PERIO NEWS/fb/ Սուրիոյ պատերազմական վիճակին մէջ Հալէպ երկու տարի շրջափակուած մնալէ ետք, եւ Հալէպէն դուրս ելլելու ճանապարհները անապահով եւ վտանգուած ըլլալուն պատճառով Հալէպցիք չէին կրցած իրենց քաղաքէն շարժիլ, սակայն 2014-ի ամառը Հալէպէն դէպի արտաքին աշխարհ դուրս ելլելու ճամբան (անշուշտ ցամաքով միայն) քիչ մը աւելի ապահով ըլլալով Հալէպցիք կրցան դուրս գալ իրենց քաղաքէն՝ ճնշուածութենէն:
Արդարեւ, Հալէպի հայութիւնն ալ իր կարգին օդափոխութեան պատճառով կրցած էր Հալէպէն դուրս գալ, ըլլայ Սուրիոյ տարածքին գտնուող աւելի ապահով շրջաններ, կամ Սուրիայէն դուրս՝ Լիբանան, Հայաստան եւ այլուր:
Նկատի առնելով, որ 2014-2015 ուսումնակրթական տարեշրջանի վերամուտը պիտի սկսի երկուշաբթի 15 սեպտեմբեր 2014-ին, առ այդ, Հալէպի հայերը կը վերադառնան իրենց քաղաքը եւ նոր խանդավառութեամբ ու կորովով կը շարունակեն իրենց կեանքը:
Հալէպ, թէեւ պատերազմական իրավիճակէն մեկնած կը մնայ անապահով եւ հոն կան բազմաթիւ խնդիրներ՝ ջուրի, ելեկտրականութեան, կենցաղային կամ տնտեսական բայց վերադառցողներու վկայութեամբ «Հալէպը կը մնայ աւելի հեշտ, տնտեսական, ընկերային եւ զանազան առումով»: Անոնք կը հաստատեն, թէ «ապահովութիւնը եթէ վերականգնի շատեր Հալէպ պիտի վերադառնան»: