aztagdaily – ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ապահովական հարցերն ու ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ սուրիահայ գաղութէն Լիբանան տեղափոխուածներուն վերաբերող հարցեր:

Այս շրջագիծին մէջ շեշտուեցաւ Լիբանանի մէջ սուրիահայոց կեցութեան առնչուող խնդիրներուն բարւօք ընթացք տալու անհրաժեշտութիւնը: