Քաշաթաղի շրջանի վերաբնակեցման վարչութեան պետ Ռոպերթ Մաթեւոսեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ կը գրէ. «Հաշուած ժամեր յետոյ Քաշաթաղի շրջանէն կամաւորներու երկրորդ խումբը կը մեկնի հայ-ատրպէյճանական սահման՝ զօրակցելու մեր դիրքապահներուն:

Ինչպէս նախորդ խումբերու մէջ, այս խումբի մէջ նոյնպէս, կան հարուստ մարտական կենսագրութիւն ունեցող ազատամարտիկ-վեթերաններ: Երկրորդ խումբի հետ մեր հայրենիքի սահման կը մեկնեն նաեւ քաշաթաղցի սուրիահայեր՝ Ժիրայրը, Վարդանը, Հրաչը, Մհերը…

http://www.yerakouyn.com/