Լալա Միսկարեան-Մինասեան

Լալա Միսկարեան-Մինասեան

kantsasar – Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը կը նկատ­ուի ուղ­ղագ­րա­կան դժ­ուա­րու­թիւն ու­նե­ցող լե­զու, յատ­կա­պէս` երբ մենք տեղ­եակ չենք անոր օրէնք­նե­րուն եւ քիչ կ՛ըն­թեր­ցենք: Այ­նու­հան­դերձ մեր մա­մու­լի եւ գիր­քե­րու մէջ, բաղ­դա­տու­թեամբ կէ­տադ­րա­կա­նի, ուղ­ղագ­րա­կան սխալ­նե­րը հազ­ուա­դէպ են: Հա­ւա­նա­բար այս պա­րա­գա­յին դեր ու­նին բա­ռա­րան­նե­րը: Քե­րա­կա­նա­կան գիր­քե­րու կէ­տադ­րու­թեան բա­ժին­նե­րը շա­տե­րու ան­ծա­նօթ կը մնան, ուս­տի կէ­տադ­րա­կան սխալ­ներ աւե­լի յա­ճա­խա­դէպ են:

Կար­ծիք կայ, թէ կէ­տադ­րու­թիւնը են­թա­կա­յա­կան նա­խա­սի­րութ­եան հարց է եւ կոչ­ուած է գրո­ղին տրա­մադ­րու­թիւն­ներն ու շեշ­տե­լիք գա­ղա­փար­նե­րը ընդգ­ծե­լու: Ան­տա­րա­կոյս լե­զու մը ու­նի կէ­տադ­րա­կան օրէնք­ներ, իսկ յիշ­եալ կար­ծի­քը ըն­դու­նե­լի է միայն անոնց հա­մար, որոնք կը տի­րա­պե­տեն լեզ­ուի ոճա­կան իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րուն, շա­րա­հիւ­սա­կան օրէնք­նե­րուն ու նա­եւ` ըն­թեր­ցող են, այ­սինքն` ու­նին տե­սո­ղա­կան յի­շո­ղու­թիւն: Այ­լա­պէս կը սկ­սի շփոթ մը, ին­չի եւ ակա­նա­տես կ՛ըլ­լանք յա­ճախ:

Կէ­տադ­րու­թիւնը նպա­տակ ու­նի մեր խօս­քը յս­տակ ըմբռ­նե­լի դարձ­նել: Առանց անոր միշտ չէ որ մեր խօս­քը մեր ու­զած ձե­ւով կը հասկց­ուի: Մեր նախ­նի­քը կէ­տադ­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւնը հաս­տա­տե­լու հա­մար զուար­ճա­լի օրի­նակ­ներ յօ­րի­նած են, որոնք շա­տե­րու ծա­նօթ են, ինչ­պէս`

Կար­դա՛ հօրդ պէս, էշ մի՛ ըլ­լար: Ինչ­պէս կը տես­նէք, հայ­րը մե­ծար­ուած է. սա­կայն`

Կար­դա՛, հօրդ պէս էշ մի՛ ըլ­լար խօս­քի պա­րա­գա­յին, ըն­դա­մէ­նը պըզ­տիկ ստո­րա­կէ­տի մը հե­տե­ւան­քով, անարգ­ուած են ե՛ւ հայր, ե՛ւ որ­դի: Նման դա­սե­րու զուար­ճա­լի ըլ­լա­լը կ՛ըն­դու­նինք, սա­կայն կ՛ըմբռ­նենք նա­եւ մեր նախն­եաց մտա­հո­գու­թիւնը, այ­սինքն` կէ­տադ­րա­կան սխա­լի պա­րա­գա­յին վնա­սին չա­փը:

Յատ­կա­պէս նկա­տե­լի է բութ ( ` ) տրոհ­ման նշա­նին սխալ կամ ան­հար­կի գոր­ծա­ծու­թիւնը: Բու­թը հա­յե­րէ­նի յա­տուկ նշան է եւ ու­նի առանձ­նա­յա­տուկ դեր:

