aztagdaily.com – «Բերիոյ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ 7-11 դեկտեմբեր 2014-ին Դամասկոսի համալսարանին մէջ կայացած Հայկական մշակութային օրերուն նախաձեռնութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցան շարք մը դասախօսութիւններ, որոնցմէ վերջինը ներկայացուեցաւ հինգշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2014-ին` «Հայ գրականութիւնն ու արաբերէն թարգմանութեան շարժումը» խորագիրով:

Դասախօսութիւնը ներկայացուց Դամասկոսի համալսարանի «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ի հայոց լեզուի բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Նորա Արիսեան:

Դոկտ. Նորա Արիսեան անդրադառնալով հայ-արաբական եւ հայ-սուրիական դարաւոր կապերուն, լուսարձակի տակ առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակումը:

Նշենք, որ հայկական մշակութային շաբաթը կ՛ընդգրկէ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի մասին դասախօսութիւններ, ինչպէս նաեւ ժապաւէններու ցուցադրութիւն եւ հայկական հոգեւոր եւ մշակութային նմուշներու ցուցահանդէս:

Ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէր հայոց լեզուի եւ գրականութեան վերաբերեալ արաբերէնով գիրքեր, Երեւանի պետական համալսարանի արեւելագիտութեան բաժանմունքի հրատարակութիւններ, հայկական տարազներ, Հայաստանի մասին լուսանկարներ, մատենադարանին մէջ ցուցադրուած հայկական մանրանկարչութեան նմուշներ եւ արաբերէնով ձեռագիրներու նմուշներ: