KANTSASAR/fb/ – Կիրակի 25 Յունուար 2015-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ թիրախ դարձուցին Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը:
Քաղաքի տարբեր թաղամասեր հրթիռակոծման ենթարկուեցան, արձանագրուեցաւ 6 զոհ եւ տասնեակ վիրաւոր:
Դամասկոսը հարուածած աւելի քան 40 հրթիռներն ու ռումբերը պատճառեցին 6 զոհ եւ աւելի քան 50 վիրաւորներ: