KANTSASAR – Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ.Երեսփոխանական Ժողովը իր 160-րդ նիստը գումարեց Ուրբաթ17 Ապրիլ 2015, Հալէպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ ներքնասրահը, Նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Շահան Ս. Արք.Սարգիսեանի: Ներկաներու շարքին էին, Ազգ.Վարչութեան եւ Ազգ.Կրօնական ժողովներու անդամները եւ Ազգ.Իշխանութեան Խորհուրդներու ատենապետերը:
Ժողովը սկսաւ Գերաշնորհ Առաջնորդ Սրբազան Հօր`աղօթքով եւ բացման խօսքով: Ան գնահատեց ժողովականները, որոնքաչալրջօրէն լծուած են սուրիահայութեան եւ թեմական կեանքի զանազան բնագաւառներու հետ առնչուած աշխատանքներուն եւ ծառայութեանց: Յատուկ գնահատանքով անդրադարձաւսուրիահայութիւնըկազմող մեր բոլոր կառոյցներուն եւ մասնաւորաբար Հաէպահայ համայնքի զաւակներուն, որոնքմիասնակամութեամբ կը փորձեն շրջանցել սուրիահայութեան վիճակուած ծանր տագնապին դժուարութիւններն ու անոնց հետեւանքները: Ապա հրաւիրեց ժողովականները իրատեսութեամբ քննարկել օրակարգային հարցերը, ըստ կարելւոյն նպատակային ծրագրումներու հասնելու համար:
Ազգ.Երեսփոխանական Ժողովը,որպէսշարունակութիւն 20 – 21 Փետրուար 2015ին գումարուած 159րդ նիստիքննարկումներուն, նախ վերահաստատեց սուրիահայութեան քաղաքացիական հանգամանքէն մեկնած պարտաւորութիւններն ու յանձնառութիւնները,յետոյքննարկեց.
Ազգային կեանքի վերակազմակերպման եւ նոր իրադրութիւններունհետյարմարեցման անհրաժեշտութեան հարցերը:
Բերիոյ Հայոց Թեմի տարածքին, ժողովրդային տեղաշարժերուն պատճառով ստեղծուած նոր շրջաններու կազմակերպման խնդիրներ:
Կրթական հիմնարկներու պարզած իրավիճակային խնդիրներու եւ յառաջիկայ տարեշրջանին հաւանական թուական պատկերին դիմաց` բարենպաստ տնօրինումեր կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
Պարտադիր տեղաշարժի հետեւանքով` ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու անոնց հետեւանքները:
Առկայ պայմաններուն ներքեւ կենցաղային դժուարութիւններն ու անոնց հետեւանքները:
Ազգային թէ անհատական` հայապատկան կալուածներու իրաւական կացութեան ամրագրման անհրաժեշտութիւնը:
Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործին` համազգային տարողականութեան առնչուած ակնկալութիւնները:
Հակառակ անբարենպաստ իրավիճակներուն, համախումբ եւ կազմակերպ գոյութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:
Ժողովրդային զանգուածներու անմիջական կարիքներու բաւարարման հարցերը:
Վերոնշեալլայն վերնագրումներուն ներքեւ, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը կատարեց ցուցմունքներ, թելադրանքներ եւ կայացուց ուղենշային որոշումներ, անոնց գործադրութեան հետապնդումը վստահելով Ազգ. Իշխանութեան Գործադիր Ժողովներուն եւ Մարմիններուն:
Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը բարձր գնահատեց այժմու իրադրութեան մէջ, հնարաւորութիւններու առաւելագոյն լարումով` Ազգային ծառայութեան դաշտին մէջ` յանձնառութեամբ իրենց ներդրումը բերողմերհամայնքի բոլոր կառոյցներն ու զաւակները:
Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ծրագիրներուն իրականացման կարելիութեանց մասին:
Սուրիական հայրենիքին, Բերիոյ Հայոց Թեմինեւ սուրիաբնակ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները համատեղ, համազգային եւ նպատակային ծրագրումներով շրջանցելու յոյսով եւ յանձնառութեամբ` Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի160րդ նիստըվերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր փակման խօսքովեւ պահպանիչ աղօթքով:
ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳ. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
ՀԱԼԷՊ
17 Ապրիլ 2015