kantsasar.com – 17 Օգոս­տոս 2014 , Ս. Աստ­ուա­ծա­մօր վե­րա­փո­խու­թեան օրն է: Ըստ քրիս­տո­ն­է­ա­կան աւան­դութ­եան, Բար­թո­ղի­մէ­ոս առաք­եա­լը չի կր­նար ներ­կայ գտն­ուիլ Ս. Աստ­ուա­ծա­մօր մահ­ուան, թաղ­ման եւ կը հաս­նի միայն եր­րորդ օրը, երբ կ՛այ­ցե­լէ Սուրբն Մար­ի­ա­մի գե­րեզ­մա­նը, զայն թա­փուր կը գտ­նէ եւ առաք­եալ­նե­րը կը հաս­տա­տեն, որ ան եր­կինք բարձ­րա­ցած է. եւ որով­հե­տեւ «Յա­րու­թիւնը» միայն Աստ­ուա­ծոր­դոյն յա­տուկ է, ու­րեմն Աստ­ուա­ծա­մայ­րը, որ­պէս ոչ սո­վո­րա­կան մահ­կա­նա­ցու, եր­կինք բարձ­րա­ցած, այ­սինքն` վե­րա­փոխ­ուած է: Այլ խօս­քով, որ­պէս քրիս­տո­նէ­ու­թեան խոր­քի առանց­քը` Յա­րու­թեան իմաս­տը, որ կը խոս­տա­նայ Յա­րու­թիւն տալ ամէն մե­ռել­նե­րուն, անց­նե­լու հա­մար յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քին, նոյն­պէս եւ վե­րա­փոխ­ման տօ­նը իր մէջ կը խտաց­նէ Յա­րու­թեան գա­ղա­փա­րը` իմաս­տը:

Ու­րեմն, քե­սա­պա­հա­յու­թեան եր­րորդ տե­ղա­հա­նու­թե­նէն հինգ ամիս ետք եւ վե­րա­դար­ձէն մօտ 75 օր ետք, քե­սա­պա­հա­յու­թիւնը տօ­նեց Աստ­ուա­ծա­մօր վե­րա­փոխ­ման սուրբ տօ­նը, որ­պէս Քե­սա­պի «Յա­րու­թեան» տօ­նը:

75 օր առաջ երբ հա­սանք Քե­սապ, կարգ մը կա­ռոյց­ներ տա­կա­ւին կը մխա­յին, փա­կա­գիծ մը բա­նա­լով կ՛ըսենք, որ մօտ 70 կա­ռոյց­ներ (տու­ներ, խա­նութ­ներ, հաս­տա­տու­թիւն­ներ եւ եկե­ղե­ցի­ներ…) քանդը­ւած եւ այ­րած են: Անոնց նկար­նե­րը ողո­ղե­ցին դի­մա­տետ­րի (ֆէյս­պու­քի) էջե­րը: Վե­րա­հա­սու եղանք, որ թէժ մար­տե­րը տե­ղի ու­նե­ցած են յատ­կա­պէս` Չալ­մա շր­ջա­նը, Սըլ­տը­րան լե­րան ստո­րո­տին, Տա­փա­սա­յի բարձ­ունք­նե­րուն (ուր գե­ղա­շէն առանձ­նա­տու­ներ կան) եւ Էքի­զո­լուխ գիւ­ղին մէջ: Նուազ չա­փով վնաս­ուած են Քէ­օր­քիւ­նա եւ Չի­նար գիւ­ղե­րը: Կը հաս­տա­տենք, որ մեծ մա­սամբ մեր տու­նե­րը թա­լա­նի են­թարկ­ուած են եւ ըստ երե­ւոյ­թին թա­լա­նի «ոճէն» դա­տե­լով, մեր­ձա­կայ թր­քա­կան գիւ­ղե­րու բնակ­չու­թեան ձեռ­քի հպու­մը կայ թա­լա­նի գոր­ծին մէջ: Հա­մար­եա ամէն տու­նե­րէն վերց­ուած են հա­գուստ-կա­պուս­տը, ան­կո­ղին­նե­րու վե­րա­բե­րող իրեր, մա­նա­ւանդ ար­դի ներք­նակ­նե­րը (sleep comfort) եւ ամէն մանրա­մաս­նու­թիւն, մա­նա­ւանդ հա­րուստ­նե­րու տու­նե­րէն: Այդ­պէս, անոնք իրենց «քի­թե­րնուն չեն դրած» բուր­դէ կամ բամ­պա­կէ վեր­մակ­նե­րը, այլ առած են արդ­ի­ա­կան dacronէ շին­ուած­նե­րը…

Տու­նե­րէն կը բա­ցա­կա­յին հե­ռա­տե­սիլ­նե­րը, մա­նա­ւանդ flat տե­սակ­նե­րը, եւ անոր առն­չուող ար­բան­եա­կա­յին սար­քե­րը (receiver), սառ­նա­րան­նե­րը, փու­ռե­րը, լուաց­քի կամ պնա­կե­ղէն լուա­ցող մե­քե­նա­նե­րը, կարճ ալի­քով բա­նող փու­ռերը, բաղ­նի­քի վա­ռա­րան­նե­րը եւ տաք ջու­րի տա­կառ­նե­րը… մէկ խօս­քով ելեքթ­րո­նիք-ելեք­թե­րիք սար­քե­րը, պղընձ­եայ եւ ապակ­եայ իրեր…

Այդ «ոճին» կը պատ­կա­նի նա­եւ թա­լա­նը` փայ­տի ելեկտ­րա­կան սղոց­նե­րուն, ելեկտ­րա­կան ար­հես­տա­նո­ցի իրե­րուն, թրաք­թէ­օր­նե­րուն, դեղ սրս­կող սար­քե­րուն, այ­սինքն` գիւ­ղատն­տե­սու­թեան պատ­կա­նող եւ ծա­ռա­յող իրե­րուն:

Այս­պէս, ասոր փաս­տե­րէն մէկն է իմ վա­ճա­ռա­տու­նիս կնի­քին գտնը­ւի­լը Էս­կիւ­րան գիւ­ղի ծայ­րա­մա­սը, թր­քա­կան սահ­մա­նին վրայ գըտ­նուող պար­տէ­զի մը մէջ, որուն տէ­րը` Ստե­փան Շէ­խուկ­եան, մի քա­նի ժամ­ուան հա­մար որ­պէս պա­տանդ չե­չէն կամ աֆ­ղան զին­եալ­նե­րու կող­մէ 21 Մարտ 2014-ին գե­րի ին­կաւ բայց յա­ջո­ղե­ցաւ խոյս տալ` փա­խուս­տի դի­մե­լով:

Ի դէպ, պա­տե­րուն վրայ գըր­ուած զզ­ուե­լի գրու­թիւն­նե­րէն ի յայտ կու գան, որ Քե­սա­պէն ան­ցած են երեք տե­սա­կի զին­եալ­ներ: Նախ օտար, արաբ, ոչ արաբ եւ ոչ սուր­ի­ա­ցի զին­եալ­ներ, որոնց յա­ջոր­դած են թիւրք­մէ­նա­կան- թր­քա­կան ծա­գու­մով հոր­դան­ներ, որոնք բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած են կարգ մը տու­նե­րու մէջ. փաս­տը ար­տա­քին պա­տե­րուն վրայ գր­ուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներն են. «այս տան մէջ կը բնա­կի ըն­տա­նիք» (իմա` կին կայ տան մէջ` չմօ­տե­նալ), ինչ­պէս նա­եւ կեն­ցա­ղա­յին իրե­րը (փոք­րե­րու շո­րեր, ասեղ-դեր­ձան..) եւայլն…
Վեր­ջին խում­բին կը պատ­կա­նին փոքր թիւով սուր­ի­ա­ցի արաբ­ներ (եւ ան­շուշտ օտար­ներ ) մեծ մա­սամբ Իտ­լէպ նա­հան­գէն եւ հա­ւա­նա­բար դե­ռա­տի կամ շատ երի­տա­սարդ իրենց թո­ղած պատ­մու­թեան հա­մար, անձ­նա­կան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րէ­ն դա­տե­լով:

Քե­սապ վե­րա­դար­ձէս (ազա­տագ­րու­թեան երկ­րորդ օրը) եւ տա­կա­ւին առա­ջին 15 օրե­րուն, երբ տա­կա­ւին գիւ­ղին ելեկտ­րա­կա­նու­թեան ցան­ցը մաս­նա­կի վե­րա­կանգն­ուած էր, ստիպ­ուած գի­շեր­նե­րը նա­խա­մար­դոց պէս «սուրբ» կրակ վա­ռե­լով կ՛անց­նէի, մա­սամբ պա­հա­կու­թիւն կա­տա­րե­լով մեր եւ դրա­ցի­նե­րու տու­նե­րուն, կարգ մը ան­կու­մի յա­տա­կը հա­սած մար­դոց­մէ, որոնք կը հա­մար­ձա­կէ­ին «այ­ցե­լե­լու, քն­նե­լու եւ օգտ­ուե­լու հա­մար» չկո­ղոպտը­ւած տու­նե­րու կահ-կա­րա­սի­նե­րէն:

Լուսց­նե­լու հա­մար կ՛ունկնդ­րէի ինք­նա­շար­ժիս ձայ­նաս­փիւ­ռը, պա­տահ­մամբ ընդ­դի­մա­դիր կա­յա­նի մը ական­ջա­լուր եղայ (որ հա­ւա­նա­բար կը ձայ­նասփռ­ուէր Թուրք­իոյ հո­ղե­րէն), ռազ­մա­դաշ­տի լրագ­րո­ղի մը հետ կա­տար­ուած հար­ցազ­րոյ­ցին հե­տե­ւե­ցայ, ան առանց բա­ռե­րը ծամծ­մե­լու յայ­տա­րա­րեց, որ Քե­սա­պի գրա­ւու­մին, զին­եալ­նե­րը տուած են 5500 վի­րա­ւոր եւ 600 զոհ (թէ­եւ Սուր­իոյ մեր պե­տու­թեան տու­եալ­նե­րով զո­հե­րուն թիւը կը հաս­նի 2700-ի), բայց այդ ստ­ուար թիւը (խոս­տո­վա­նու­թիւնը) կը փաս­տէ թէ աւե­լի քան տա­սը հա­զար (գու­ցէ 20000) զին­եալ­ներ թա­փած էին Քե­սապ, գրա­ւե­լու, կո­ղոպ­տե­լու, բնա­կե­լու կամ չգի­տեմ ինչ ընե­լու…:

Եւ երբ Թուրք­իոյ Քե­սա­պի եւ աւե­լի յա­ռա­ջա­դէմ գիւ­ղե­րու թա­քուն ծրա­գիր­նե­րը ձա­խո­ղե­ցան եւ «Քե­սա­պը իր մէջ տե­ղա­ւոր­ուած զին­եալ­նե­րով» բեռ դար­ձաւ արի­նար­բու Սուլ­թան Էր­տո­ղա­նի ու­սե­րուն եւ ան զլա­ցաւ շա­րու­նա­կել զի­նա­կան թէ «լո­ժես­թիք» օժան­դա­կու­թիւնը այդ վայ­րագ հոր­դան­նե­րուն եւ փո­խա­րէ­նը մեր ազ­գա­յին սուր­ի­ա­կան բա­նա­կը զա­նոնք «կր­ծե­լու» ռազ­մա­վա­րու­թեամբ ռազ­մա­դաշտ քա­շեց ու կր­ծեց, անոնք փա­խուստ տուին Քե­սա­պէն եւ ըստ հնա­րա­ւո­րին հու­րի տուին եկե­ղե­ցի­ներ, մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն­ներ, պան­դոկ­ներ, խա­նութ­ներ, տու­ներ…

Վեր­ջա­պէս անոնք «հող­մե­րու պէս ան­ցան վայ­րագ» եւ որ­պէս հետք թո­ղու­ցին իրենց ար­եան, հու­րի, սու­րի քան­դու­մի եւ սել­ճուք­եան ու թա­թա­րա­կան աւա­րի մշա­կոյ­թը:

Աւե­րակ դար­ձաւ շքեղ «Ատա­նան», բայց այ­սօր իրո­ղու­թիւնը եւ փաս­տը այն է, որ Քե­սապ աւե­լի քան 75 օրէ ի վեր ազա­տագր­ուած եւ այ­սօր «վե­րա­փոխ­ուե­ցաւ»:

Անց­նող 75 օրե­րուն, հա­կա­ռակ Սուր­իոյ պար­տադր­ուած տն­տե­սա­կան պա­շա­րու­մին, պե­տու­թիւնը, ի դէմ պա­տե­րազ­մա­կան վի­ճա­կին, գեր­մարդ­կա­յին ճի­գեր թա­փեց ամե­նա­կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին վե­րա­կանգ­նե­լու գիւ­ղիս են­թա­կա­ռոյ­ցը, որ­պէս­զի ամե­նա­կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցին ժո­ղո­վուր­դը վե­րա­դառ­նայ Քե­սապ:

Գիւ­ղիս ջու­րի մա­տա­կա­րար­ման ցան­ցի եօթ ելեկտ­րա­կան փո­խադ­րիչ­նե­րը գողց­ուած տար­ուած են:

Այժմ ջու­րի մա­տա­կա­րար­ման հա­մար կը գոր­ծէ աւե­լի հա­մեստ տի­զե­լով բա­նող մղիչ մը եւ մա­սամբ կը գո­հաց­նէ գիւ­ղիս կա­րիք­նե­րը:
15-20 օրե­րու ըն­թաց­քին վե­րա­կանգ­նե­ցաւ ելեկտ­րա­կան ցան­ցը, որ այժմ կը բա­ւա­րա­րէ գիւ­ղիս նոյ­նիսկ ծայ­րա­մա­սե­րը, այ­սինքն` վե­րա­կանգն­ուած է 95% տո­կո­սով:

Տա­սը օր­ուան ըն­թաց­քին վե­րա­կանգ­նե­ցան բջի­ջա­յին հե­ռա­ձայ­նի եր­կու ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն սար­քե­րը, որոնք այժմ կը գոր­ծեն ան­թե­րի:
Իսկ հե­ռա­ձայ­նա­յին երկ­րա­յին ցան­ցը, որուն պղին­ձէ թե­լե­րը (cable ) կ՛ար­ժէ­ին աւե­լի քան 50 միլի­ոն սուր­ի­ա­կան ոս­կի եւ գողց­ուած էին, վե­րա­կանգն­ման հա­մար (անոր զու­գա­հեռ նա­եւ հա­մա­ցան­ցը) աւե­լի եր­կար ժա­մա­նա­կի կը կա­րօ­տի (մին­չեւ Օգոս­տո­սի վեր­ջը):
Քանդ­ուած ճամ­բա­նե­րը եւս աս­ֆալ­թա­պատ­ուե­ցան:
Քե­սա­պի թա­լան­ուած շու­կան կի­սով կը բա­նի: Մի քա­նի տասն­եակ վա­ճա­ռա­տու­նե­րէն այ­սօր հա­զիւ տասն­եակ մը վե­րաց­ուած է եւ կը գոր­ծէ, կ՛ապա­հո­վէ քե­սա­պա­հա­յութ­եան (որուն 80% վե­րա­դար­ձած է) մթեր­քի կա­րիք­նե­րը, հա­ցը, բան­ջա­րե­ղէ­նը եւ վե­րա­կանգ­նու­մի կամ վե­րա­շի­նու­թեան կարգ մը անհ­րա­ժեշտ առար­կա­ներ, իրեր…

Սկ­սած են գոր­ծել կարգ մը ար­հես­տա­նոց­ներ (ատաղ­ձա­գործ, ապա­կե­գործ, կա­հա­գործ, եր­կա­թա­գործ…): Սկ­սած է գոր­ծել եր­կու դե­ղա­տուն: Եր­կու վա­ճա­ռա­տուն կ՛ապա­հո­վէ վա­ռե­լա­նիւ­թի` փու­թա­կա­զի շի­շե­րու կա­րիք­նե­րը:

Փու­ռը ցարդ չի գոր­ծեր, որով­հե­տեւ շէն­քը խարխ­լած է եւ ներ­սի գոր­ծիք­նե­րը կո­ղոպտ­ուած: Գիւ­ղա­պե­տա­րա­նը` հա­մա­պա­տաս­խան նա­խա­րա­րու­թեան վա­ւե­րա­ցու­ցած է նոր փուռ մը շի­նե­լու ծրա­գի­րը, որուն հե­տապն­դու­մը կը կա­տար­ուի հեւ ի հեւ: Հա­ցը կ՛ապա­հո­վեն վա­ճա­ռա­տու­նե­րը:

Գիւ­ղա­պե­տա­րա­նը իր առօր­եայ մաք­րու­թեան, աղ­բե­րու հա­ւաք­ման եւ այլ բնոյ­թի գոր­ծե­րը վե­րա­կազ­մա­կեր­պած է եւ հա­կա­ռակ գոր­ծիք­նե­րու սա­կա­ւու­թեան դրա­ցի գիւ­ղե­րու սար­քե­րու փո­խա­ռու­թեամբ կը գոր­ծէ ան­խա­փան:

Գիւ­ղատն­տե­սու­թեան պատ­կե­րին վրայ կանգ պի­տի առ­նենք աւե­լի եր­կար:

Երբ ժո­ղո­վուր­դը գիւղ վե­րա­դար­ձաւ պար­տէզ­նե­րու վի­ճա­կը ամէ­նէն անմ­խի­թար պատ­կե­րը կը պար­զէր:
Այ­գի­նե­րը խո­պան էին: Խո­տին բարձ­րու­թիւնը կ՛անց­նէր ծա­ռե­րուն բու­նը: Վախ կար, որ որե­ւէ կայծ կըր­նայ հր­դեհ յա­ռա­ջաց­նել, ի սպառ փճաց­նե­լով այ­գին:

Բեր­քը, Աստ­ուա­ծա­յին հրա­շա­գործ կար­գադ­րու­թեամբ առատ էր, թէ­եւ անմ­շակ: Առա­ջին հեր­թին վե­րա­հա­սու եղանք, որ դեղ­ձի առաջ­նեկ տե­սակ­նե­րը փճա­ցած են պտու­ղի ճան­ճի որ­դե­րու (fruit moth) պատ­ճա­ռաւ, սա­կայն ուշ հաս­նող սոր­թե­րը կա­րե­լի էր փր­կել: Մինչ պե­տու­թիւնը` գիւ­ղատն­տե­սա­կան նա­խա­րա­րու­թիւնը շտապ օգ­նու­թեամբ Քե­սա­պին կը տրա­մադ­րէր հինգ թրաք­թէ­օր, իր դեղ սրս­կե­լու կազ­մած­նե­րով, իսկ նիւ­թա­պէս հա­մե­մա­տա­բար կա­րող կարգ մը պար­տիզ­պան­ներ կ՛ապա­հո­վէ­ին դե­ղ սրըս­կող սար­քեր, իս­կոյն ժո­ղո­վուր­դը փոխն ի փոխ կը գոր­ծա­ծէր այդ սար­քե­րը եւ առա­ջին 15 օր­ուան ըն­թաց­քին կը յա­ջո­ղէր գէթ առա­ջին դե­ղե­րը սրս­կել:

Յա­ջորդ յաղ­թա­կան քայ­լը կ՛ըլ­լար գտն­ուած կամ նոր գն­ուած հո­ղը ճան­կո­տող փոքր թրաք­թէ­օր­նե­րով հո­ղե­րը հեր­կել` եր­բեմն վարձ­քով, դրա­ցի գիւ­ղե­րէն եւս նմա­նա­կերպ գոր­ծիք­ներ ապա­հո­վե­լով: Եւ ար­դէն մէկ ամս­ուան մէջ խո­պան եւ անմ­շակ կալ­ուած­նե­րուն 75-80% տո­կո­սը վե­րամ­շակ­ուած եւ բեր­քը կո­րուս­տէ փրկ­ուած էր:

Այս գոր­ծըն­թաց­ին նպաս­տե­ցին տու­նե­րու նախ­նա­կան եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մի օժան­դա­կու­թիւն­նե­րը, որոնք հի­նը ամ­բող­ջու­թեամբ վե­րագտ­նե­լու չէ­ին մի­տեր, այլ նե­ցուկ էին, որ քե­սապ­ցին իր աշ­խա­տան­քով (կ՛ընդգը­ծենք օժան­դա­կու­թեամբ, սա­կայն իր աշ­խա­տան­քով) վե­րագտ­նէ իր նախ­կին վի­ճա­կը, որուն հա­մար գու­ցէ մէկ տա­րեշր­ջա­նը կր­նայ բա­ւա­րար չ՛ըլ­լալ:

Խն­ձո­րի բեր­քը մեծ մա­սամբ առողջ պատ­կեր կը ներ­կա­յաց­նէ, բա­ցի քա­նի մը շր­ջա­նէ, ուր սն­կա­յին վա­րակ­ներ վնա­սած են բեր­քը:
Այս շր­ջա­նին, պե­տա­կան պա­տաս­խա­նա­տու կող­մե­րէն շր­ջանս այ­ցե­լե­ցին նախ նա­հան­գա­պե­տը (քա­նիցս), հետի­ոտն ման գա­լով, ժո­ղո­վուր­դին հետ առնչ­ուե­լով: Ան հե­ռա­տե­սի­լով կոչ ուղ­ղեց ժո­ղո­վուր­դին շու­տա­փոյթ վե­րա­դառ­նա­լու եւ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց ամէն տե­սակ օժան­դա­կու­թիւն տրա­մադ­րե­լու գիւ­ղի վե­րա­կանգ­նու­մին հա­մար:

Ապա ըն­դու­նե­ցինք Պա­աս կու­սակ­ցու­թեան Սուր­իոյ փոխ­կու­սակ­ցա­պե­տը, որ եւս տեսակցեցաւ ժո­ղո­վուր­դի տար­բեր խա­ւե­րուն հետ:
Երկ­րիս Խնա­մա­տա­րու­թեան նա­խա­րա­րը շուէ­տա­կան բա­րե­սի­րա­կան պատ­ուի­րա­կու­թիւն մը առաջ­նոր­դե­լով այ­ցե­լեց Քե­սապ, մինչ շուէ­տա­կան կող­մը յանձ­նա­ռու կ՛ըլ­լար վե­րա­կանգ­նե­լու Քե­սա­պի քանդ­ուած եւ կո­ղոպտ­ուած բուժ­տու­նը եւ անոր տրա­մադ­րե­լու անհը­րա­ժեշտ եւ արդ­ի­ա­կան տար­րա­լու­ծա­րան մը:

Կարօ Վ. Մանճիկեան

ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ.
ՎԵՐԱՓՈԽՈՒՄ ՔԵՍԱՊԻ

Շր­ջանս այ­ցե­լեց Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Բա­րե­ջան Առաջ­նոր­դ, Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան Շտապ Օգ­նու­թեան եւ Վե­րա­կանգ­նու­մի Մարմ­նի ատե­նա­պետ` Գե­րաշ­նորհ Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եան, գլ­խա­ւո­րե­լով Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը: Ասի­կա անոնց հին­գե­րորդ այ­ցե­լու­թիւնն էր քե­սա­պա­հա­յու­թեան չորս ամս­ուան ըն­թաց­քին: Անոր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը եղան տե­ղա­հան­ուած քե­սա­պա­հա­յու­թեան, Լա­թաք­իա: Առա­ջի­նը` առա­ջին շաբթ­ուան ըն­թաց­քին, իր հետ բե­րե­լով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի օժան­դա­կու­թիւնը, օրհ­նու­թիւնը եւ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներն ու աղօթք­նե­րը: Տե­ղին է յի­շել, որ Կի­լիկ­իոյ Ս. Աթո­ռի մի­ա­բա­նու­թե­նէն վե­հա­փառ հայրապետը քա­նիցս Լա­թաք­իա գոր­ծուղ­ղեց մի­ա­բան հայ­րեր, օժան­դա­կե­լու, զօ­րակ­ցե­լու, տեղ­ւոյն վրայ ծա­նօ­թա­նա­լու եւ Ս. Վե­հին տե­ղե­կաց­նե­լու ժո­ղո­վուր­դին վի­ճա­կը: Իսկ սր­բա­զան հօր միւս այ­ցե­րը եղան զօ­րակ­ցե­լու ժո­ղո­վուր­դին, ու­ժե­ղաց­նե­լու անոր վե­րա­դար­ձի կամքն ու յոյ­սը, ինչ­պէս նա­եւ զօ­րաց­նե­լու օժան­դա­կութ­եանց յանձ­անձման կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը:

Սա­կայն, սր­բա­զան հօր ազա­տագր­ուած Քե­սապ անդ­րա­նիկ այ­ցե­լու­թիւնը ու­նէր այլ բնոյթ:

Նախ, այ­ցը խօ­սուն եւ գոր­ծօն ար­տա­յայ­տու­թիւնն էր վե­րապ­րե­լու, վե­րա­դառ­նա­լու, վե­րա­կանգ­նե­լու իր յոր­դոր­նե­րուն եւ խրա­խու­սան­քին: Ան եւ շքա­խում­բը մօ­տէն սեր­տե­ցին Քե­սա­պի պա­տա­հած աւերն ու աւա­րը, այ­ցե­լե­լով անխ­տիր քե­սա­պա­հա­յու­թեան պատ­կա­նող եկե­ղե­ցի­ներն ու կա­ռոյց­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ ազգ. գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, պատ­շաճ աղօթք կա­տա­րե­լով այն­տեղ:

Սր­բա­զան հայ­րը տե­սակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ Քե­սա­պի ազ­գա­յին մար­մին­նե­րուն եւ վար­չու­թիւն­նե­րուն հետ, կազ­մա­կեր­պե­լով օժան­դա­կու­թիւն­նե­րու գոր­ծը, խրա­խու­սե­լով ժո­ղո­վուր­դը` վե­րա­կանգ­նե­լու իր ձգ­տու­մին մէջ: Այս այ­ցե­լու­թեան սր­բա­զան հօր կ՛ըն­կե­րակ­ցէր Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան Հա­մայն­քին փոխ հա­մայն­քա­պետ Քե­սա­պի զա­ւակ վե­րա­պատ­ուե­լի Սե­րոբ Մկր­տիչ­եան:

Սր­բա­զան հայ­րը երկ­րորդ ան­գամ Քե­սապ այ­ցե­լեց 25 Յու­լիս 2014-ին, հե­տե­ւե­ցաւ վե­րա­կանգ­նու­մի գոր­ծին, ինչ­պէս նա­եւ վե­րաօ­ծեց Գա­րա­տու­րա­նի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղե­ցին, ուր մա­տուց­ուե­ցաւ Սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րագ, սր­բա­զան հայ­րը իր պատ­գա­մով ու քա­րո­զով, յոր­դո­րեց ժո­ղո­վուր­դը, որ վե­րա­դառ­ա­նայ գիւղ, վե­րա­շի­նէ օճա­խը, փա­րած մնայ պա­պե­նա­կան հո­ղին, Կի­լիկ­իոյ այս պա­տա­ռին, վե­րա­կանգ­նէ դպ­րոցն ու եկե­ղե­ցին եւ վե­րա­կազ­մա­կեր­պէ իր տն­տե­սու­թիւնը:

4 Յու­լիս 2014-ին Քե­սապ այ­ցե­լեց նա­եւ Հայ Աւետ. Հա­մայն­քի Հա­մայն­քա­պետ Վեր. Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եան: Ան եւս աղօ­թեց հայ հա­մայնք­նե­րուն պատ­կա­նող եկե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ, փա­ռա­բա­նե­լու եւ փառք տա­լու Աս­տու­ծոյ Քե­սա­պի վե­րա­ազա­տագր­ման հա­մար: Վե­րա­պատ­ուե­լին իր զօ­րակ­ցու­թիւնը յայտ­նեց ժո­ղո­վուր­դին, երբ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Քե­սա­պի ազ­գա­յին­նե­րուն հետ եւ փո­խան­ցեց իր յոր­դոր­ներն ու թե­լադ­րանք­նե­րը:

Յի­շա­տակ­ման ար­ժա­նի է նա­եւ առաջ­նորդ սր­բա­զան հօր եւ վե­րա­պատ­ուելի­ին մի­ա­տեղ այ­ցե­լու­թիւնը, 25 Յու­լիս 2014-ին, յատ­կա­պէս սա­տա­րե­լու եւ զօ­րակ­ցե­լու քե­սա­պա­հա­յու­թեան, անոր վե­րա­կանգ­նու­մի, մա­քա­րու­մի գոր­ծին` բա­նիւ եւ գոր­ծով:

Սր­բա­զան հօր եր­րորդ այ­ցե­լու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ 15 Օգոս­տոս 2014-ին, Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ տօ­նին առի­թով: Սր­բա­զան հօր կ՛ըն­կե­րակ­ցէ­ին Տէր Մաշ­տոցԱ. Քհնյ. Արա­պաթլ­եան եւ Տէր Զա­րեհ Քհնյ. Շա­քար­եան:

Շա­բաթ երե­կոյ­եան, տե­ղի ու­նե­ցաւ վե­րաօ­ծու­մը Էս­կիւ­րա­նի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին մատ­րան, որ ինչ­պէս Քե­սա­պի հայ­կա­կան բո­լոր եկե­ղե­ցի­նե­րը եւս պղծ­ուած էր Քե­սա­պը բռ­նագը­րա­ւող զին­եալ­նե­րուն կող­մէ: Տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­եւ մա­տաղ­ցու խո­յե­րուն օրհ­նու­թիւնը:

Յա­ջորդ առա­ւօտ, Կի­րա­կի, 17 Օգոս­տոս 2014-ին, յետ ժա­մեր­գութ­եան տե­ղի ու­նե­ցաւ Սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րագ, օր­ուան պա­տա­րա­գիչն էր Քե­սա­պի Տէր Միւ­ռոն Քհնյ. Աւե­տիս­եան, Քե­սա­պի հո­գե­ւոր հո­վիւ: Դպ­րաց դա­սը կը ղե­կա­վա­րէր Տէր Զա­րեհ Քհնյ. Շա­քար­եան:
Պա­տա­րա­գի ներ­կայ հոծ բազ­մու­թիւնը, բաղ­կա­ցած քե­սապ­ցի­նե­րէ եւ հա­լէպ­ցի­նե­րէ, Քե­սապ էր` ներ­կայ գտն­ուե­լու Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ տօ­նի արա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն: Յետ պա­տա­րա­գին սր­բա­զան հայ­րը, պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նան եւ միւս քա­հա­նայ հայ­րե­րը դպ­րաց դա­սին եւ սար­կա­ւագ­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցութ­եամբ ուղղ­ուե­ցան մա­տա­ղի սեն­եա­կին առ­ջեւ, հնա­մե­նի հս­կայ սօ­սի ծա­ռին տակ, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղօրհ­նէք եւ խա­ղո­ղօրհ­նէք:
Սր­բա­զան հայ­րը ժո­ղո­վուր­դին ուղ­ղեց յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զը:

Ան նախ նշեց, թէ ապ­րե­լու կամ­քի ամե­նա­զօ­րա­ւոր ու ամե­նա­ջերմ դր­սե­ւո­րումն էր Քե­սապ գալ, առաջ­նոր­դել ժո­ղո­վուր­դը հոն եւ ան­պայ­ման տօ­նել Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ վե­րա­փոխ­ման տօ­նը, որ Քե­սա­պի հա­մար աւան­դա­կան եւ սա­կայն խո­րի­մաստ տօն է: Թէ­եւ ամէն տա­րի վե­րա­փոխ­ման տօ­նին կ՛ըն­կե­րակ­ցէր ժո­ղովր­դա­կան տօ­նախմ­բու­թիւնը աշ­խար­հիկ դի­մա­գի­ծով, սա­կայն վե­րաա­զա­տագր­ուած Քե­սա­պի Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ տօ­նը այս ան­գամ ու­նե­ցաւ զուտ եկե­ղե­ցա­կան եւ հո­գե­ւոր դի­մա­գիծ` որ Աս­տու­ծոյ, Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ վե­րա­փո­խու­թեան տօ­նին առի­թով, փառք տա­լու քե­սա­պա­հա­յու­թեան տուն եւ գիւղ վե­րա­դար­ձին:

Այս պատ­ճա­ռով խա­ղո­ղօրհ­նէ­քը, մա­տա­ղօրհ­նէ­քը, մա­տու­ռի օծումն ու Սուրբ եւ ան­մահ պա­տա­րա­գը այս տա­րի բա­ցա­ռա­բար ամ­փոփ­ուե­ցան մէկ` Կի­րա­կի օր­ուան մէջ, թէ­եւ նոյն վայ­րին եւ հնա­մենի ու Աստ­ուա­ծախ­նամ հս­կայ սօ­սի ծա­ռին տակ:

Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ վե­րա­փո­խու­մը, մահ­կա­նա­ցու մար­դուս ապ­րած աստ­ուա­ծա­հա­ճոյ կեան­քին հա­մար մե­ռել­նե­րէն վե­րա­նա­լու իմաս­տը կը պա­րու­նա­կէ իր մէջ: Յա­րու­թիւնը կը վե­րագր­ուի Յի­սուս Քրիս­տո­սի, սա­կայն կարգ մը մար­գա­րէ­նե­րու եւ Աստ­ուա­ծա­մօր եր­կինք բարձ­րա­նա­լու իրո­ղու­թիւնը կ՛ան­ուա­նենք վե­րա­փո­խում, որ կը նշա­նա­կէ, թէ աստ­ուա­ծա­հա­ճոյ մարդ­կանց մար­մին­նե­րը պի­տի վե­րա­կեն­դա­նա­նան, ինչ­պէս որ վե­րա­կեն­դա­նա­ցած է Քե­սա­պը այ­սօր:

Նոյն տօ­նին խա­ղո­ղօրհ­նէ­քը, որ­պէս Քրիս­տո­սի թա­փած ար­եան իմաս­տը կրող գինիի հիւ­թա­լի պտու­ղին օրհ­նու­թիւնը, իր մէջ կ՛ամ­փո­փէ կեան­քի շա­րու­նա­կու­թիւնը, ար­գա­սա­ւորու­մը, հա­սու­նու­թիւնը: Խա­ղող­օրհ­նէ­քի իմաս­տը կ՛ամ­բող­ջա­նայ, երբ պար­տիզ­պա­նը, այս պա­րա­գա­յին իր այ­գին ազա­տագր­ուած եւ վե­րագ­տած պար­տիզ­պա­նը, իր անդ­րա­նիկ բեր­քը կը նուի­րէ Աս­տու­ծոյ:
Սր­բա­զան հայ­րը վե­րո­յիշ­եալ իմաս­տով դի­մեց քե­սա­պա­հա­յութ­եան եւ հա­մայն սուր­ի­ա­հա­յու­թեան, որ կեան­քի շա­րու­նա­կու­թեան, հո­ղին եւ հայ­րե­նի­քին կառ­չած մնա­լու, հոն ապ­րե­լու կամ­քով շա­րու­նա­կեն իրենց կեան­քը:

Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ վե­րա­փոխ­ման տօ­նը խոս­տում­նա­լից է քե­սա­պա­հա­յու­թեան: Անոր հա­մար մե­ծա­գոյն տո­կո­սը վե­րա­դար­ձած է գիւղ: Կեան­քը հոն սկ­սած է եռալ, օրե­րը խոս­տում­նա­լից են: Անոր դի­մաց յա­ջոր­դող շա­բաթ­նե­րուն գծ­ուած են երեք պսակ­նե­րու թուա­կան­նե­րը, Սեպ­տեմ­բեր ամս­ուան կի­սուն դըպ­րոց­նե­րու վե­րա­մու­տը, բեր­քա­հա­ւա­քը: Այս է վե­րա­փո­խու­մը Քե­սա­պի, որուն հա­մար այս առի­թով քե­սա­պա­հա­յու­թիւնը փառք կու տայ Աս­տու­ծոյ, որ իրեն պար­գե­ւեց վե­րապ­րե­լու առիթն ու յոյ­սը:

Այս առի­թով քե­սա­պա­հա­յու­թիւնը երախ­տա­պար­տու­թեան խօսք ու­նի նախ իր հայ­րե­նի­քին, անոր ղե­կա­վա­րու­թեան, վսե­մա­շուք նա­խա­գա­հին, հայ­րե­նի բա­նա­կին: Երախ­տա­պարտ է իրեն զօ­րա­վիգ կանգ­նած հայ ժո­ղո­վուր­դին, անոր բո­լոր հատ­ուած­նե­րուն: Երախ­տա­պարտ է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին եւ Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան (Կ. վար­չու­թեան), որոնք առա­ջին օժան­դա­կող­նե­րը հան­դի­սա­ցան, երբ ան իբր տե­ղա­հան ոտք դրաւ Լա­թաք­իա եւ բազ­միցս Ս. Աթո­ռի մի­ա­բան­նե­րը գոր­ծուղղ­ուե­ցան ժո­ղո­վուր­դին մօտ, անոր հետ ըլ­լա­լու:

Երախ­տա­պարտ է քե­սա­պա­հա­յու­թիւնը Բեր­իոյ Հա­յոց Թե­մի Ազգ. իշ­խա­նու­թեան եւ անոր գլ­խա­ւո­րին, յան­ձինս` առաջ­նորդ սր­բա­զան հօր` Գերշ. Տ. Շա­հան Սրբ. Արք. Սար­գիս­եա­նին, որ ան­խա­փան, անն­կուն կամ­քով, տէր կանգ­նե­ցաւ իր ժո­ղո­վուր­դին եւ անոր հետ եղաւ ամէն քայ­լա­փո­խի եւ հանգր­ուա­նի:
Երախ­տա­պարտ է նա­եւ Վեր. Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եա­նին հա­մայն­քա­պետ Սուր­իոյ Հայ Աւետ. Հա­մայն­քի, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­կարգ եւ Լի­ա­զօր Դես­պան` Պրն. Ար­շակ Փո­լատ­եա­նին, որ եր­կիցս ներ­կա­յու­թեամբ եւ հե­ռա­կայ կա­պով միշտ մե­զի հետ եղաւ: Պրն. Տիգ­րան Գէ­որգ­եա­նին` Սուր­իոյ մէջ ( Հա­լէ­պի) Հ.Հ. հիւ­պա­տո­սին` նա­եւ Դա­մաս­կո­սի Հա­յոց Թե­մի Առաջ­նորդ` Գերշ. Ար­մաշ Սրբ. Եպս. Նալ­պանտ­եա­նին, որ Քե­սա­պի ազա­տագ­րու­թե­նէն ետք Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Դիւա­նա­գի­տա­կան անձ­նա­կազ­մին հետ, ապա նա­եւ, երկ­րորդ ան­գամ եկե­ղե­ցի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի «Հա­յաս­տան» կլոր սե­ղան հիմ­նադը­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Պրն. Կա­րէն Նա­զար­եա­նին հետ մի­ա­սին (որուն նա­եւ երախ­տա­պար­տութ­եան խօսք ու­նինք) եկաւ Քե­սապ, եղաւ պղծ­ուած եկե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ, աղօթք բարձ­րաց­նե­լով առ Աստ­ուած:

Երախ­տա­պար­տու­թեան խօսք ու­նինք Հոգ. Հայր Անդ­րա­նիկ Ծ. Վրդ. Այ­վազ­եա­նին, Առաջ­նորդ Ճա­զի­րէի Կա­թո­ղի­կէ Հա­յոց եւ բո­լոր այն անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն, որոնք եղան Լա­թաք­իա կամ Քե­սապ, հայ­կա­կան թէ օտար կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, վար­չու­թեանց, որոնք ճիգ ու նպաստ չխ­նա­յե­ցին տե­ղա­հան­ուած, ապա վե­րա­դար­ձած քե­սա­պա­հա­յու­թեան օժան­դա­կե­լու ու նպաս­տե­լու` բա­նիւ թէ գոր­ծով:

Երախ­տա­պարտ է քե­սա­պա­հա­յու­թիւնը, Սուր­իոյ վար­չա­պետ Ուա­էլ Հա­լաքի­ին, Հան­րա­պե­տու­թեան Մուֆթի­ին, Պա­աս կու­սակ­ցու­թեան Սուր­իոյ փոխ կու­սակ­ցա­պե­տին, առող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րին, Լա­թաք­իոյ նա­հան­գի ելեկտ­րա­կա­նու­թեան եւ ջու­րի ըն­կե­րու­թեանց եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան տնօ­րէն­նե­րուն, որոնք բո­լորն ալ այ­ցե­լե­լով գործ­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րով զօ­րակ­ցե­ցան Քե­սա­պին ու քե­սա­պա­հա­յու­թեան, օժան­դա­կե­ցին ժո­ղո­վուր­դին, Լա­թաք­իոյ կե­ցու­թեան եւ Քե­սապ վե­րա­դար­ձէն ետք ու հե­տա­մուտ եղան, որ Քե­սա­պը շու­տով վե­րա­կանգ­նի:

Քե­սա­պա­հա­յու­թիւնը երախ­տա­պարտ է Լա­թաք­իոյ ժո­ղո­վուր­դին, անոր մար­դա­սի­րա­կան եւ բա­րե­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, յատ­կա­պէս Կար­միր Մա­հի­կին եւ Յոյն Ուղ­ղա­փառ, Աւե­տա­րա­նա­կան եւ Կա­թո­ղի­կէ եկե­ղե­ցի­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ անոնց կող­մէ կա­տար­ուած օժան­դա­կութ­եանց: Քե­սա­պա­հա­յու­թիւնը երախ­տա­պարտ է մա­նա­ւանդ Լա­թաք­իոյ հա­յու­թեան, անոր Ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեան, բա­րե­սի­րա­կան բո­լոր միու­թիւն­նե­րուն, որոնք իրենց տու­նե­րուն` Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ, Նա­հա­տա­կաց վար­ժա­րա­նի եւ սր­տե­րուն դռ­նե­րը լայն բա­ցին տե­ղա­հան­ուած քե­սա­պա­հա­յու­թեան առ­ջեւ եւ օժան­դա­կու­թիւն կամ խնամք չխ­նա­յե­ցին:
Երախ­տա­պար­տու­թեան խօսք աշ­խարհաց­րիւ հա­յու­թեան, Լի­բա­նան, Պէյ­րութ, Այն­ճար, Արաբ. Էմի­րու­թիւն­ներ, Լոս Ան­ճե­լըս, Պոս­թոն, Եւ­րո­պա` Ֆրան­սա, Պել­ճի­քա, Անգըլ­իա, Գեր­ման­իա, Գա­նա­տա, Աւստը­րալ­իա եւ այ­լուր, մա­նա­ւանդ քե­սա­պա­հա­յե­րուն: Ձեր զօ­րակ­ցու­թիւնը եղաւ բա­նիւ եւ գոր­ծով:

Այս ան­կիւ­նա­դար­ձին Քե­սա­պի վե­րա­կանգ­նու­մը կը շա­րու­նակ­ուի:

Այդ տաս­տա­կոտ ճամ­բան եր­կար է տա­կա­ւին: Տա­կա­ւին ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան կա­ռոյց­նե­րը չեն վե­րա­կանգն­ուած: Տա­կա­ւին կի­սա­փուլ (այ­րած կամ քանդ­ուած) կը մնայ աւե­լի քան 70 կա­ռոյց ( տու­ներ եւ հաս­տա­տու­թիւն­ներ), որոնց վե­րա­կանգ­նու­մի հրա­մա­յա­կա­նը ընդգծ­ուած է քե­սա­պա­հա­յու­թեան առ­ջեւ:

Գիւ­ղատն­տե­սու­թիւնը տա­կա­ւին ամ­րապնդ­ման լայն կա­րիք­ներ ու­նի, ան պի­տի նպաս­տէ ժո­ղո­վուր­դին` հո­ղին ու գիւ­ղին կառ­չած մնա­լու հա­մար:

Գա­լիք մեր մէկ-եր­կու տար­ուան ըն­թաց­քին, վե­րա­կանգն­ուած տն­տե­սու­թեամբ, քե­սա­պա­հա­յու­թիւնը վե­րա­կանգ­նու­մի ցու­պը պի­տի եր­կա­րէ սուր­ի­ա­հա­յու­թեան այլ օր­րան­նե­րուն, մա­նա­ւանդ Հա­լէ­պին` զա­նոնք եւս վե­րա­փոխ­ուած եւ վե­րա­կանգնը­ւած տես­նե­լու տե­սիլ­քով:

Կարօ Վ. Մանճիկեան

20/10/201/