aztagdaily.com – «Ակօս» կը հաղորդէ, որ Քեսապ վերադարձած է թուրք-սուրիական սահմանի թրքական կողմը գտնուող հայկական Վաքըֆ գիւղին մէջ գտնուող քեսապահայերու վերջին խումբը:
Միայն վեց քեսապահայեր փաստաթուղթերու բացակայութեան պատճառով մնացած էին Վաքըֆ գիւղին մէջ: Մէկուկէս ամսուան սպասումէ ետք վերջապէս վերադարձած են Քեսապ:
Նշենք, որ 15 յունիսին Քեսապի վերագրաւուելէն ետք Լաթաքիոյ մէջ ապաստանած քեսապահայերը սկսած էին վերադառնալ իրենց պապենական օրրանը: