KANTSASAR/fb/ – Շաբաթ, 30 Օգոստոս 2014-ին տեղի ունեցաւ Հալէպի Կիրակնօրեայ դպրոցի վերամուտը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեանի, արժանապատիւ քահանայ հայրերու, ազգ․ վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ 225 աշակերտ-աշակերտուհիներու։
Այս առթիւ տեղի ունեցաւ «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը» խորագիրը կրող գիրքին շնորհահանդէսը։