Այս առ­թիւ անդ­րա­դառ­նանք բու­թի սխալ գոր­ծա­ծու­թեան ընդ­հան­րա­ցած քա­նի մը երե­ւոյթ­նե­րու: Ամէ­նէն յա­ճա­խա­դէ­պը ամուս­նա­կան եւ այլ հրա­ւի­րա­տոմ­սե­րու պա­հա­րան­նե­րու վրայ բու­թի ան­հար­կի գոր­ծա­ծու­թիւնն է: Այս­պէս`
Մե­ծա­յարգ` Պրն. Հայկ Գրի­գոր­եան,

Ազն­ուա­փայլ` Տիկ. Անի Աբ­գար­եան եւայլն:

Այս պա­րա­գա­յին Մե­ծա­յարգ-ը, Ազն­ուա­փայլ-ը եւ նման այլ բա­ռեր մար­դոց անուն­նե­րուն վրայ դրուող որո­շիչ վե­րա­դիր­ներ են, ինչ­պէս որ ածա­կա­նի գոր­ծա­ծու­թիւնը. այս­պէս`
կար­միր ծա­ղիկ,
հա­մեստ աղ­ջիկ,
մեծ դուռ եւ այլն:
Վե­րա­դիր ածա­կա­նին ու իր գո­յա­կա­նին մի­ջեւ որե­ւէ կէտ չի դր­ուիր: Բու­թը, ինչ­պէս վե­րը նշ­ուե­ցաւ, տրո­հու­մի, այ­սինքն` բա­ժա­նու­մի, զա­տու­մի նշան է, հե­տե­ւա­բար այս պա­րա­գա­յին` աւե­լորդ:
Երկ­րորդ պա­րա­գան աւե­լի նոր ժա­մա­նակ­նե­րու երե­ւոյթ է եւ կը վըխ­տայ մեր տպա­գիր գրե­թէ բո­լոր հրա­տա­րակու­թեանց մէջ: Ան­ձի մը դե­րը, պաշ­տօ­նը, դիր­քը, կո­չու­մը մատ­նան­շող բա­ռին վրայ ան­հար­կի բութ կը դր­ուի, յայտ­նի չէ ո՞ր օրէն­քի հա­մա­ձայն: Այս­պէս`
Երկ­րա­չափ` Ար­սէն Մկր­տիչ­եան,
Բժիշկ` Ար­մէն Գէ­որգ­եան,
Միու­թեան հո­գա­բար­ձու­թեան ատե­նա­պետ` Լե­ւոն Յա­րու­թիւն­եան եւայլն:
Հոս, կ՛են­թադ­րեմ, շփո­թու­թիւն կայ բա­ցա­յայ­տիչ բա­ցա­յայտ­եա­լի մի­ջեւ դրուող բու­թի օրէն­քին հետ, որ հե­տեւ­եալն է`
Դա­սը վա­րեց մեր ու­սու­ցի­չը` Պրն. Մկր­տիչ­եան…
Շէն­քը նա­խագ­ծեց մեր հիմ­նար­կի երկ­րա­չա­փը` Պրն. Օղիկ­եան:
Պետ­րոս Դուր­եան` Սկիւ­տա­րի սո­խա­կը, նա­եւ թա­տե­րա­գիր էր:
Անին` քոյրս, լաւ կ՛ար­տա­սա­նէ:
Ինչ­պէս կը տես­նենք, հոս կայ ճշ­դում, այ­սինքն` լրա­ցու­ցիչ բա­ցատ­րու­թիւն:
Նկատ­ուած եր­րորդ պա­րա­գան եւս օրէն­քի իրա­ւունք առած ու բազ­մած է ամէ­նուր: Բութ կը դնեն կա­տար­եալ անց­եալ ժա­մա­նա­կով դըր­ուած բա­յին վրայ, որ տու­եալ պա­րա­գա­յին կազ­մած կ՛ըլ­լայ պարզ հա­մա­ռօտ նա­խա­դա­սու­թիւն, այ­սինքն` միայն են­թա­կա­յէ եւ ստո­րո­գի­չէ կազմ­ուած: Այս­պէս`
Խմ­բագ­րեց` Մար­իա Մի­նաս­եա­նը:
Պատ­րաս­տեց` Ար­շակ Մար­գար­եա­նը:
Գծեց` Ար­մէ­նը:

Հա­մա­ռօտ նա­խա­դա­սու­թիւնը որե­ւէ կէտ չի պա­հան­ջեր, առա­ւել եւս` բութ:

Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը պե­տա­կան լե­զու չէ, ու մա­նա­ւանդ` մե­ծա­թիւ չէ զայն լաւ իմա­ցող ու գոր­ծա­ծող մար­դոց թիւը: Այս պայ­ման­նե­րուն մէջ, երբ Մի­ջին Արե­ւել­քի գա­ղութ­նե­րը, մաս­նա­ւո­րա­բար Հա­լէ­պի սնու­ցիչ գա­ղու­թը օրըս­տօ­րէ կը նօս­րա­նայ, արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նին ճա­կա­տա­գի­րը առա­ւել կաս­կա­ծե­լի կը դառ­նայ, եթէ մենք յա­տուկ ու­շադ­րու­թեամբ ու գուր­գու­րան­քով չմօ­տե­նանք մեր սքան­չե­լի լեզ­ուին: Մեր իւ­րա­քան­չիւր թե­րա­ցու­մը կամ ան­հո­գու­թիւնը քայլ մըն են դէ­պի վաղ­ուան ան­տե­սու­մը: Ինք­զինք յար­գող ոե­ւէ անձ իր խօ­սած ու գրած լեզ­ուին հան­դէպ նա­խան­ձախն­դիր է: Հա­յը պատ­ճառ չու­նի իր հա­զա­րամ­եայ լե­զուն թե­րագ­նա­հա­տե­լու: Արեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի կո­րուս­տը միայն խօ­սուող լեզ­ուի մը մա­հը չէ, այլ անոր կապ­ուած հո­գե­բա­նու­թեան, մշա­կու­թա­յին խոր շեր­տե­րու կո­րուս­տը ու նա՛մա­նա­ւանդ` կո­րուս­տը իր­մով ստեղծ­ուած բա­ցա­ռիկ հա­րուստ ու գե­ղե­ցիկ գրա­կա­նու­թեան, որ կը կր­թէ ու կը ձե­ւա­ւո­րէ հա­յու հո­գին, անոր մէկ կա­րե­ւոր կապն ըլ­լա­լով իր կո­րուս­եալ հայ­րե­նի­քին, ազ­գա­յին մեծ մշա­կոյ­թին, իր ինք­նու­թեան հա­զա­րամ­եայ ար­մատ­նե­րուն հետ:

Ու­րեմն` նպա­տակս քե­րա­կա­նու­թեան դաս տալ չէ, նա­եւ հոս տե­ղը եւ տե­ղին չէ բու­թի գոր­ծա­ծութ­եան բո­լոր պա­րա­գա­նե­րը նշել: Ցան­կա­լի է առա­ւել յար­գանք, հո­գա­տա­րու­թիւն տես­նել մեր լեզ­ուին հան­դէպ (ինչ որ կա՛յ ու տա­կա­ւին կը մնայ սփիւռ­քա­հա­յոց շնոր­հը), նուա­զած տես­նել կէ­տադ­րա­կան սխալ­նե­րը:

Օրէնք­նե­րը իմա­նա­լու հա­մար կա­րե­լի է ծա­նօ­թա­նալ քե­րա­կա­նութ­եան դա­սա­գիր­քե­րու հա­մա­պա­տաս­խան բա­ժին­նե­րուն: Հա­լէ­պի մէջ առա­ւել մատ­չե­լի աղ­բիւր է Յա­կոբ Չո­լաք­եա­նի կազ­մած «Հա­յե­րէ­նի աւան­դա­կան ուղ­ղագ­րու­թիւն» ու­ղե­ցոյց-գր­քոյ­կը, ուր բա­ժին մը յատ­կաց­ուած է կէ­տադ­րա­կան օրէնք­նե­րու:

Լալա Միսկարեան-Մինասեան