KANTSASAR/fb/Հալէպի թէժ մարտերու ժամանակ, Հալէպաբնակ Շանթ Յովհաննէսեան իր կնոջ եւ երեխայի հետ կը տեղափոխուի Քեսապ՝ աւելի ապահով ըլլալու համար:

Մարտ 21-ին Քեսապի վրայ յարձակման ժամանակ, ան իր կինն ու երեխան կը դնէ Լաթաքիա տեղափոխող հանրակառքի մը մէջ եւ ինք Քեսապ կը մնայ:

Մօտ չորս ամիսէ ի վեր Շանթի մասին տեղեկութիւններ չկային: Միայն օրեր առաջ, անոր անշնչացած մարմինը գտած է իր կինը, իրենց տան բակին մէջ՝ նոր յայտնուած բլուրին տակ թաղուած։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին յայտնած են Շանթին հարազատները։

Մասնագէտները յայտնած են, որ Շանթ Յովհաննէսեան սպաննուած է 100 օր առաջ, բերնի մէջ ստացած կրակոցի հետեւանքով։
Շանթ Յովհաննէսեանի հարազատները, Յուլիս 22-ին Երեւանի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւն կազմակերպեցին հանգուցեալի հոգիի խաղաղութեան համար։