kantsasar.com – Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օգ­նու­թեան հաս­նող­նե­րու, անոր ապա­հո­վու­թեամբ մտա­հո­գուող կող­մե­րու ջան­քերն ու կո­չե­րը շնոր­հա­կալ ճի­գեր են, որոնք յոյս ու կո­րով, մա­քա­ռե­լու կամք ու համ­բե­րու­թիւն կը ներշն­չեն իւ­րա­քան­չիւր սուր­ի­ա­հա­յու: Զգու­շա­ւո­րութ­եամբ պէտք է մօ­տե­նալ սա­կայն ոչ պաշ­տօ­նա­կան կող­մե­րէ հա­մա­ցան­ցա­յին էջե­րու մէջ տա­րա­ծուող այն տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն կամ հն­չած ահա­զան­գա­յին լու­րե­րուն, որոնք եր­բեմն անզ­գա­լա­բար խու­ճա­պա­յին մթ­նո­լորտ կը ստեղ­ծեն, առանց զգու­շա­ւո­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու գերզ­գա­յուն իրա­վի­ճա­կի մէջ գո­յա­տե­ւող սուրիա-­հա­յու­թեան նկատ­մամբ:

Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կեց­ուածք­նե­րուն, դիր­քո­րո­շում­նե­րուն, անոր պա­տաս­խա­նա­տու մար­մին­նե­րուն կա­տա­րած հա­ղոր­դագ­րու­թիւն­նե­րուն, յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն հա­կա­սող ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը, ցա­ւօք, եր­բեմն ապա­տե­ղե­կա­տուու­թեան կը վե­րած­ուին` երբ զուրկ կ՛ըլ­լան գետ­նի վրայ տի­րող կա­ցու­թեան իս­կա­կան պատ­կե­րը ներ­կա­յաց­նող տու­եալ­նե­րէ: Ապա­տե­ղե­կա­տուու­թիւն, որ առա­ջին հեր­թին կը վնա­սէ Հա­լէ­պի մէջ կա­մո­վին ապ­րող մեր հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րուն, երի­տա­սար­դութ­եան, որոնք աշ­խա­տան­քի ու նուի­րու­մի եզա­կի օրի­նա­կով կը շա­րու­նա­կեն գո­յա­տե­ւել, հա­մախմբ­ուիլ հայ­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու շուրջ, կան­գուն պա­հել կր­թա­կան մեր կա­ռոյց­ներն ու միու­թիւն­նե­րը, հաս­նիլ ժո­ղո­վուր­դի կա­րիք­նե­րուն եւ ուս-ու­սի տուած դժ­ուա­ր-ու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու մի­ջոց­ներ կ՛որո­նեն:

Ոչ պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­ներ չա­փա­զանց­ուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, ստեղծ­ուած վի­ճակ­նե­րու ոչ լի­ար­ժէք իմա­ցու­թեամբ, օգ­նե­լու փո­խա­րէն եր­բեմն բա­ցա­սա­կան անդ­րա­դարձ կ՛ու­նե­նան սուր­ի­ա­հայ երի­տա­սար­դին, ու­սա­նո­ղին վրայ յատ­կա­պէս` շփո­թի մատ­նե­լով եւ հապ­ճեպ որո­շում­ներ առ­նե­լու մղե­լով զի­րենք:

Հասկ­նա­լի են ու գնա­հա­տե­լի օժան­դա­կու­թեան փու­թա­լու մեր ազ­գի զա­ւակ­նե­րուն ան­կեղծ ջան­քերն ու տագ­նապ­նե­րը, այն­ուա­մե­նայ­նիւ զգու­շա­ւո­րու­թիւնն ու լու­րը ճիշդ աղ­բիւ­րէն, յատ­կա­պէս հա­մայն­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն առ­նե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւնը աւե­լի քան կա­րե­ւոր է գերզ­գա­յուն այս հանգր­ուա­նին մէջ:

Տե­ղե­կա­տուու­թիւն-ապա­տե­ղե­կա­տուու­թիւն խառ­նաշ­փոթ վի­ճա­կէն հնա­րա­ւո­րինս պէտք է խու­սա­փիլ եւ վեր­ջա­պէս նկա­տի ու­նե­նալ այն հան­գա­ման­քը, որ սուր­ի­ա­հա­յու­թիւնը, հա­կա­ռակ իր կրած ան­հա­մար վնաս­նե­րուն, Սուր­իոյ տար­բեր քա­ղաք­նե­րուն մէջ կը շա­րու­նա­կէ գո­յա­տե­ւել իր կա­ռոյց­նե­րով ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րով: Գա­ղու­թին թիւը կր­նայ նօս­րա­ցած ըլ­լալ, բայց գո­յա­տե­ւե­լու կամքն ու տագ­նա­պէն դուրս գա­լու հա­ւատ­քը, հա­կա­ռակ բազ­մա­պի­սի դժ­ուա­րու­թիւն­նե­րուն, եր­բե՛ք:

Այս ճշ­մար­տու­թեան վկա­յու­թիւնը կու տան կազ­մա­կեր­պուող բազ­մա­թիւ ձեռ­նարկ­ներն ու նուիր­եալ այն երի­տա­սարդ­նե­րը, որոնք կ՛ուր­ուագ­ծեն տագ­նա­պող, մի­ա­ժա­մա­նակ ան­կոտ­րում թա­փով մա­քա­ռող հա­մայն­քի մը կամքն ու հա­ւատ­քը:

Միայն պա­տաս­խա­նա­տու եւ առար­կա­յա­կան լրա­տուու­թեամբ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ հա­մայն­քի իս­կա­կան պատ­կե­րը ներ­կա­յացը­նել, որուն հի­ման վրայ նպաս­տել սուր­ի­ա­հա­յու­թեան:

Իսկ սուր­ի­ա­հայ հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րը իրենց մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը փա­րա­տե­լու կամ տա­րա­ծուող լու­րե­րուն գծով հիմ­նա­ւոր­ուած տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նա­լու հա­մար փա­փա­քե­լի է որ դի­մեն հա­մայն­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, եւ հե­տե­ւին պաշ­տօ­նա­կան մա­մու­լին:

Ներ­կայ կա­ցու­թեան մէջ անհ­րա­ժեշտ է բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ յա­ճա­խա­կի դարձ­նել հա­մայն­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, ղե­կա­վար­նե­րուն եւ ժո­ղո­վուր­դին հան­դի­պում­նե­րը, թա­փան­ցիկ զրոյց­նե­րը, որոնք ըն­թացք առած են ար­դէն: Այս իմաս­տով աւե­լի քան խօ­սուն էր «Քրիս­տա­փոր» Ու­սա­նո­ղա­կան Միու­թեան կազ­մա­կեր­պած հան­դի­պում-զրոյ­ցը հա­լէ­պա­հայ ու­սա­նող­նե­րու եւ հա­մայ­նքա­պետ­նե­րու մի­ջեւ, որուն ման­րա­մաս­նօ­րէն պի­տի անդ­րա­դառ­նանք «Գան­ձա­սար»ի յա­ռա­ջի­կայ հա­մա­րով:
Զ.Պ.