kantsasar.com – Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 161րդ նիստը գումարուեցաւ Ուրբաթ, 31 Յուլիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահը, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, ներկայութեամբ Թեմի երեսփոխաններուն, Ազգ. Կրօնական Ժողովի, Ազգ. Վարչութեան շրջանաւարտ կազմերուն եւ խորհուրդներու ատենապետներուն:
Նիստը յատկացուած էր Թեմի շրջանաւարտ Գործադիր Իշխանութեան զոյգ կազմերու գործունէութեան երկամեայ (2013-2015) տեղեկագիրներու քննարկման, արժեւորման եւ նոր կազմերու ընտրութեան:
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 161րդ նիստը սկսաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր բացման աղօթքով, որ նաեւ «Հոգւոց» արտասանեց ժողովի անդամ նորոգ հանգուցեալ Վահէ Թիւթիւնճեանի հոգւոյն: Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գահակալ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական ողջոյնները, բարեմաղթութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքները, Ժողովին գումարումը ինքնին նկատելով հայութեան վաւերական ներկայութեան ապացոյց, երբ Թեմի Ազգ. Իշխանութիւնը սուրիական տագնապի դժուարին պայմաններուն մէջ ոչ միայն կը շարունակէր ապրիլ ու գործել, այլ նաեւ ստեղծագործել, գնահատանքը յայտնելով շրջանաւարտ կազմերուն, զորս միաժամանակ կազմակերպած էին Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաձեռնութիւնները, բարի աշխատանք, արդիւնաւէտ գործունէութիւն եւ քաջառողջութիւն մաղթելով բոլորին:
Ներկայացուեցան շրջանաւարտ Ազգ. Կրօնական Ժողովի եւ Ազգ. Վար-չութեան երկամեայ տեղեկագիրները, որոնք հանգամանօրէն փոխանցեցին երկամեակի վարչական, ժողովական, հոգեւոր, միջ-համայնքային, միջ-եկեղեցական, քրիստոնէական դաստիարակութեան, կրթական, կալուածական, տնտեսական, ընկերային ծառայութեան, մարդասիրական, դատաստանական բնագաւառներու լայնածիր գործունէութիւնները: Իւրաքանչիւր տեղեկագրի ընթերցման յաջորդեցին լուսաբանական հարցումներ, տեղի ունեցան քննարկումներ եւ կատարուեցան առաջարկներ, ապա ներկայացուած տեղեկագիրները վաւերացուեցան Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ: Փոխանցուեցան նաեւ Թեմի երկամեայ Տնտեսական եւ Հաշուեքննիչ Մարմնի տեղեկագիրները, որոնք իրենց կարգին յետ քննարկման վաւերացուեցան ժողովականներուն կողմէ:
Ժողովականները իրենց անվերապահ գնահատանքը արձանագրեցին շրջանաւարտ կազմերուն: Անոնց կողմէ տարուած բազմաբնոյթ գործունէութիւնները` խօսուն ապացոյցներ էին, որ անոնք յաջողած էին տնտեսել, ըստ կարելւոյն, հասնիլ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կարիքներուն, արտայայտելով որպէս կազմակերպ հաւաքականութիւն գործելու մեր կամքը:
Այս բաժնի աւարտին, կատարուեցան յառաջիկայ երկամեակին համար առաջարկներ:
Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը`
-Յանձնառութիւն յայտնեց առկայ պայմաններու պատճառով անհրաժեշտ ձեւափոխումներու եւ յարմարեցումներու ենթարկել մեր կրթական համակարգի պահպանմանի նպաստ:
-Թելադրեց Ազգ. պաշտօնէութեան (հոգեւորական, աշխարհական) ամսականներու յաւելումի ծրագրի իրագործումը հետապնդել:
-Անհրաժեշտ նկատեց`
– Ներքին տեղաշարժերու հետեւանք թեմական կառոյցի յարմարեցման հարկաւոր տնօրինումները իրագործել:
– Սուրիական տագնապին պատճառով համայնքիս կրած կորուստներու եւ վնասներու մասին ցարդ եղած բոլոր արձանագրութիւններու ամբողջական վաւերագրութիւնը պատրաստել:
Ժողովի Բանաձեւերու վաւերացումէն ետք, տեղի ունեցաւ նոր կազմերու ընտրութիւնը հետեւեալ կերպով.
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Կրօնական Ժողով
Գերապաիւ Տ. Վահան Ծ. Վրդ. Պէրպէրեան
Արժանապատիւ Տ. Յուսիկ Ա. քհնյ. Սեդրակեան
Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան
Արժանապատիւ Տ. Մաշտոց Ա.քհնյ. Արապաթլեան
Արժանապատիւ Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան
Արժանապատիւ Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան
Արժանապատիւ Տ. Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեան
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութիւն
Երկրչ. Կարպիս Թովմասեան
Երկրչ. Մարալ Սէմէրճեան
Դոկտոր Հուրի Ազէզեան
Տիար Յարութիւն Հայրապետեան
Երկրչ. Տիգրան Պետրոսեան
Տիար Սարգիս Կիրակոսեան
Տիար Փիէռ Մուսալլի
Տիար Ռաֆֆի Թանաշեան
Տիար Գուրգէն Գալուստեան
Ազգ.Երեսփոխանական Ժողովը ընտրեց յառաջիկայ երկամեակի Հաշուեքննիչ Մարմինը:
Ընտրուեցաւ Ազգ.Երեսփոխանական ժողովի Դիւանը`
Տիար Ժիրայր Րէիսեան Ատենապետ
Մեթր Սնպուլ Սնպուլեան Ատենապետ
Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան Ատենադպիր
Օր. Սիլվա Ճապաղջուրեան Ատենադպիր
Ժողովի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին, գնահատանքը` շրջանաւարտ կազմերուն եւ շնորհաւորութիւնները` նոընտիր կազմերուն, որոնց անդամները գիտակցելով հանդերձ տիրող տագնապին ու դժուարութիւններուն, յանձնառութեամբ կը ստանձնեն իրենց վստահուած ազգային պարտականութիւնը:
Ընդգծեց, թէ Բերիոյ Հայոց Թեմի աշխատանքները աստիճանական կերպով եւ անաղմուկ աճումի ընթացքի մէջ են:
Որդիական շնորհակալութիւնները յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ օրհնութիւնը հայցեց Սուրիական Հայրենիքին եւ մեր ժողովուրդին համար:
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 161րդ նիստը վերահաստատեց սուրիահայութեան գոյերթը շարունակելու հաստատակամութիւնը եւ Սուրիական Հայրենիքի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հանդէպ իր հաւատարմութիւնը:
Նիստը փակուեցաւ` Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով:
Դիւան
Բերիոյ Հայոց Թեմի
Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի
31/07/2015