kantsasar.com – Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան դի­մագ­րա­ւած տագ­նա­պը օրէ օր կը սաստ­կա­նայ, եւ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը կը բազ­մա­նան: Ցա­ւը մեծ է եւ վէր­քը կը կոտ­տայ ամէն վայրկ­եան: Պատ­մա­կան գա­ղութ մը, կազ­մա­կերպ հա­մայն­քա­յին կեանք մը եւ հա­յութ­եան ու Հայ Դա­տի հե­տապնդ­ման մար­դուժ հայ­թայ­թող կա­րե­ւոր ազ­գա­յին շտե­մա­րան մը, այ­սօ՛ր մահ ու կե­նաց պայ­քա­րի մէջ է:
Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան եւ յատ­կա­պէս հա­լէ­պա­հա­յու­թեան այս ճգ­նա­ժա­մը խոր մտա­հո­գու­թեան մատ­նած է ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հը: Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի տար­բեր գա­ղութ­նե­րուն մէջ, հայ ան­հա­տը ամէն օր կ՛ընդվ­զի եւ կը փոր­ձէ ձե­ւով մը թե­թեւց­նել իր տագ­նա­պա­հար եղ­բայր­նե­րուն եւ քոյ­րե­րուն դի­մագ­րա­ւած դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րը:

Տագ­նա­պի առա­ջին իսկ օրէն, լի­բա­նա­նա­հա­յու­թիւնը ան­մի­ջա­պէս առնչ­ուե­ցաւ այս հա­մա­հայ­կա­կան մեծ տագ­նա­պին: Հա­մայն­քի յա­րան­ուա­նու­թիւն­նե­րը, կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը, միու­թիւն­նե­րը եւ բա­րե­սի­րա­կան զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րը փոր­ձե­ցին եւ կը շա­րու­նա­կեն կա­րե­լիութ­եան սահ­ման­նե­րուն մէջ փու­թալ իրենց հա­րա­զատ­նե­րու օգ­նու­թեան: Ստեղծ­ուած խու­ճա­պա­հար վի­ճա­կը բնա­կան երե­ւոյթ պէտք է նկա­տել: Ո՛չ ոք կ՛ակն­կա­լէր, որ դէպ­քե­րը այս­պէս թա­ւալգ­լոր ձիւ­նագն­դա­կի նման պի­տի բար­դա­նա­յին ու հար­ցե­րը խճճ­ուէ­ին:

Այո՛, լի­բա­նա­նա­հա­յու­թիւնը հա­լէ­պա­հա­յու­թեան եւ ընդ­հան­րա­պէս սուր­ի­ա­հա­յու­թեան տագ­նա­պը վե­րա­ծեց իր տագ­նա­պին: Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քաց­ի­ա­կան պա­տե­րազ­մին ըն­թաց­քին ձեռք բե­րած իր փոր­ձա­ռու­թիւնը ի սպաս դրաւ այս տագ­նա­պէն յա­ռա­ջա­ցած ըն­կե­րա­յին-տըն­տե­սա­կան հե­տե­ւանք­նե­րու լուծ­ման: Սա­կայն կա­րիք­նե­րը օրէ օր բազ­մա­ցան, եւ ստեղծ­ուե­ցաւ ծան­րակ­շիռ կա­ցու­թիւն. բնա­կան է, որ այս բարդ իրա­կա­նու­թեան մէջ ար­ձա­նագր­ուին բաց­թո­ղում­ներ եւ ժո­ղովր­դա­յին մա­կար­դա­կի վրայ ակա­նա­տես ու ական­ջա­լուր դառ­նանք եր­բեմն ան­պա­տաս­խա­նա­տու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու ու վե­րա­բեր­մունք­նե­րու:

Կր­նայ պա­տա­հիլ, որ կարգ մը ծա­ռա­յո­ղա­կան խն­դիր­նե­րու լուծ­ման հա­մար ամ­բող­ջա­կան դե­ղա­տոմս կա­րե­լի չըլ­լայ ապա­հո­վել, բայց յս­տակ է, որ առող­ջա­պա­հա­կան ու ըն­կե­րա­յին խն­դիր­նե­րը կը մնան հիմ­նա­կան առաջ­նա­հեր­թու­թիւն եւ այս իմաս­տով ան­պայ­ման որ հարկն ու պատ­շա­ճը կը տնօ­րին­ուի, նոյ­նիսկ «գլու­խը պա­տին զար­նե­լու» աս­տի­ճան ցու­ցա­բեր­ուած ճի­գով ու ան­կա­րե­լին կա­րելիի վե­րա­ծե­լու վճ­ռա­կա­մու­թեամբ:

Պէտք չէ մտա­հան ընել նա­եւ այն երե­ւոյ­թը, որ այ­սօր Լի­բա­նա­նը ընդ­հան­րա­պէս իր սահ­մա­նա­փակ կա­րե­լիու­թիւն­նե­րով գրե­թէ կքած է մօ­տա­ւո­րա­պէս 1,5 միլի­ո­նի հաս­նող սուր­ի­ա­ցի գաղ­թա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թեան եւ անոնց ան­մի­ջա­կան պէտ­քե­րուն ան­սա­լու ծանր պար­տա­ւո­րու­թեան տակ: Հե­տե­ւա­բար անհ­րա­ժեշտ է այս դի­տան­կիւ­նէն նա­եւ մօ­տե­նալ ու ըմբռ­նել կա­ցու­թիւնը:
Աւե­լի՛ն, պէտք է հասկ­նալ նա­եւ, որ տագ­նա­պա­հար Հա­լէ­պի ժո­ղո­վուր­դը, որ ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս կայք հաս­տա­տած է Լի­բա­նան եւ կ՛ապ­րի սպա­սո­ղա­կան վի­ճա­կի մէջ, ի վի­ճա­կի չէ մնա­յուն գոր­ծի եւ բնա­կա­րա­նի հար­ցե­րը լու­ծե­լու, որով­հե­տեւ վա­ղը կամ միւս օր ար­դէն ճամ­բորդ է դէ­պի ար­տա­սահ­ման:

Դժ­ուար է այս ընդ­հա­նուր ծանր կա­ցու­թեան եւ թո­հու­բո­հին մէջ հան­դար­տու­թեան եւ համ­բե­րու­թեան կո­չեր ար­ձա­կել: «Կրա­կը ին­կած տե­ղը կ՛այ­րէ», կ՛ըսէ ժո­ղովր­դա­յին առա­ծը: Որ­քան ալ կա­րեկ­ցանք եւ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն ցու­ցա­բեր­ուած ըլ­լայ, մի՛շտ ալ կա­րե­լի չէ դի­մա­ցի­նին մոր­մո­քը, վիշ­տը եւ ցա­ւը փա­րա­տել:

Այս բո­լոր իրո­ղու­թեանց դէմ յան­դի­ման գտն­ուե­լով հան­դերձ, վեր­ջին շր­ջա­նին զար­մա­նալի­օ­րէն ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ կը հան­դի­պինք եր­բեմն սրտ­ցաւ, եր­բեմն կըր­քոտ, եր­բեմն նա­եւ ան­պա­տաս­խա­նա­տու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու, որոնք «ջու­րը պղ­տո­րե­լէ» եւ մեր թըշ­նա­մի­նե­րուն ախոր­ժակ­նե­րուն յա­գուրդ տա­լէ բա­ցի ու­րիշ նպա­տա­կի չեն ծա­ռա­յեր: Ման­րա­մաս­նու­թիւն մը ընդ­հան­րաց­նե­լով, սխալ վե­րա­բեր­մունք մը հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին քն­նար­կու­մի ար­ժա­նաց­նե­լով, տգէ­տի մը ար­տա­յայ­տած մտա­ծու­մին վա­ւե­րա­կա­նու­թիւն տա­լով եւ իբ­րեւ այդ­պի­սին քն­նար­կում ծա­ւա­լե­լով մենք պար­զա­պէս կա­ցու­թիւնը կը բար­դաց­նենք եւ ար­դէն իսկ ճնշ­ուած իրա­վի­ճա­կը կը վե­րա­ծենք անշն­չե­լի մթ­նո­լոր­տի:
Բայց մա­նա­ւա՛նդ անըն­դու­նե­լի, ան­բա­ցատ­րե­լի եւ պա­խա­րա­կե­լի է նոյ­նիսկ ոչ խե­լամ­տօ­րէն եւ մի­ամ­տու­թեամբ ու ան­գի­տակ­ցա­բար դր­սե­ւո­րուող հա­լէ­պա­հայ – պէյ­րու­թա­հայ ամօ­թանք պատ­ճա­ռող վէ­ճե­րու հրահ­րու­մը եւ դր­սե­ւո­րու­մը: Այս­տեղ զգաս­տա­ցու­մը անհ­րա­ժեշտ է:
Բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րէ աւե­լի, պա­տաս­խա­նա­տու խօս­քը, յանձ­նա­ռու կեց­ուած­քը, հար­ցե­րուն նկատ­մամբ հաս­կա­ցո­ղու­թեան ցու­ցա­բե­րու­մը կը մնան ըն­կե­րա­յին-տըն­տե­սա­կան այս ճգ­նա­ժա­մը հա­ւա­քա­բար յաղ­թա­հա­րե­լու հիմ­նա­կան գրա­ւա­կան­նե­րը: Այս­պի­սի պա­րա­գա­նե­րուն ամէ­նէն դիւ­րին գոր­ծը փո­խա­դարձ քն­նա­դա­տու­թիւնն է եւ ամէ­նէն արագ ըն­կա­լուո­ղը` աժան ամ­բո­խա­վա­րու­թիւնը: Եթէ այս­պի­սի ծան­րակ­շիռ կա­ցու­թեան մէջ ան­հա­տը ու­նի լուրջ ըսե­լիք եւ ընե­լիք եւ ի վի­ճա­կի է իր տե­սա­կէ­տը բա­նա­ձե­ւե­լու, պէտք է գիտ­նայ, թէ ո՛ւր եւ ինչ­պէ՛ս պէտք է հաս­ց­է­ագ­րէ իր մտա­հո­գու­թիւնը: Այս­պի­սի մտա­հո­գու­թեանց ար­ձա­գան­գու­մը ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու վրայ կա­ցու­թեան չի նպաս­տեր, այլ ժո­ղո­վուր­դը կը մո­լո­րեց­նէ ու հի­աս­թա­փու­թեան կ՛առաջ­նոր­դէ:

Պէտք է յս­տակ ըլ­լայ բո­լո­րին հա­մար, որ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան հա­սած որե­ւէ հար­ուած նախ եւ առաջ հար­ուած է լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան: Հե­տե­ւա­բար մի­ան­գա­մընդ­միշտ պէտք է հե­ռու պա­հել նոյ­նիսկ մի­ամ­տօ­րէն եւ անզ­գա­լա­բար դր­սե­ւո­րուող բա­ժա­նա­րար տե­սա­կէտ­ներ եւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ: Այ­սօր բո­լո­րիս հիմ­նա­կան առա­ջադ­րան­քը մի­աց­եալ ճի­գե­րով վտան­գի հա­ւա­քա­կան դի­մա­կա­լումն է, օժան­դա­կու­թեանց աշ­խա­տանք­նե­րու ծա­ւա­լու­մը եւ հա­ւա­քա­կան կամ­քի բարձր պահ­պա­նու­մը: Ժա­մա­նա­կը կա­րե­լի չէ վատ­նել ու մս­խել ոչ հիմ­նա­ւոր­եալ վեր­լու­ծում­նե­րով, են­թա­կա­յա­կան մօ­տե­ցում­նե­րով եւ թե­րա­ցում­ներ մատ­նան­շե­լով:

Բո­լորս մի­ա­սին եւ պա­տաս­խա­նա­տուութ­եան բարձր դր­սե­ւո­րու­մով միայն կր­նանք յաղ­թա­հա­րել այս տագ­նա­պը:
Կը յաղ­թա­հա­րենք ան­պայ­մա՛ն:

Յակոբ Հաւաթեան