aztagdaily.com – «Կը Հաւատամ, Որ Մեր Գիտակցութեամբ, Համահայկական Ճիգերով, Ազգային Ճիշդ Քաղաքականութեան Որդեգրումով Սուրիահայութիւնը Կանգուն Պիտի Մնայ» Կ՛ըսէ Զարմիկ Պօղիկեան

Հարցազրոյցը վարեց ԼՈՌԻԿ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ-ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ

«ԱԶԴԱԿ».-Նախորդ շաբաթներուն Լիբանան կը գտնուէր Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը, որուն հետ «Վանայ Ձայն» կատարեց հարցազրոյց մը` սուրիահայութեան այսօրուան վիճակին, դիմագրաւած դժուարութիւններուն, կենցաղային հարցերուն եւ թերթին գոյատեւման մասին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցին հիմնական բաժինները:

«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Կ՛ուզեմ ժողովուրդին երախտագիտութիւնը յայտնել ձեզի ձեր տարած աշխատանքին համար, կը հաւատամ, որ պէտք է աղօթենք ձեզի համար, որպէսզի կարենաք շարունակել: Գիտենք, որ այսօր հալէպահայութիւնը դժուար պայմաններու մէջ կ’ապրի, ինչպէ՞ս կը տոկայ ու կը շարունակէ:

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ.- Սուրիահայութիւնը եւ մասնաւորաբար հալէպահայութիւնը այսօր կը տոկան, թէեւ անբնական պայմաններու մէջ կ՛ապրին: Երեք տարիէ ի վեր Հալէպի մէջ ապահովական, կենցաղային շատ ծանր վիճակ կը տիրէ, բայց վերջին ամիսներուն վիճակը շատ աւելի ծանրացաւ, մեզի համար աւելի վատ կացութիւն կը ստեղծուի, յատկապէս երբ շարունակ կորուստներ կ՛ունենանք, անմարդկային դէպքեր կը պատահին, հրթիռներ կ՛իյնան անկանխատեսելի կերպով, եւ մարդիկ զոհ կ՛երթան: Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնան կենցաղային ծանր պայմաններ` ջուրի, ելեկտրականութեան, սղաճի, մէկ խօսքով` մարդկային անտանելի վիճակ, եւ հակառակ այս բոլորին` տակաւին կը գոյատեւենք, որովհետեւ հալէպահայը իր բարոյական կորովը բարձր պահած է եւ անկումի չէ ենթարկուած, օրինակ` ամէնէն չքաւորն անգամ կը ջանայ ամէն կերպով իր օրապահիկը ապահովել եւ ձեռք չերկարել մէկուն` իր արժանապատուութիւնը բարձր պահելով…

http://www.aztagdaily.com/archives/201917