asbarez.com _ ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական Ցեղասպանութեան տարիներուն, Հալէպի «Փրկութեան տուն»ին մէջ պահուած հայերուն պատկանող փաստաթուղթերը եւ նիւթերը թարգմանուած եւ հրատարակուած են թրքերէնով:

Այս տեղեկութիւնը հաղորդած «Ակօս» թերթը կ՛աւելցնէ, թէ գիրքը հրատարակուած է «Հալէպի Ապաստարան 1922-1927» խորագիրով, իսկ հրատարակիչն է «Ալֆա» հրատարակչատունը:

Հալէպի «Փրկութեան տուն»ը հիմնադրուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան տարիներուն, օգնելու համար Ցեղասպանութեան ընթացքին որբացած բազմաթիւ հայ երեխաներու, որպէսզի գտնեն իրենց ազգականները եւ միանան իրենց ընտանիքներուն:

17/10/2014