aztagdaily.com – Երեքշաբթի, 16 սեպտեմբերը վերամուտն էր Դամասկոսի Ազգային միացեալ վարժարանին համար, որ իր դռները բացաւ դամասկահայ աշակերտներուն իր երեք բաժիններով` մանկապարտէզ, նախակրթարան եւ միջնակարգ, որ 2013 տարեշրջանին իր առաջին հունձքը ունեցաւ ապահովելով փայլուն արդիւնքներ:

Վարժարանի աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կը կազմէ 227 աշակերտ, որոնցմէ 128-ն հայեր են, եւ կը պաշտօնավարեն 39 պաշտօնեաներ, որոնցմէ 19-ն հայ պաշտօնեայ-ուսուցիչներ են:

Վարժարանը երկու տարիէ ի վեր կը գործէ իր նախկին շէնքին մէջ, որ կը գտնուի մայրաքաղաքի կեդրոնի Սալհիէ թաղամասը: Յայտնենք, որ վարժարանը իր նորակառոյց շէնքով կը գործէր Դամասկոսի արուարձան Մլեհայի մէջ, սակայն վերջին երկու տարիներուն ընթացքին շրջանը մարտերու բեմ դառնալէ ետք անիկա վերադարձաւ նախկին շէնք:

Նշենք նաեւ, որ Դամասկոսի մէջ կը գործեն նաեւ Հայ կաթողիկէ «Փարոս» վարժարանը եւ «Լոյս» ճեմարանը, Ազգային «Սահակեան Կիւլլապի Կիւլպենկեան» միջնակարգ դպրոցը եւ Ազգային Թարգմանչաց Ճեմարանը, որոնք նոյնպէս իրենց դռները բացին հայ եւ արաբ աշակերտներուն դիմաց:

Ըստ պաշտօնական տուեալներուն, Սուրիոյ մէջ մօտ 4.5 միլիոն աշակերտ դպրոց պիտի յաճախեն այս տարեշրջանին:

Պէտք է նշել, որ վերջին օրերուն, իրականացնելով զինեալ խմբաւորումներու սպառնալիքները, Դամասկոսի կեդրոնի թաղամասերը, ինչպէս` Սալհիէ, Ապու Ռումմանէ, Քուսուր եւ այլն կ՛ենթարկուին հրասանդներու եւ հրթիռներու տարափի, որուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ, որոնց շարքին հայ վիրաւորներ չկան, սակայն նիւթական վնասներ կրեցին դամասկահայերու կարգ մը բնակարանները: