30 Յուլիս 2014ին ինկած հրասանդի բեկորներուն պատճառած վէրքերէն ազդուած` իր մահկանացուն կնքեց Արաքսի Արուշեանը (նոյն հրասանդի բեկորներէն զոհուած Ազնիւ Արուշեանի քոյրը):
Արդ 30 Յուլիս 2014ին ինկած հրասանդներուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն եւ վիրաւորներուն պատկերը հետեւեալն է.-
Զոհեր
Սոնա Պալըքեան (1960ի ծնունդ)
Ազնիւ Արուշեան-Մինասեան (1979ի ծնունդ)
Արաքսի Արուշեան-Խաչատուրեան (1984ծնունդ)
Գէորգ Գալըմճեան (1957ի ծնունդ)
Վիրաւորներ
Գէորգ Թաշճեան
ՌաՖՖի Այվազեան
Յովհաննէս Այվազեան
Յակոբ Յակոբեան
Արուշեան քոյրերուն թաղմանական կարգը պիտի կատարուի Հինգշաբթի 31 Յուլիս 2014ին, կէսօրուան ժամը երեքին, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ Գէորգ Գալըմճեանին թաղմանական կարգը` Ուրբաթ 1 Օգոստոս 2014ին, կէսօրէն ետք ժամը 6ին, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Մարիա Գաբրիէլեան
Հալէպի Լրատուական Գրասենեակ