kantsasar.com – Հա­լէ­պա­հա­յե­րուն Հա­յաս­տան հաս­տատ­ուի­լը շատ մը դրա­կան ու ժխ­տա­կան երե­ւոյթ­նե­րու դուռ բա­ցաւ: Հասկ­նա­լի է, որ­քան որ նոյն ար­մա­տէն սե­րած ենք, տար­բեր երկ­նա­կա­մար­նե­րու տակ, տար­բեր պայ­ման­նե­րու են­թարկ­ուած ենք ու ազդ­ուած է մեր լե­զուն, մեր մշա­կոյ­թը, մեր ապ­րե­լա­ձե­ւը, մեր մտա­ծե­լա­կեր­պը…

Երբ մէ­կը նոր շր­ջա­պա­տի մէջ կը մտ­նէ, կա­մայ թէ ակա­մայ, պի­տի յար­մա­րի նոր պայ­ման­նե­րուն, եթէ ան­շուշտ կ՛ու­զէ մէկ ան­դա­մը դառ­նալ այդ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան: Հա­յաս­տան­ցի­ներ, որոնք Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ գաղ­թած են, ան­մի­ջա­պէս իւ­րա­ցու­ցած են տե­ղա­կան լե­զուն, բար­քե­րը, սո­վո­րու­թիւն­նե­րը, ապ­րե­լա­ձե­ւը, օրէնք­նե­րը եւ ան­շուշտ, օրի­նա­զան­ցու­թիւնը:

Սուր­ի­ա­հա­յե­րը, որ Հա­յաս­տան կու գան, Ամե­րի­կա­յի նման լրիւ տար­բեր մի­ջա­վայ­րի մէջ չէ որ կը մտ­նեն, այլ իրենց հա­րա­զատ, հայ­կա­կան մի­ջա­վայ­րին մէջ շու­տով պէտք է ներգ­րաւ­ուին, սա­կայն, զար­մա­նալի­օ­րէն կը դժ­ուա­րա­նան: Դժ­ուա­րու­թեան բուն աղ­բիւ­րը նիւ­թա­կան պայ­ման­ներն են. դրա­մի նե­ղու­թիւն, գործ գտ­նե­լու դժ­ուա­րու­թիւն: Եւ այս գլ­խա­ւոր խն­դի­րին պատ­ճա­ռով, կը բո­ղո­քեն ու կը գան­գա­տին.

– Հա­յե­րէն մը կը խօ­սին, որ բան չես հասկ­նար:

– Կար­ծես Եւ­րո­պա է, ամէն ինչ սուղ. Հա­լէ­պին աչ­քը սի­րես:
– Ամօթ ըս­ուա­ծը չկայ, տղայ, աղ­ջիկ փո­ղո­ցին մէջ կը համ­բուր­ուին:
– Բնա­կած շէն­քիդ դրա­ցի­նե­րը երե­սիդ չեն նա­յիր, բա­րեւ մը չեն տար:
– Սուր­ի­ա­ցի ըլ­լալ­նիս ան­մի­ջա­պէս կը գիտ­նան ու երես­նին կը թըթ­ուեց­նեն:

Եւ այս տե­սա­կի ան­վեր­ջա­նա­լի գան­գատ­ներ: Սխա՞լ են, կը չա­փա­զան­ցե՞ն, ո՛չ, ճիշդ են, սա­կայն, եթէ հաս­տատ­ուած են ու գոր­ծի տէր դար­ձած կամ նիւ­թա­կա­նի հարց չու­նին, ապա այդ յիշ­ուած բո­լոր գան­գատ­նե­րը կը նսե­մա­նան ու ըմբռ­նու­մով կը մօ­տե­նան: Կ՛ապ­րին, կ՛ըն­տե­լա­նան ու ամէն վայրկ­եան «Ախ Հա­լէպ, ախ» ըսե­լով ծունկ չեն ծե­ծեր: Ծունկ չեն ծե­ծեր, բայց կա­րօ­տով կը յի­շեն:

Սուր­իոյ դժ­բախտ պայ­ման­նե­րը մեզ այս­տեղ հաս­ցու­ցին: Գո­յա­տե­ւե­լու, «վե­րապ­րե­լու» հա­մար անհ­րա­ժեշտ է ակ­ռա­նե­րը սեղ­մել եւ փոր­ձել դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն կուրծք տալ, դի­մա­նալ, համ­բե­րել: Այ­լընտ­րանք եթէ կայ իսկ, անոր շող­շո­ղուն երե­սը տես­նե­լով խաբ­ուե­լու ու բա­ւա­րար­ուե­լու չէ: Բան մը շա­հե­լու հա­մար, բա­ներ կորսնց­նե­լը ճի՞շդ է. բան մը շի­նե­լու հա­մար, բա­ներ քան­դե­լը ճի՞շդ է:

Այս բո­լո­րով հան­դերձ, իւ­րա­քան­չիւ­րը կը շար­ժի իր կողմ­նա­ցոյ­ցով, որ տար­բեր ձգո­ղա­կան ու­ժե­րու են­թա­կայ է: Ափ­սոս որ մէկ ու մի­ակ կողմ­նա­ցոյց մը չու­նինք, չենք ու­նե­ցած անց­եա­լին ու երե­ւի պի­տի չու­նե­նանք գա­լի­քին ալ…: Այս ալ խե­լա­ցի ազգ ըլ­լա­լու ան­պա­տե­հու­թիւնն է. ան­հա­տա­կան մեր խե­լա­ցու­թիւնը հա­ւա­քա­կա­նի չկր­ցանք վե­րա­ծել: Կո­տոր­ուե­ցանք, կո­տո­րակ­ուե­ցանք ու եթէ այս­պէս շա­րու­նա­կենք, աւե­լի պի­տի կո­տո­րակ­ուինք ու ման­րա­նանք: Ու­շա­դի՛ր. յան­կարծ փոշիի չվե­րած­ուինք…
Ո՞վ պի­տի կա­րե­նայ բո­լոր կողմ­նա­ցոյց­նե­րը ձու­լել ու մէկ կողմ­նա­ցոյ­ցի վե­րա­ծել:

Յակոբ Միքայէլեան