KANTSASAR/fb/Թիւ:1
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմնին հրաւէրով, Երկուշաբթի, 9 Փետրուար 2015-ին, Հալէպի Ս.Աստուածածին Եկեղեցւոյ ժողովասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հալէպի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող մարմնին առաջին նիստը, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ . Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի, մասնակցութեամբ՝ հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն:
Սրբազան հայրը մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Պետական Յանձնաժողովին հրատարակած Հայոց Ցեղասպանութեան Համահայկական Հռչակագրին եւ շեշտեց Հայ Դատի եւ պահանջատիրական գործընթացի աշխատանքներուն մէջ սուրիահայութեան կարեւոր դերակատարութիւնը, հակառակ Սուրիոյ պատերազմական բարդ կացութեան:
Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան լուսարձակի տակ առաւ Սուրիոյ մակարդակով կայանալիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները:
Այնուհետեւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն թելադրուեցաւ ապրիլեան ձեռնարկներու ընթացքին Անմորուկ ծաղիկը որդեգրել որպէս պաշտօնական նշանակ:
Աւարտին, սրբազան հօր եւ վերապատուելիին ներկայութեամբ ընտրուեցաւ Հալէպի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռնարկները համակարգող մարմնին դիւանը, հետեւեալ մանրամասնութեամբ․-
Ատենապետներ տիար Ժիրայր Րէիսեան եւ տիար Հրանդ Աթթարեան
Ատենադպրուհիներ տիկին Լարա Տիրարեան եւ տիկին Վարդուկ Պարտագճեան
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Սուրիոյ Կեդրոնական Մարմին