ­րաստ ըլ­լալ տա­րաբ­նոյթ դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րու յաղ­թա­հար­ման ու մա­նա­ւանդ ծա­ռա­յո­ղա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մադ­րել ու ժա­մա­նա­կի պա­հանջ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­նել` հնա­րա­ւո­րինս օգտ­ուե­լու մեր նուիր­եալ ծա­ռա­յող­նե­րու նե­րու­ժէն եւ աւե­լի կազ­մա­կերպ ու տու­եալ պա­հի պա­հանջ­նե­րուն յա­րիր դարձը­նե­լու օժան­դա­կու­թիւն­նե­րուն աշ­խա­տան­քը:
Սուր­ի­ա­հայ գա­ղու­թի զա­ւակ­նե­րուն մի­աս­նա­կան ոգի­ին շնոր­հիւ, հա­մայն­քը անց­նող չորս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին կու­տա­կեց դի­մադ­րո­ղա­կա­նու­թեան ուժ եւ ճկու­նու­թիւն, կը մնայ յու­սալ, որ, ար­տա­կարգ պա­րա­գա­նե­րու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը տե­ւա­բար աչ­քի առաջ ու­նե­նա­լով, հա­մայն­քէն ներս տար­ուող օժան­դա­կու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը դառ­նան աւե­լի կազ­մա­կերպ, հա­մալր­ուած ու ընդգր­կուն եւ դուրս գան հատ­ուա­ծա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու պա­րու­նա­կէն:

Հա­մալր­ուած ճի­գե­րով առա­ւել նպա­տա­կաս­լաց ու ար­դիւ­նա­ւէտ կը դառ­նան տա­րուող աշ­խա­տանք­նե­րը:
Զ.Պ.