KANTSASAR/fb/ – Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը հանդիպում մը ունեցաւ Հալէպի հայ համալսարանականներուն հետ, թիւով շուրջ 300 ուսանող-ուսանողուհիներ, եւ շնորհաւորեց անոնց Ամանորը՝ բարի եւ խաղաղ տարի մաղթելով Սուրիական հայրենիքին:
Այս առիթով սրբազան հօր ձեռամբ համալսարանականներուն տրամադրուեցան օժանդակութիւններ: