KANTSASAR- Ուրբաթ 23 Յունուար 2015-ի կէսօրին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ արձակուած հրթիռ մը ինկաւ Հալէպի Թիլել պողոտային մէջ, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդարանին մօտ, որուն հետեւանքով զոհուեցաւ երեք քաղաքացի, վնասուեցան բազմաթիւ բնակարաններ եւ խանութներ, արձանագրուեցան վիրաւորներ։