ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Վերջերս երկու հեղինակներ մտահոգ էին սուրիահայութեան օգնութեան հարցով. Զաւէն Խանճեան Հալէպի կեանքին մասին գիրք մը գրեց, իսկ Սիլվա Ճանոյեան-Մերճանեան իր բանաստեղծութիւններու գիրքին հասոյթը պիտի յատկացնէ սուրիահայութեան օգնութեան:

Օգոստոս 2012էն ի վեր, Զաւէն Խանճեան ատենապետն է շրջանիս Սուրիահայութեան զօրակցութեան միացեալ գործադիր մարմինին, որ բազմաթիւ անհատներէ եւ կազմակերպութիւններէ նուիրատուութիւններ հաւաքելով եւ Փասատինայի ու Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ համերգներ կազմակերպելով՝ 350 հազար տոլար ուղարկեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ սուրիահայութեան հաշուոյն: Անցեալ շաբաթ, 100 հազար տոլար եւս փոխանցուեցաւ այս նպատակով:

Խանճեանի հեղինակութեամբ «Հալէպ՝ Առաջին Կայարան, Մանկութիւն Ունեցո՛ղ Տղու Մը Յուշերը» հատորի գինեձօնը եւ մակագրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 3ին, կ.ե. ժամը 6ին, Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ, Իրանահայ միութեան կեդրոնին մէջ, 117 S. Louise St., Glendale, CA 91205:

Հատորը հալէպահայ կեանքի արտացոլումն է՝ իր մշակոյթով եւ սովորութիւններով. անիկա բարօր ժամանակներու հոն հասակ առած հեղինակի ընտանիքին, դրացիներուն, եկեղեցւոյ, ուսուցիչներուն եւ դասընկերներուն, ինչպէս նաեւ այցելած տեղերուն մասին յիշողութիւններու ու յիշատակներու հաւաքածոն է: Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն Չունեցող Մարդիկ»ի որբանոցներուն մէջ իրենց մանկութիւնը անցուցած սերունդին հակասութեամբ՝ Խանճեան գրած է անոր յաջորդող սերունդին մասին: Ասիկա հեղինակին երրորդ գիրքն է. նախապէս ան հրատարակած էր «Այս Տունը Քո՞ւկդ Է, Թէ Իմս»ը (2007ին)՝ Արեւմտեան Հայաստան այցելութենէն ետք, եւ բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ մը՝ «Սրտի Եւ Մտքի Ցոլքեր» (2010ին):

Հրանդ Աղպապեան պիտի ներկայացնէ հեղինակը, դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան պիտի ներկայացնէ հատորը, իսկ Լենա Պօզոյեան խօսք պիտի առնէ ՀՕՄի Արեւմտեան ԱՄՆի Շրջանային վարչութեան եւ Սուրիահայութեան օժանդակութեան մարմինին կողմէ:

Գինեձօնին մուտքը ազատ է: Ձեռնարկին ընթացքին պիտի կիրարկուի գեղարուեստական յայտագիր մը եւ հանրութիւնը առիթ պիտի ունենայ մակագրուած օրինակներ ստանալու: Գիրքը հրատարակուած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան մեկենասութեամբ:

Սիլվա Մերճանեանը իր «Uncoil a Night» («Գիշեր մը Քակտել») հատորը հրատարակած է Փետրուար 16ին, եւ գիրքին հասոյթը պիտի նուիրէ սուրիահայութեան, քանի որ ինք եւս ժամանակին ապրած է պատերազմի սարսափը: Մերճանեան իր ամուսնոյն եւ երկու մանչերուն հետ կ՛ապրի Օրենճ Քաունթի: Տոքթ. Շահնուր Եայլաեանը գծագրած է հատորին կողքը, իսկ գանատացի արուեստագէտ եւ գրող Փըտ Լիցը՝ հինգ գծանկարներով զարդարած է զայն:

Մերճանեանի գիրքը կարելի է ստանալ՝ այցելելով հետեւեալ կայքէջը՝ www.createspace.com/4113245:

Անգլերէնէ թարգմանուած պատառիկ մը՝ Մերճանեանի բանաստեղծութենէն. «Լուռ գիշեր, կը համարձակի՞ աւելին սպասել, բայց մերթ ընդ մերթ, միտքերս կը քակտեմ, յետոյ կը փաթթուիմ՝ յանգաւորելով հոգիիս հետ»:

Բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն ըմբոշխնելով ու զայն նուիրելով ձեր ընտանեկան պարագաներուն եւ բարեկամներուն՝ օգնած պիտի ըլլաք կեանքի դժուարին պայմաններու մէջ յարատեւող մեր սուրիահայ եղբայներուն եւ քոյրերուն:

Սուրիոյ հայութեան զօրակցութեան միացեալ մարմինի անդամները հետեւեալներն են՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: Համացանցի հասցէն է՝ www.SyrianArmenianReliefFund.org:

«ԱՍՊԱՐԷԶ», 20 Փետրուար 2013