PERIO NEWS- /fb/Ուրբաթ 30 յունուար 2015-ի երեկոյեան, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ հրթիռակոծման թիրախ դարձաւ մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ բնակչութիւն ունեցող «Ազիզիէ» շրջանին մէջ գտնուող հայաբնակ «Ալ- Զահրա» շարժապատկերի սրահի թաղամասը:

Արձակուած հրթիռներու պայթումին պատճառով արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ, որոնց կարգին հայեր եւ տեղացիներ։

Վիրաւորները անմիջապէս փոխադրուեցան հիւանդանոց։ Հայ վիրաւորներէն 1965-ի ծնունդ Գէորգ Հալլաճեանի կեանքը կարելի չեղաւ փրկել սակայն անոր դուստրերուն համապատասխան դարմանումներ կատարուեցաւ:

Պայթումները նիւթական ծանր վնասներ պատճառեցին շրջանի ինքնաշարժներուն, բնակարաններուն, խանութներուն, եւ հրդեհի մը բռնկման։ Տակաւին չենք նշեր անոր պատճառած վախի, սարսափի ու հոգեկան խանգարումներու մասին, որ անդամալուծեց շրջանը:

Նշենք, թէ նոյն վայրը 10 դեկտեմբեր 2014-ին նորէն հրթիռակոծուած էր: